image
Հրատապ լուրեր:

Միջազգային մամուլի արձագանգը Սենատի հայանպաստ որոշումին

Միջազգային մամուլի արձագանգը Սենատի հայանպաստ որոշումին

ԱՄՆ Սենատը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը՝ հակառաակ այն խանգարելու Թուրքիոյ նախագհ Էրտողանի բոլոր ջանքերուն։ Այս մասին կը գրեն համաշխարհային ԶԼՄ-ները։

Համարեայ բոլոր թերթերու ու գործակալութիւններու հրապարակումներուն մէջ ընդգծուած է, որ Սենատի կողմէ բանաձեւի ճիշդ հիմա ընդունումը կապուած է Թուրքիոյ վարքագիծի հետ։

Ինչպէս կը նշէ AFP-ը, մինչ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը Սենատը հաւանութեան արժանացուցած էր Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները։ «Օրէնսդիրները մարտահրաւէր նետեցին Թրամբին, որպէսզի ան հաւանութիւն տայ Ցեղասպանութեան բանաձեւին, թէեւ անոր պաշտօնական ստորագրութիւնը չի պահանջուիր»,- յայտնած է գործակալութիւնը։

AFP-ը մէջբերած է քոնկրէսական Ատամ Շիֆին, որ յայտարարած է, թէ Քոնկրէսը միաձայն համամիտ է, որ Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնն ըսուի։ «Եկած է ժամանակը, որ նախագահը միանայ»,- յայտարարած է ան։

Bloomberg-ի մէջ յօդուածի հեղինակ Տենիէլ Ֆլեթլին նոյնպէս կը կարծէ, որ բանաձեւն ընդունուած է Թուրքիոյ հետ լարուած յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։ Փաստաթուղթը, անոր խօսքերով, ընդունուած է՝ հակաառակ Պետական բաժանմունքի կողմէ դիմակայութեան եւ այն մտավախութիւններուն, որ այն աւելի կը բարդացնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։

Բրիտանական The Guardian-ը նոյնպէս կը գրէ, որ Թուրքիան երկար ժամանակ կ'օգտագործէր ՆԱԹՕ-ի մէջ դաշնակից ըլլալու լծակը եւ կը սպառնար երկկողմ յարաբերութիւններու համար հետեւանքներով։ «Հինգշաբթի օրը Թրամբն անկարող էր Սենատի մէջ իր կողմնակիցներէն ոեւէ մէկուն համոզել հանդէս գալ անոր դէմ»,- ըսուած է յօդուածին մէջ։

The Washington Post-ը նոյնպէս կը կարծէ, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները մեծ հիասթափութիւն առաջացուցած են Քոնկրէսի մէջ՝ նոր խթան հաղորդելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի վերակենդանացման ջանքերուն։ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը աշխոյժ լոպպիի թեմայ էր տասնամեակներ շարունակ, այն պարագային երբ Թուրքիան օրէնսդիրները, ազգային անվտանգութեան խորհրդականները կը համոզէր այդ փաստաթուղթի դէմ հանդէս գալ»,- գրած է թերթը։

Սակայն, հակառակ ընդունուած փաստաթուղթի հանդէպ լկտի քաղաքական մօտեցման, շատ լրատուամիջոցներ չեն կրցած շրջանցել նաեւ զգացմունքային բաղադրիչը։ Յատկապէս նշուած է ոչ միայն հայկական լոպպիի, այլեւ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի ջանքերը, որուն համար այս յաղթանակը յատկապէս կարեւոր էր։

«Մենենտեսը չկրցաւ թաքցնել զգացմունքները՝ ըսելով․ «Ես երախտապարտ եմ, որ այս բանաձեւն ընդունուեցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ կան ցեղասպանութենէն ետք վերապրածներ, եւ անոնք կրնան տեսնել, որ Սենատը կը ճանչնայ, թէ ինչի մէջէ անցած են իրենք»,- գրած է CNN-ը։

«Նիւ Ճըրսիէն դեմոկրատը յուզուեցաւ, երբ կը պատմէր Ցեղասպանութեան սարսափներու մասին»,- նշած է USA Today-ը։