image

Ամերիկեան 3 նահանգներ հրոյ ճարակ դառնալու վտանգի տակ են...

Ամերիկեան 3 նահանգներ հրոյ ճարակ դառնալու վտանգի տակ են...

 Սեդա   Գրիգորեան  կը գրէ ՝

 

 

....Անտառները կ՛այրին եւ նաեւ անտառամերձ տուներն ու կառոյցները... Փասատինա քաղաքը 7-8 մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի հրդեհի վայրէն, (9-10 վայրկեան-րոպէ- ինքնաշարժով) անտառածածկ լեռներ ունի, կանաչապատ եւ վեհանիստ, բայց եւ ենթակայ բռնկումներու... այս պահուն համատարած ծուխի մէջ է քաղաքը, մանաւանդ լեռներու մօտ բնակարանային թաղամասերը... ծուխն ու հոտը, երկինքէն տեղացող մոխիրը եւ մօտալուտ վտանգին սարսուռը պատած է Փասատինայի բնակիչներուն տուները, գործատեղիները, ինքնաշարժներն ու հոգիները...

Աչքերու այրուածք, գլխու ցաւ, հոսող քիթ ու բերան, շնչառութեան դժուարութիւն... ասոնք առկայ են բոլոր վտանգուած շրջաններու բնակիչներուն համար, մէկը անոնցմէ՝ Փասատինան, որուն երկնակամարը այս պահուն սպիտակ ծուխի մէջ է, արեւն ալ ամբողջութեամբ խեղդուած է...

California, Oregon, Washington... Ամերիկեան 3 նահանգներ հրոյ ճարակ դառնալու վտանգի տակ են...

Մեր այսօրը ցաւցնող իրողութիւններով լեցուն է... համաճարակային ժահրէն, արկածներէն եւ հրդեհներէն մահացողներու թիւն ալ բարձրացում կ՛արձանագրէ... ա՛լ չհաշուած աշխարհի միւս կողմի աղէտահարները...

Մեր այսօրը 2020ի անողոք արհաւիրքներուն, ծանրակշիռ իրադարձութիւններուն, տեղական ու շրջանային մեծ պատերազմներու, բնական աղէտներու եւ մարդկային կորուստներու վշտահար իրողութեանց տիրապետութեան տակ կը հծծէ ... Աստուած հասնի Երկիր մոլորակի օգնութեան....