image

Էրտողան դատ բացած է Պոլսոյ քաղաքապետին եւ ընդդիմութեան առաջնորդին դէմ 

Էրտողան դատ բացած է Պոլսոյ քաղաքապետին եւ ընդդիմութեան առաջնորդին դէմ 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) առաջնորդ Օզկիւր Օզելի եւ անոր կուսակից, Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի դէմ՝ իր հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելու համար: Որպէս բարոյական փոխհատուցում ՝ ան իւրաքանչիւրէն պահանջած է 1 միլիոն թրքական լիրա (29 հազար տոլար)։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «A Haber» հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով Էրտողանի փաստաբան Ահմետ Օզելին։

Հայցերու համար առիթ դարձած են հոկտեմբեր 31-ին Իսթանպուլի մէջ Էրտողանի հասցէին հնչած յայտարարութիւնները՝ կապուած տեղական ինքնակառավարման մարմնի ղեկավար, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան անդամ Ահմետ Օզերի ձերբակալութեան հետ (Օզերին ահաբեկչութեան մեղադրանք առաջադրուած է): Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդը Էրտողանը անուանած է «բռնապետ», իսկ Իսթանպուլի քաղաքապետը յայտարարած է, որ իշխանութիւնները նման գործողութիւններով մութ նպատակներ կը հետապնդեն: Մեկնաբանելով Էրտողանի որոշումը՝ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդը յայտարարած է, որ այլ բան չէր ալ սպասէր։

Էսենիւրթի տեղական ինքնակառավարման մարմնի ղեկավար Ահմետ Օզերը ձերբակալուած է հոկտեմբեր 30-ին։ Իրաւապահները կը պնդեն, թէ ան բազմաթիւ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Անգարայի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակուող Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար օղակի ներկայացուցիչներու հետ: Նոյն օրը ան կալանաւորուած է քրէական օրէնսգիրքի «մասնակցութիւն զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութեան» յօդուածի հիման վրայ եւ հեռացուած պաշտօնէն: