Տ. Գուսան Ծ.Վրդ. Ալճանեանի Դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ ու նուիրեալ զաւակներ,
Երկար տարիներ ծառայելով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան, մատուցելով բոլորանուէր ծառայութիւն Սուրբ Տեղերուն եւ Պատրիարքական Աթոռին, վերջին տարիներուն կոչուեցայ Զուիցարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնին։
Սակայն օր ըստ օրէ ականատես եղայ մեր Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան կողմէ Մայր Աթոռի բուն առաքելութենէն շեղումին, քաղաքական գործընթացներու մէջ ներգրաւումին եւ այլ մտահոգիչ հանգամանքներու։
Վերջին շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ տասը բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ բարձրացուած արդար հարցերը վաղուց արդիական էին եւ լուծման կարօտ։ Փառք Աստուծոյ, որ այս բարեկարգման սուրբ առաքելութեան միացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետը եւ իր մեծ լուման կը դնէ Հայաստանի մէջ հոգեւոր կեանքի զարգացման գործին։
Կը ցանկամ ի լուր Զուիցերիոյ հայութեան եւ մեր հոգեւոր եղբայրներուն տեղեկացնել, որ, ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետին եւ տասը Սրբազաններուն կողմէ կազմուած Համակարգող խորհուրդի ստեղծումը, կը միանամ անոնց, կը ընդունիմ հռչակագիրին բովանդակութիւնը եւ ճանապարհային քարտէզը։ Պատրաստակամութիւնս կը յայտնեմ ամբողջական շնչով ներգրաւուելու Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգման սուրբ առաքելութեան մէջ։
Տէր Գուսան ծայրագոյն վարդապետ Ալճանեան Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ