Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի առթիւ
Այդ օրերուն ալ Մայիս էր եւ հայոց աշխարհէն ներս կռիւ կար։ Կռիւ՝ կենաց ու մահու։ Ու ոչ միայն կռիւ, այլ մշտապէս մաքառում, պայքար, յանուն մարդկային սրբազան իտիալին՝ որ կը կոչուի ազատութիւն, որովհետեւ հայը իր ծնունդէն ի վեր լիովին ըմբռնած էր իմաստը ի՛ր արեան եւ ի՛ր անկախութեան։
Ըսի կար մահ եւ ժամանակները չար էին եւ հայոց երկնքի արեւը փոխուած էր։ Մթագնած։ Այդ օրերուն էր, որ մեր ցեղին դիմաց ցցուած էին վճռական պահեր։ Սոսկում ազդող եւ մահացու։
Այս բոլորը ամէն բանէ առաջ մեզի մտածել կու տան, թէ ո՞վ է այս հայը, որ սովորա-.կան անհատ մը ըլլալով հանդերձ, է՛ նաեւ իր իսկ իւրայատուկ նկարագրով արտա-սովոր ներկայութիւն մը, այս երկրագունդին վրայ։
Հայը ո՞վ է, յաճախ ես ինծի ալ հարց կու տամ շուարած։ Ու իբրեւ պատասխան պիտի ես ինծի պիտի ըսեմ, որեւէ անհատ, նոյնիսկ պարզապէս երբ կ՚էջադրէ մեր պատմու-թիւնը, պիտի հաստատէ, որ հայ ըլլալը թէեւ բարդ է եւ սակայն հայ մնալը՝ առաւել դժուար։
Այլ խօսքով հայ ըլլալը հերոսական բան է։ Ճակատագիր է եւ դարերէն հասնող հրամայական պատգամ։
Հայը՝ պայքարող է։ Անցեալ մը ունի տառապանքով լի եւ սակայն յաւերժութեան հետ խառնուած։ Ազատ եւ անակխ հայրենիքի սէրը իրեն հմար միայն հայրենասիրութիւն չէ, այլ նաեւ ազգային արժանապատուութիւն։
Ազատ եւ անկախ հայրենիքի մը տէրը դառնալը իր դարաւոր իր երազը եղած է միշտ։ Հայկ նահապետէն ժառանգած է այսպէս ազատ ապրելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու իր այս անկրկնելի նկարագիրը։
Հայը, այս այն անհատն է, որ կեանքէն սորված է տառապանքի լեզուն եւ որ իրեն համար հայրենի հողն ու մայրենի լեզուն վերապրումի գործիքներ են։
Հայը՝ միշտ արարող ու կառուցող եղած է եւ որ յաճախ իր կեանքի գնով ստիպուած եղած է ամէն անգամ պաշտպանել իր ստեղծածը։
Ան նաեւ եղած է յամառ, սակայն՝ հայրենասէր։ Ազգասէր, եւ նոյնքան ալ անհաշտ։ Իր մէջ վառ կը մնացած է սրբազան խորհուրդի մը անմահութիւնը։
Խաղաղասէր քրիստոնեայ ըլլալով ան եղած է նաեւ ստեղծարար մշակ, բայց երբ դանակը ոսկորին հասած է, հերոսամարտերու դիմած է եւ հերոսամարտեր արձա-նագրած՝ իր պատմութեան էջերուն մէջ։
Դարերու ընթացքին ամէն տեսակի նենգ, վայրագ եւ թշնամի տեսած է։ Տեսած է, շատ ու շատ վայրի ցեղեր, ո՞ր մէկը կարելի է յիշել եւ ուրկէ՞ սկսիլ։
Այսպէս՝ տակաւին հռոմեացիներ, սելճուքներ, պարսիկներ, մոնկոլ-թաթարներ, արաբներ, քիւրտեր, թուրքեր եւ ներկայիս ալ ատրպէյճանցիներ։ Այս բոլորին ոտնձգութիւններուն դէմ կռուած է իր ազգային պատուով։
Հայուն մէջ տեսանելի են իր անդիմադրելի ձգտումն ու ներքին հպարտանքի ներուժը։ Որովհետեւ հայը միշտ սիրած է եւ կը սիրէ իր երկիրը ու նաեւ կը պաշտէ իր հայրենի հողը։ Իր կռիւը եղած է բազմաճակատ։ Կռուած է իր բոլոր թշնամիներուն դէմ։ Շահին, սուլթանին եւ ցարին։
Կոտորածներուն ամէնէն ահռելին եւ անմարդկայինը տեսած է եւ սակայն չէ յուսահատած։ Եթէ խաղաղութիւն ուզած է՝ անոր տիրացած է միայն զէնքով։ Մէկ խօսքով, ինք հրացանէն դուրս ձգուած աննպատակ գնդակ մը չէ եղած, երբեք։
Այս է իմ եւ մեր գիտցած հայը։
Բարի, ազատասէր, յաճախ անմիաբան, սակայն միշտ ըմբոստ։
Ու 20-րդ դարու սկիզբն էր, երբ իր յաղթական բազուկով կրցաւ հայրենի հողին վրայ վերահաստատել իր ազգային պետականութիւնը, Ղարաքիլիսէի, Բաշ-Ապարանի եւ յատկապէս Սարտարապատի ճակատամարտերով, որոնց յաղթանակի շնորհիւ կառուցեց իր անկախ պետութիւնը։
Ահա հայու ոգիի յաղթանակը։
Պէտք է շեշտել, որ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին, իր երազանքին կողքին, ան միշտ իրեն ուղեկից ունեցած է անկախութեան եւ անկախ պետականութեան մը ստեղծումի գաղափարը, իր հայրենի հողին վրայ։
Համազգային երազանք ե՛ւ տեսլական, ե՛ւ ազգային ձգտում։
Ու Մայիս 28-ի անկախութեան ստեղծումը նոյն այդ դանակին, հայուն ոսկորին հասած ըլլալու հարազատ արդիւնքն էր։ Վկայ՝ Սարտարապատի հերոսամարտը, ուր կար օրհասական պահ եւ ազգովին բռունցք դարձած մարտնչում։
Ըսի՛ Սարտարապատ։ Նաեւ պէտք է աւելցնէի որ հոնկէ ծագած է հայոց ազատութեան եւ անկախութեան վարդահեղեղ արշալոյսը։
Հպարտութեամբ նշեցի այս անունը։
Այս այն դաշտն է, ուր համաձայն իր դարաւոր ոսոխին, ամէն բան պիտի վերջանար։
Վերջապէս պատմական Ճակատամարտ մը, որուն պարտութեամբ նաեւ վերջ պիտի գտնէր ազնուագոյն ժողովուրդի մը մայրենի լեզուն եւ պապենական հողը։
Մէկ խօսքով, փառայեղ քաղաքակրթութիւն մը։
Բայց այստե՛ղ, այս հրաշք յաղթանակով, ի զարմանս աշխարհի, ամէն բան նոր սկսաւ։
Ու թուրքը այդ օրերուն լաւ գիտեր, որ իր օգտին էր ժամանակը։
Բայց չարաչար սխալած էր, որովհետեւ հաշուի չէր առած հայ ժողովուրդի գաղտնիքն ու ոգին։
Այն իւրայատուկ ոգին, որ թագնուած էր մեր ժողովուրդի բազուկներուն մէջ։
Մեր թշնամին նոյնիսկ չէր սերտած այս ափ մը ժողովուրդին պատմութիւնը, որ նոյնիսկ օրհասական պահուն կրնար դառնալ բռունցք։
Որովհետեւ այս մարտնչող ժողովուրդը Յարութիւն առնել գիտեր։
Անոր համար է, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն բախտորոշճակատամարտերէն է Սարդարապատի հերոսամարտը։
Ժողովրդական հերոսամարտ մը, որուն յաղթանակը կը պարտի իր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր։
Սարտարապատ՝ 20-րդ դարու մեր նոր Աւարայրը։ Ըսած են։ Անուանած են։ Դասած են հպարտօրէն եւ արդար։
Եւ եթէ 451-ի Աւարայրը պատերազմ էր յանուն հաւատքի։ Իսկ 1918-ի Սարտարապա-տը պատերազմ էր յանուն կեանքի էր, ընդդէմ մահուան։ Ու հայ ժողովուրդի մահը պարտուեցաւ, իսկ իր կեանքը՝ յաղթեց։
Այլ խօսքով, իր մէջ չկար մահը եւ ոչ ալ կործանարար յուսահատութիւնը։ Կար միայն Աստուածայինը։ Թռիչք։ Ուժ։ Կորով։
Հրաշքի նման էր այդ յաղթանակը։ Բայց հրաշք չկար։ Կար հայ ժողովուրդի զաւակ-ներուն հոգիներուն մէջ պահուած ոգիի մէկ հրաշալի աննախադէպ բռնկումը։
Կար այն մեծ եւ յստակ ճշմարտութիւնը, որ եթէ ժողովուրդի ոգին բռնկի, կը շիկանայ, կը կարմրի եւ կը դառնայ անպարտելի։
Ըսի, Սարտարապատէն սկսաւ ամէն ինչ, երբ կը կարծուէր, որ ամէն ինչ վերջ պիտի գտնէր։ Ու հայը իբրեւ աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը հիմը դրաւ իր պետա-
կանութեան ու աշխարհի ազնուագոյն լեզուներէն մէկը դարձաւ պետական։
Ու ամէն առիթներով կրկնած ենք, որ Սարտարապատը պարզ ճակատամարտ մը չէր, այլ դաս։ Իսկ ուսուցիչները՝ այն աննամն կերտիչները՝ Արամ Մանուկեան, զօրավար-ներ՝ Սիլիկեան, Դրօ եւ շատ շատեր։
Դաս ըսի։ Եթէ կ՚ուզէք դասագիրք ալ է ու ոգեղէն մատեան։ Ապրելու եւ մանաւանդ գոյատեւելու համար, պարտաւոր ենք լաւապէս սերտել այս մատեանին իւրաքանչիւր էջն ու տողը, բառն ու գիրը։ Հոն կը տիրէր անսպառ վերակենդանութեան շունչը։
Սարտարապատ, որուն յաղթանակով կերտուեցաւ անկախ Հայաստան մը եւ որուն տեսքով գեղեցկացաւ իւրաքանչիւր հայու աչքերն ու միտքը։
Հոս է, որ ոսկէ գիրերով գրուած է, թէ երկիր մը անկախութիւնը ձեռք ձգելու համար իր զաւակները պէտք էր, որ արիւն թափէին։
Պէտք էր, որ ըլլային միահամուռ եւ միակամ, յարգը գիտնային հայրենի երկրին ու անոր ազատութեան։
Մեր ժողովուրդի պատմական ուղին կ՚ապացուցանէ, որ եթէ չունենայինք Սարտա-րապատի յաղթանակը, հաստատօրէն պիտի չունենայինք այսօրուան Հայաստանը։ Ու որքան դժբախտ եւ անմխիթար պիտի ըլլայինք ու մնայինք ,եթէ չըլլար այդ յաղթա-նակը, ու եթէ չըլլար անոր ընկերացող ազատատենչ հայու հոգին։
Նաեւ նոյն այդ ուղին կը հաստատէ, որ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ, մենք արժանի ենք այսօրալ ունենալու մեր անկախ եւ ազատ երկիր, իր հզօր բանակով:
Ուստի եւ յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հարիւրամեակի նշումի այս օրերուն, մեզի կը մնայ շենցնել մեր հայրենիքը, զայն դարձնել այն հրաշք դրախտա-վայրը, որուն տենչացած էին մեր պապերը եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր բարգաւաճման ի խնդիր տարուած բոլոր ճիգերուն եւ աշխատանքներուն։
Եւ ահա, այս օրերուն՝ 1918 Մայիս 28-ի յիշատակումը։ Հպարտանք։ Միայն օրինակելի հպարտանք։ Հզօր եւ ազատ հայութեան մարտնչումի հարազատ արդիւնք։
Հայութիւն՝ որուն մէջ թագնուած է վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը։
Ասիկա մեր անլեզու հողին հրաշքն է, եթէ կ՚ուզէ՛ք։
Ու երանի անոնց, որոնք մայիսեան արշալոյսի ցօղն ու բուրմունքը համբուրելու շրթունք ունեցան։
Երանի անոնց, որոնք հայու յաւիտենականութեան հպարտութիւնը պաշտպանեցին ու երգեցին յաղթանակի երգը եւ աշխարհի աւետեցին ազատ եւ անկախ Հայաստանի մը խապրիկը, իր եռագոյնով եւ իր վարդագոյն Երեւանով։
Արդ, Ա. Հանրապետութեանդ հարիւրամեակդ շնորհաւոր, բոլոր հայերուն միակ հայրենիք՝ Հայաստա՛ն, դուն մեր երկիր դրախտավայր։
bedig43@aol.com
Գէորգ Պետիկեան