image
Հրատապ լուրեր:

«Սուրբ Յարութեան խորհուրդը՝ դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդող ոգին է»Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի Սուրբ Յարութեան Առաջնորդական պատգամը

«Սուրբ Յարութեան խորհուրդը՝ դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդող ոգին է»Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի Սուրբ Յարութեան Առաջնորդական պատգամը

«Զի մի՛ յանձինս ապաստանիցեմք, այլ յԱստուած որ յարուցանէ զմեռեալս» (Բ Կորն․ Գլուխ Ա․9)

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի նախընթացին Պօղոս Առաքեալի պատգամը իրօք կը պատշաճի որդեգրել որպէս ուղեգծող խորհուրդ, որովհետեւ անդրադարձ կ՛ունենանք այն ճշմարտութեան, որ Աստուած է կռուանը մեր կեանքին, որուն ապաւինած մարդը իր մէջ կը գտնէ աստուածային զօրութիւնը՝ դէպի մեռելութիւն ընթացող կեանքը վերափոխելու դէպի արթնութիւն։

Առաքեալը փաստօրէն կ՛ազդարարէ մեզ որ մեր անձերուն մէջ չտեսնենք կեանքի ապահովութիւնը, այլեւ՝ Աստուծոյ մէջ փնտռենք եւ գտնենք ապաստանը, ապահովագրումը կեանքին, որովհետեւ Աստուած մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի լոյս եւ առաւել կեանք։

Մեր կեանքի ապահովագրութիւնը երաշխաւորուած է Քրիստոսի հետ հոգեւոր ճանապարհորդութեամբ։ Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեամբ արդարեւ մեզի կը բարձրացնէ դէպի Աստուած եւ Իր հրաշալի Յարութեան լոյսի ու յոյսի պրիսմակին մէջէն առաւել խորութեամբ կ՛ընդունինք Իր քարոզած Աւետարանին ճշմարիտ իմաստը, որպէս կեանքին մէջ կեանք ներարկող յաւիտենականութեան խորհուրդը։

Զատիկով մեր կեանքը կը թեւակոխէ նոր կեանքի ճանապարհորդութիւն մը։ Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհը մեզ կը բերէ մինչեւ Աւագ Շաբաթ եւ վերջապէս Զատիկ–Յարութեան տօնը։ Եւ եթէ մենք մեզի տուած էինք պատեհութիւնը նախապատրաստուելու Յարութեան տօնին, հապա հարիւրապատիկ իմաստով ուրախութիւն կը հաստատուի մեր հոգեւոր էութեանը մէջ, զորս բառերով կարելի չէ բացատրել, քանզի այդ ապրում է եւ դրսեւորում` մեր հաւատքի կեանքին։ Ինչպէս կը զգանք մեր ֆիզիքականի քաղցը, ապա այդպէս ալ կը զգանք քաղցը հոգեւորին։ Ինձ համար այդ քաղցի յագեցումը՝ Աստուծոյ ներկայութիւնն է։

Սուրբ Յարութեան տօնը իւրաքանչիւրիս հոգեւոր կեանքի վերածնունդն է։ Իւրաքանչիւրս մեր էութեանը մէջ կը զգանք յաղթանակը՝փորձութեան վրայ։ Սուրբ Յարութեան տօնը ընտանիքի կեանքին մէջ եւ առհասարակ համայնքի կեանքին մէջ արթնութեան հրաւէր է, որուն պարտ ենք պատասխանել քաջութեամբ, համարձակութեամբ եւ առաւելաբար` հաւատքով։ Երանելի է այն մարդը, որ հոգու աչքերով ու հաւատքով զօրացած Քրիստոսի Յարութիւնը գիտէ դարձնել հայելին իր ներքին աշխարհին, հոն յաւիտենապէս արմատաւորելու Յարութեան խորհուրդը։ Իւրաքանչիւր մարդ եւ որպէս քրիստոնեաներ մեր մէջ կը կրենք աստուածայինի ճառագայթումը խորապէս ըմբռնելու համար կեանքը իր ողջ էութեամբ։ 

Սուրբ Յարութեան խորհուրդով ապրող մարդը անկասկած երախտապարտ է Աստուծոյ իրեն շնորհած կեանքին համար։ Սուրբ Յարութեան խորհուրդով ներշնչուած մարդը իր մէջ կը գտնէ ճշմարիտ կռուանը՝ յաղթելու չարին եւ վերապրելու կեանքը Աստուծոյ սիրով։ Սուրբ Յարութեան խորհուրդը՝ դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդող ոգին է,  որուն մշտապէս ծարաւի է մարդկութիւնը։ Ահաւասիկ այս ոգով ապրիլ կեանքը կը բացատրէ մարդկութեան փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան ճշմարիտ տօնախմբութիւնը։  

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց,

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

 

Օրհնութեամբ՝

Յովնան Արք․Տէրտէրեան
Առաջնորդ՝
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի 

Սուրբ Զատիկ, 2026