image
Հրատապ լուրեր:

«Աստուած բացաւ դուռը եւ լոյսը ծագեցաւ». Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնաց Համախմբումի նոր նախաձեռնութիւնը Պէյրութի մէջ

  «Աստուած բացաւ դուռը եւ լոյսը  ծագեցաւ». Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնաց Համախմբումի նոր  նախաձեռնութիւնը  Պէյրութի մէջ

Շաբաթ, 6 Մայիս, 2023֊-ին, եւ Շաբաթ, 13 Մայիս, 2023֊-ին, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ 13-ը,   100 անհատներ, որոնք նախապէս տեղեակ պահուած էին, իր կարգին կը ստանան իրենց համար պատրաստուած մասնայատուկ դեղերու փաթեթը, դարձեալ ստուգելէ ետք փաթեթին մէջի զետեղուած դեղերը դեղագիրին համաձայն, իրենց փոքր մասնակցութիւնը կը փոխանցեն, կը ստորագրեն ու կը ստանձնեն իրենց մասնայատուկ փաթեթը։ 

Բոլորն ալ սրտագին դրական ու գնահատական խօսքերով  կը մեկնին մեծ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնաց Համախմբումը առողջութեան մասնայատուկ մաղթանքներ կ'ուղղէ ու կը նուիրէ Սուրբ Էջմիածինէն հասած օրհնուած մոմեր առողջութեան համար ։

Շատ իմաստալից ու խորիմաստ խօսք մը, որմէ ներշնչուած ու քաջալերուած, տիկին Անահիտ Տանձիկեան, ատենապետուհին Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնաց Համախմբումի, ստանձնած է՝ բարեսիրական, ազգօգուտ նոր առաքելութիւն մը, անհրաժեշտ ու կենսական յամարուող, օժանդակելու դեղորայք մատակարարելու համախմբումի անդամներուն, իրենց պարագաներուն, համակիրներուն և ծանօթներուն, որոնք դեղ ապահովելու դժուարին  կացութեան առջեւ կը գտնուին Լիբանանի տնտեսական անբնական վիճակի հետեւանքով։  Եւ ահա այս ընթացքին է որ ատենապետուհին կը ստանայ բարեկամ բժիշկի մը առաջարկը, արտերկրէն դեղեր ապահովելու կարիքաւոր ընտանիքներու բաժնելու  նպատակով։

 

Հետեւաբար Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնաց Համախմբումը  կ՛ունենայ դեղորայքի մասնայատուկ մարմին մը ԴՅՄ, կազմուած հետեւեալ անդամներէն՝ տիկիններ, Յասմիկ Տէմիրճեան,Սիլվա Յակոբեան, Ռիթա Պուլտուքեան և Անի Ումուտեան, անդամեր որոնք ատենապետուհիին Անահիտ Տանձիկեանի գլխաւորութեամբ և առաջնորդութեամբ կը լծուին տքնաջան, հոգատար,խիստ զգոյշ աշխատանքի։  Համախմբումին իւրաքանչիւր անդամ, կամ համակիր, կը դիմէ ԴՅՄ֊-ին ու կը փոխանցէ իր դեղորայքի կարիքը ըստ բժիշկին թելադրութեան։ Ատենապետուհին այս պահանջքի ցանկը կ'ուղղէ բարերար բժիշկին։  

 

Արտերկրէ հասած դեղերը ատենապետուհին կը ստանձնէ 28 Մարտ, 2023֊-ին ու կը լծուի բծախնդիր մանրակրկիտ աշխատանքի։  Ստացուած  դեղերուն անբաւարութեան պատճառաւ, ատենապետուհին նախանձախնդիր աշխատանքի կը լուծուի եւ կ՛ապահովէ պահանջուած անհրաժեշտ դեղորայք Լիբանանի դեղարաններէ ապահովելու եւ գոհացնելու  համար դիմողներուն ճիշդ դեղեր երկու ամսուան տեւողութեան գործածութեան համար։

 

Ամիս ու կէս տեւող բծախնդիր, մանրակրկիտ ու հետեւողական  աշխատանքէ ետք, կ'իրագործուի դեղորայք  բաժնելու ժամերը երկու հանգրուանով, վայր ունենալով Հրայր Տանձիկեան հաստատութիւնը՝ Մըքալլէս։

 

Շաբաթ, 6 Մայիս, 2023֊-ին, եւ Շաբաթ, 13 Մայիս, 2023֊-ին, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ 13-ը,   100 անհատներ, որոնք նախապէս տեղեակ պահուած էին, իր կարգին կը ստանան իրենց համար պատրաստուած մասնայատուկ դեղերու փաթեթը, դարձեալ ստուգելէ ետք փաթեթին մէջի զետեղուած դեղերը դեղագիրին համաձայն, իրենց փոքր մասնակցութիւնը կը փոխանցեն, կը ստորագրեն ու կը ստանձնեն իրենց մասնայատուկ փաթեթը։ 

 

Բոլորն ալ սրտագին դրական ու գնահատական խօսքերով  կը մեկնին մեծ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնաց Համախմբումը առողջութեան մասնայատուկ մաղթանքներ կ'ուղղէ ու կը նուիրէ Սուրբ Էջմիածինէն հասած օրհնուած մոմեր առողջութեան համար ։

 

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնաց Համախմբումը կը խոստանայ իր սիրելի անդամներուն  թէ պիտի շարունակէ իր  այս թանկագին առաքելութիւնը առնուազն Լիբանանի այս դժնդակ ու տնտեսական ճգնաժամի օրերուն, ուր դեղորայքը հազուագիւտ են եւ աներեւակայելի սուղ, ինչ որ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ կարիքաւոր լիբանանահայերուն։

 

 

Անահիտ Տանձիկեան

14 Մայիս, 2023