Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանքին մէջ եւ հրամանաւ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք Ն.Ա.Գ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս Մինասեան Պատրիարքին յիշատակուած են Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եւ հանրայայտ երաժիշտ Համբարձում Ճապուրեան։
Ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողաց կը ներկայացնէ այդ առթիւ պատրաստուած թղթակցութիւնը
Բարձր նախագահութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, կազմակերպութեամբ «Աւետիք-ի, Մասիս-ի եւ Հ.Կ.Մ.-ի Մշակութասէր Բարեկամներ»-ուն, Շաբաթ, 12 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան 6-ին, Զմմառու մայրավանքին մատենադարանին «Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեան» հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ Վարդապետներու եւ Արժանապատիւ Քահանաներու, Գրիգոր ու Մարի Ճապուրեանի եւ մշակութասէր ընտրանիի մը, տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ տուտուկահար եւ քլարինէթահար Համբարձում Ճապուրեանի (1951-2022) յիշատակի ձեռնարկն ու անոր նուիրուած «Մեր ժամանակին մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան» նորատիպին շնորհահանդէսը:
Նախքան ակադեմական ձեռնարկին մեկնարկը տեղի ունեցաւ «Վերափոխումն Տիրամօր» Հայավանքին մատենադարանի մուտքին զետեղուելիք նորաքանդակ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» յուշարձանին օրհնութիւնը Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ:
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Հաղորդակցութեան եւ լրատուութեան գրասենեակ»-ին աշխատակից Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հանգուցեալ արուեստագէտին արժանիքներուն եւ ազգասէրին բերած մեծ նպաստին հայ երաժշտութեան մարզին մէջ: «Համբարձում Ճապուրեան՝ խոնարհ մարդը, արուեստագէտ հանճարը, քլարինէթի և տուտուկի մասնագէտը, իր առաքելութիւնը դարձուցած էր իր ազգին մշակոյթը ներկայացնելու աշխարհին։ Եւ պատահական չէ, որ ան, իր առաքելութեան մէջ որպէս հոգեհարազատ գործիք ընտրած էր հայկական տուտուկը՝ այն ﬕակ երաժշտական գործիքը, որ հարազատօրէն ու գեղեցկօրէն կ’արտայայտէ հայ ժողովուրդին զգացուﬓերը։
1975-էն ի վեր բնակութիւն հաստատելով Գանատայի մէջ՝ Համբարձում Ճապուրեան չէր մոռցած իր արմատները, հաւատարիմ մնալով իր հօր՝ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին դասախօս, քլարինէթահար Քերոբ Ճապուրեանի պատգամին. «Ուր որ ալ ըլլաս, տարածէ՛ հայ երաժշտութիւնը»։
Հայկական երաժշտութիւնը աշխարհի ամենագեղեցիկ և ամենահին երաժշտութիւններէն մէկն է, իսկ միջնադարեան հայկական երգերու նկատմամբ յաւերժութեան մեկնած տուտուկահարը ունէր խոր ակնածանք եւ անսանձելի սէր: Ինչպէս գիտէք, միջնադարեան հայկական երգերը ազդուած են հայկական եկեղեցական շարականներէն, որոնց նշանաւոր հեղինակներէն են Մովսէս Խորենացի, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Ներսէս Լամբրոնացի եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի»։
Բացման խօսքէն ետք, ողջոյնի իր խօսքն ուղղեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերին Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդն ու Զմմառու Վանքին նորընտիր Մեծաւորը՝ Գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, որ իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ վանապատկան մատենադարանին մէջ՝ միջքրիստոնէական եկեղեցիներու համագործակցութեան ջատագով եւ Հայ Եկեղեցիին բարեկարգիչ Ս. Ներսէս Շնորհալիին կենսագրականին ու ներկայացուցած պատմական արժէքին, որուն ի յիշատակ տեղի ունեցաւ անկրկնելի Հայրապետին կիսանդրիին քօղազերծումին եւ օրհնութեան արարողութիւնը՝ անոր վախճանումին 850-ամեայ յոբելեանին ծիրէն ներս:
Գերպծ. Զահթէրեան մատնանշեց յատկապէս, որ «Շնորհալիին յոբելեանը հայկական նեղ շրջանակներէն դուրս գալով՝ ոչ միայն նշուեցաւ միջազգային մակարդակով, քանզի միջնադարու հայ մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան եւ շարականագիր Ներսէս Շնորհալիին մահուան 850 ամեակը ընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակաւոր մարդերու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2022- 2023 թուականներու օրացոյցին մէջ»:
Մեծապէս գնահատելով շնորհազարդ Կաթողիկոսին գործունէութիւնը՝ Գերապայծառը կոչ ուղղեց «վերաիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու յատկապէս Սուրբին քաղաքական եւ հասարակական գործունէութիւնը, որ ունեցած է շրջադարձային նշանակութիւն՝ ազգային կարեւոր նպատակներու եւ արժէքներու հաստատումին ու արմատաւորումին գործընթացին, դարձած՝ ուղենիշ ազգային համախմբուածութեան:
Ուստի, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին թողած հարուստ եւ բազմաբովանդակ ժառանգութիւնը խթան թող հանդիսանայ մեզի անոր ուղիով ընթանալու եւ կերտելու մեր ազգին ապագան, միշտ մեր հայեացքը ուղղելով մեր Տիրոջ եւ հայցելով՝ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր եւ նահատակ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը»:
Տուտուկի վրայ Սէրլի Նեմշեհիրեանի ելոյթէն ետք, իր վկայութիւնը փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին տնօրէնը՝ Կրեկուար Գալուստ, որ փափաք յայտնեց իր վկայութիւնը նախ կենդրոնացնել Համբարձում Ճապուրեանի մեսրոպեանական ինքնութեան շուրջ։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց.«Համբարձում Ճապուրեան միայն Մեսրոպեանի լաւագոյն շրջանաւարտներէն մէկը չէր։ Ան եղաւ Մեսրոպեանի դաստիարակութեան կենդանի արգասիքը, իսկ անոր կեանքը հանդիսացաւ հայելին այն արժէքներուն, որոնց վրայ կանգուն կը մնայ այս վարժարանը աւելի քան ութ տասնամեակէ ի վեր։ Ճապուրեան երեւոյթը կը հանդիսանայ այն յստակ ապացոյցը, թէ հայկական վարժարանը երբ իր առաքելութիւնը արդարօրէն կը կատարէ, ապա անոր դաստիարակած սաները հետագային կը դառնան իրենց ազգին մշակոյթին, արժէքներուն եւ ոգիին զինուորներն ու դեսպանները՝ ի սպաս համայն մարդկութեան։ Համբարձում, իր կեանքով պատուեց ոչ միայն Մեսրոպեանը, այլեւ ամբողջ հայ կրթութան վաստակը»։
Պրն. Գալուստ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ նաեւ Հ. Ճապուրեանի հետ 27 Մայիս 2013-ին Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցած այն հանդիպումին, որ վերածուած էր երաժշտութեան ու ազգային հպարտութեան հրավառ առիթի մը։ «Նախկին մեսրոպեանականը վերադարձած էր մեր քով՝ ոչ որպէս հիւր, այլ՝ որպէս ընտանիքի անդամ մը, որպէս տուն դարձած զաւակ մը։ Իր դասախօսութեամբ ու նուագով ան ոչ միայն ուսուցանեց, այլ նաեւ ներշնչեց աշակերտներն ու ուսուցիչները։ Տուտուկի նուագով ներկայացուց մեր մշակոյթին համն ու հոտը՝ այնպիսի ջերմութեամբ, որ անմիջապէս վարակեց մանուկներն ու երիտասարդները իրենց արմատներու հպարտութեամբ։ Այդ օրը, ներկաները պահ մը մոռցան իրենց առօրեան ու վերապրեցան Հայաստանը՝ երաժշտութեամբ վերագտնուած»։
Ըստ վկայողին՝ Հ. Ճապուրեան սերունդներուն փոխանցեց ոչ միայն հայկական երաժշտութիւնը, այլեւ հայ կեանքին ոգին։ «Նուագարանը անոր ձեռքին մէջ կը հնչեցնէր մեր ժողովուրդին ցաւը, յոյսը, վիշտը, աղօթքն ու վերածնունդը։ Այդպիսով՝ Ճապուրեան ինքզինքը չսահմանեց որպէս պարզ երաժիշտ մը։ Ան գիտակցած էր իր առաքելութեան՝ ըլլալու կամուրջ մը անցեալին ու ներկային միջեւ, եւ դառնալու մեր ազգային ինքնութեան հարազատ ձայնը՝ ի լուր մարդկութեան։ Իր գործով, իր ներկայութեամբ եւ իր նուագով՝ ան եղաւ հայապահպանումի առաքեալ մը եւ քաջարի դեսպան մը մեր ինքնութեան, մեր մշակոյթին ու մեր պատմութեան։ Վստահ եմ, որ այսօրուան շնորհահանդէսին ներկայացուած նորատիպը լաւագոյն վկայարան մը պիտի ըլլայ անոր բոլոր արժանիքներուն»։
Անթոնի Օպէյտի կողմէ շարականի մը երգեցողութենէն ետք, նորատիպը ներկայացուց Գերյ. Դոկտ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան (Գերյարգելիին խօսքը կու տանք առանձին), որ իր ելոյթն եզրափակեց այս հաւաստիացումով. «Գիտաշխատողը կը յանգի այս առարկայական եզրակացութեան: Այո՛, 28 կտորները կը խօսին Համբարձում Ք. Ճապուրեանի կեանքին, գործին, վաստակին, արժանիքին ու արժէքին մասին:
Առաւել, սակայն, մէկ հատորին մէջ անոնց մէկտեղումը կը դարձնէ այս յուշամատեանը վաւերագրակա՛ն, անփոխարինելի՛ եւ դիւրամատչելի՛ աղբիւր մը առաջին հերթին՝ Գանատայի, երկրորդ հերթին՝ գանատահայ գաղութին, եւ, երրորդ հերթին՝ Մոնթրէալ ու Թօրօնթօ քաղաքներուն մշակութային ձեռնարկներուն, տոհմային տօներուն, երաժշտական երեկոյթներուն եւ եկեղեցական-ազգային ոգեկոչումներուն մասին գրուելիք պատմութեան համար»:
Գերյարգելիին մատենախօսական ներկայացումէն ետք, Անթոնի Օպէյտ դարձեալ մեկնաբանեց շարականային տաղ մը, որուն յաջորդեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» յուշակոթողին պատուիրատուն եւ նորատիպին մեկենասը՝ Մագ. Գրիգոր Ք. Ճապուրեանի շնորհակալական խօսքը: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իրենց շնորհեց Համբարձում Ք. Ճապուրեանը՝ իր լուսահոգի եղբայրը, հարազատն ու բարեկամը, տաղանդաւոր տուտուկահար-նրբասրնգահարն ու հայրենապաշտ ազգասէրը: Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Ոգեկոչումի այս համախմբումին` ինծի թոյլ տրուի մէջբերելու մեր Պատմահօր՝ Մովսէս Խորենացիին այս հանրածանօթ վկայութիւնը. ‘Մահկանացու ծնեալ՝ անմահ զիւրն յիշատակ եթող’։
Ստուգիւ, պատմութիւնը կը վկայէ Համբարձում Ք. Ճապուրեան մարդուն եւ հայուն, անոր գործին ու վաստակին մասին` զինքը դարձնելով մահկանացու անմահը:
Պատմութեան վկայութիւնը կը հաստատէ խորագրուած նորատիպը՝ «Մեր ժամանակին մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան», զոր Ձեզի ու հայաշխարհին կը հրամցնենք այս հանդիսաւոր պահուն:
Այս տօնական ձեռնարկին` իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ նորատիպին մէջ վկայող եւ նկարագրող անձնաւորութիւններուն, բայց յատկապէս զայն խմբագրող ու կազմող երկու թանկագին բարեկամներուս՝ Գերյարգելի Դոկտ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանին եւ դեսպան Դոկտ. Արշակ Փօլատեանին:
Երախտագիտութեանս խօսքը կ՚երթայ նաեւ այս շնորհահանդէսն հիւրընկալող Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վարչական Հայրերուն` գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդին ու նորընտիր Մեծաւորին` Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանին։
Իմ եղբայրական շնորհակալութիւնս կազմակերպիչ «ԱՒԵՏԻՔ-ի, ՄԱՍԻՍ-ի եւ Հ.Կ.Մ.-ի Մշակութասէր Բարեկամներ»-ուն՝ շատ գնահատելի այս նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցող արուեստագէտներուն։
Վերջապէս, սրտանց շնորհակալ եմ Ձեզի, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր, Ձեր՝ օրհնաբաշխ նախագահութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեզի, սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, որ ձեր ներկայութեամբ պատուեցիք Համբարձում Ճապուրեանի յիշատակը»:
Բարերարին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ յայտագրին յատկանշական բաժինը՝ նորատիպին գինեձօնային կնունքը: Նշենք, որ աշխարհահռչակ տուտուկահար եւ քլարինէթահար Հ. Ճապուրեանի յիշատակին եւ անոր վաստակին նուիրուած յուշամատեանին հրատարակութիւնը ստանձնած էր արուեստագէտին եղբայրը՝ Գրիգոր Ճապուրեան: Արդ, Ամենպտ. Հոգեւոր Տիրոջ, Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի, Գերյ. Դոկտ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանի, Գրիգոր եւ Մարի Ճապուրեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած նորատիպին գինօծումէն ետք, հանդիսաւոր ձեռնարկին փակումը կատարուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեան գիրին ընթերցումով, ապա ներկաներ ուղղուեցան եկեղեցին՝ մասնակցելու համար հոգեպարար երեկոյեան ժամերգութեան, որուն յաջորդեց ջերմիկ եւ հարազատ ագապը Հայավանքին սեղանատան մէջ։
Ելքին՝ իւրաքանչիւր ամոլին կամ անձին բաժնուեցան նկարազարդ ու գունաւոր նորատիպէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Ճապուրեանի մեկենասութեամբ՝ Մ. Հայունիին ամիսներ առաջ լոյսընծայած «Ս. Ներսէս Շնորհալի (1102-1173)» հատորը:
Զմմառ, 12 Ապրիլ 2025
Ն.Է.Ն.