image

Սկիւտարի քաղաքապետ Սինէմ Տետեթաշ մասնակցած է Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած ձեռնարկին

Սկիւտարի քաղաքապետ Սինէմ Տետեթաշ մասնակցած է Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած  ձեռնարկին

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ջանքերով նախատեսուած՝ «Մշակոյթի եւ գեղարուեստի զրոյցներ»ու ծիրէն ներս Գուզկունճուքի պատմութեան եւ ընդհանուր դրուածքին նուրիուած ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ Սկիւտարի քաղաքապետ Սինէմ Տէտէթաշ եւ անոր ընկերակցող՝ քաղաքապետարանի պատասխանատուներ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը ամառնային եղանակի «արձակուրդային շրջան»էն ետք վերսկսաւ մշակութային իր ձեռնարկներուն։

Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ Թաղականութիւնը այս տարեսկիզբէն ձեռնարկած էր «Մշակոյթի ու արուեստի զրոյցներ» կարգախօսով հրապարակային զրոյցներու շարքին։ Ահաւասիկ այս շրջագծով հերթական զրոյց-ասուլիսը տեղի ունեցաւ 2 Նոյեմբեր Շաբաթ, կէսօրուայ ժամերուն։ Թաղային Խորհուրդէն անդամներ, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Մասիս Գույումճուի, տանտիրոջ հանգամանքով հիւրընկալեցին մշակութասէրները։

Բանախօսն էր հետազօտող-պատմաբան Հանրիէթ Թօփուզեան-պասօղլու, իսկ զրոյցը կը վարէր գրագիտուհի Պէրքէն Տէօնէր։ Մշակութասէր ներկաներուն համար հետաքրքրական էր Գուզկունճուք թաղը ճանչնալ իր հարուստ անցեալով ու փոքրամասնական բնակիչներով, որոնց թիւը սակայն ներկայիս հազիւ քանի մը տասնեակի կը հասնի։ 

Սկիւտարի քաղաքապետ Սինէմ Տետեթաշ անակնկալ մը մատոյց, ժամանելով եկեղեցի եւ ներկայ գտնուելով այս ուշագրաւ ձեռնարկին։ Իրեն կ'ընկերանային Գուզկունճուքի թաղապետն ու այս թաղէն ընտրուած երեսփոխանը։

Բանախօսն ու զրուցավարը պատմական եւ մշակութային հարուստ տեղեկութիւններով համեմուած ասուլիս մը ներկայացուցին ներկաներուն, զանոնք հաղորդ դարձնելով Գուզկունճուքի անցեալի ու ներկային հետ։ Հետաքրքրական էր լսել Գուզկունճուքի բնակիչներէն Մարկրիթ Աթմաճայի մօր՝ Ողբ. Վարսեն Օրունճաքճիէլի կեանքէն ուշագրաւ դրուագներ։ Մարկրիթ Աթմաճա պատմեց որ իր մայրը թաղի հրեայ բնակիչներուն սորվեցուցած էր լոլիկի թացան (սալչա) պատրաստելու ձեւը, Պօղոս Պապիկօղլու պատմեց որ Գոց շուկային մէջ իր աշխատանոցը կը գտնուէր քառայարկ շէնքի մը վրայ, ուր բոլոր յարկերուն վրայ տարբեր ազգերէ մարդոց աշխատատեղիները կային։ Ինք կը սկսէր «շալօմ»ով ու կը շարունակէր յունարէն «քալիմերա», «մերհապա» եւ հայերէն «բարի լոյս»ով ողջունել գործատէրերը կամ աշխատողները։

Հրապարակային զրոյցը շարունակուեցաւ կեդրոնանալով դէպքերու վրայ, որոնք Գուզկունճուքէն «հեռացուցին» փոքրամասնական բնակիչները։ Հանրիէթ Պասօղլու եւ Պէրքէն Տէօնէր յիշեցին Ունեւորութեան տուրքը, 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը, որոնք միայն Թաքսիմի ու շրջակայքի վրայ չտարածուեցան, այլ թաղերու մէջ եւս պատահեցան անբաղձալի իրադարձութիւններ, յիշեցին 1964ի որոշումը, որով աւելի քան 12 հազար յոյներ միայն 20 քիլօ անձնական ապրանքներով ու 200 լիրայով արտաքսուեցան, իսկ անոնց դրամական հաշիւներուն վրայ արգելք դրուեցաւ։ Այս յոյներէն շատերը թրքահպատակ յոյներու հետ ամուսնացած էին, ուստի ընտանիքներով միասին ստիպուեցան լքել Թուրքիան։ Գուզկունճուք, որ մինչեւ մօտիկ անցեալ, ընդհանրապէս բնակեցուած էր հրեաներով, յոյներով ու հայերով, կամաց-կամաց կորսնցուց իր նախկին դիմագծութիւնը։ 

Ձեռնարկը մեծապէս տպաւորեց ներկաները, հետաքրքրական փակագիծեր բանալով անցեալի պատմութեան էջերուն վրայ։

Աւարտին, Թաղային Խորհուրդը ընդունելութիւն մը սարքեց, առիթ ստեղծելով որ ներկաներ մտերմիկ զրոյցներով քննարկէին իրենց լսածները։

Կը շնորհաւորենք թէ՛ մասնակիցները, թէ՛ կազմակերպիչները։