«Քորոնա» վարակի արագ տարածման հետեւանքով Քուէյթի առղջապահութեան նախարարութիւնը հրպարակած է որոշում, որու հիմամբ երկրի տարածքին գործող բոլոր վարժարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները։
Քուէյթի մեր աղբիւրին համաձայն երկրին մէջ գործող վարժարաններու շարքին է նաեւ Քուէյթի «Ազգային վարժարան»ը, որ նոյնպէս փակ պիտի պահէ իր դռները։
Կը նշուի նաեւ, որ վարժարանները փակ պիտի մնան մինչեւ յառաջիկայ 12 մարտը։
Յիշեցնենք, որ այսօր հրապարակուած տուեալներուն համաձայն Քուէյթի մէջ «Քորոնա» վարակը կրողներուն թիւը հասաւ 26-ի։
Պետական մարմիններ կարեւոր քայլեր կ՚իրականացնեն հեռու պահել երկիրը ընդհանուր համաճարակային վիճակի մը մէջ յայտնուելու վտանգներէն։