Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Հիմնահարցեր Եւ Հանգրուաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին Մէջ» մատենաշարին հրատարակութեամբ՝ լոյս տեսաւ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) հատոր մը՝ «Ներսէս Դ. Շնորհալի Սուրբ Եւ Դիւանագէտ Եւ Ժողովուրդին Ու Եկեղեցիին Գոյատեւումը Արեւմտեան Հայաշխարհին Մէջ» խորագիրով: Հեղինակն է փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան, հանրածանօթ մտաւորական, հեղինակ, դաստիարակ եւ արուեստագէտ: Հատորը պատմագիտական վերլուծում մըն է Շնորհալիի ընդհանուր աւանդին քաղաքական եւ դիւանագիտական կողմերուն՝ իբրեւ օրկանական տարրեր՝ Արեւմտեան Հայաշխարհին կազմաւորումին մէջ, հազարամեակ մը առաջ: Այս հրատարակութիւնը առաջինն է նշեալ մատենաշարին, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք․ Խաչերեանին։
Հանրութիւնը ունենալով իբրեւ «ընթերցող-հասարակութիւն», «իր տեսակին մէջ առաջինը՝ այս ձեռնարկը իր ծննդոցը ունի միաժամանակ ընկերային, մշակութային եւ պատմագիտական մտահոգութիւններու մէջ», կը գրէ հեղինակը իր նախաբանին մէջ, աւելցնելով․ «Նպատակն է մտաւորական եւ հոգեւոր մշակոյթն ու ապրուա՛ծ՝ ոչ թէ երեւակայուած կամ շարադրուած պատմութիւնը դարձնել ժողովուրդին մատչելի եւ մաս՝ անոր մտադրոյթին, այսինքն մտածելակերպի հորիզոններուն: Որովհետեւ ան ինչ որ չենք գիտեր, կամ գիտենք անհատապէս եւ հաւաքաբար, կամ կը կարծենք թէ գիտենք, ճիշդ կամ սխալ, ամբողջական կամ թերի, անպայմանօրէն կ՛ազդէ մեր ընտրութիւններուն եւ գործելակերպին վրայ»:
Փրոֆ. Տատոյեանի հիմնական մասնակցութեամբ, կը գրէ Գեղամ արք. Խաչերեան իր յառաջաբանին մէջ, Արեւմտեան թեմի մատենաշարի ծրագրին հիմնական նպատակն է ստեղծել «hայագիտական սիմփոզիում» մը, զրուցարան մը, նաեւ հանրային մշտաբաց «կլոր սեղան» մը, ուր բոլոր հարցերը՝ անցեալ, ներկայ եւ ապագայ, առարկայ են յարատեւ սերտողութեան եւ քննարկումի՝ զարգացնելու համար հիմնաւորուած գիտութիւն, ճիշդ անդրադարձներ եւ համապատասխան գործելակերպ: «Հայապահպանումը ազգային կեանքի պատասխանատու դերերու նուիրուած անձնաւորութեանց համար առօրեայ պայքար է, նկրտում է», կը գրէ առաջնորդը, աւելցնելով «Փրոֆ. Տատոյեանի պրիսմակէն՝ մեր Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ այս կացութիւնը կը բացայայտուի ոչ թէ իբրեւ յետեղեռնային՝ այլ գրեթէ հազարամեակի մը վրայ տարածուած եւ զայն յատկանշող վիճակ: Անիկա կը սկսի Բագրատունեաց թագաւորութեան Անի մայրաքաղաքին անկումէն (1045) ալ առաջ, ժողովուրդին զանգուածային գաղթերով դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, եւ հայրենի հողերէն անդին՝ Արեւմտահայ Հայաշխարհի մը կազմաւորումով»:
Փրոֆ. Տատոյեանի նախաձեռնութիւնը Ներսէս Շնորհալիի նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ այլ «սուրբերու» քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզը եւ աւանդը բացայայտելու, կը միտի վերանայիլ եւ վերլուծել իր, նաեւ միւսներուն ժամանակաշրջանին եւս պատմա-քաղաքական պարագաները, այս պարագային՝ Արեւմտեան Հայաշխարհին հազարամեայ պատմութիւնը: Պատմական այս գործընթացին մէջ կարեւոր բաժին մը կը վերաբերի եկեղեցիին եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւս պատմութեան ու դերին Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ:
Պատմավերլուծական նախաձեռնութեան նպատակն է, կը բացատրէ առաջնորդ սրբազանը, դիւրըմբռնելի սահմաններու մէջ մատչելի դարձնել տարբեր նիւթեր եւս յառաջիկային «Հիմնահարցեր Եւ Հանգրուաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին Մէջ» վերնագրին տակ, աւելցնելով․ «Այս ուղղութեամբ նկատի ունինք հետեւեալ կէտերը․
– Հայոց եւ իրենց հաստատութեանց, պատմական փորձառութեան ճանաչողութեան անհրաժեշտութիւնը:
– Վերոյիշեալ ծիրէն ներս, պատմական յստակ տուեալներով ամբողջական բացայայտումը Հայ եկեղեցիին, կաթողիկոսութեան եւ եկեղեցականներու իւրայատուկ պատմական ասպարէզին, ինչպէս նաեւ անոնց քաղաքական, ընկերային եւ այլ դերերուն հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին մէջ:
– Արեւմտեան Հայաշխարհին պատմական հազարամեայ կազմաւորումին եւ զարգացումին պարագաները, բնոյթը եւ իւրայատկութիւնները, Արեւելեան Հայաշխարհին առընթեր, իբրեւ նոյն իրականութեան տարբեր կողմերը»:
Մատենաշարին առաջին այս աշխատութիւնը կը վերաբերի հայոց եւ իրենց եկեղեցիին պատմութեան ճակատագրական պահերու մեծերէն՝ Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալիի (ծ. 1100, իշխ. 1166 1173) գործունէութեան եւ Արեւմտեան Հայաշխարհի կազմաւորումի վերլուծումին: «Միշտ եւ ամէն տեղ ուր եղած են հայերը, իրենց հետ եղած է իրենց կաթողիկոսութիւնը իբրեւ կենսական մաս ընդհանուր հայկական զանցակարգէն (Armenian meta-system) կամ վիճակէն (condition): 1045ին, Անիէն արտաքսումէն շատ առաջ, չորրորդ դարէն ի վեր, այս իւրայատուկ հաստատութիւնը կը մարմնաւորէ ժողովուրդին եւս պատմական պայմանները եւ եղափոխութիւնը ամէն տեղ», կը գրէ Տատոյեան: Շնորհալի ապրեցաւ հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն փոթորկոտ ժամանակներուն ընթացքին, զորս փրոֆ. Տատոյեան կը կոչէ Հայկական Միջնարարը (Armenian Intermezzo): Միջնադարեան ոչ մէկ կաթողիկոս Շնորհալիի չափ մօտէն զբաղեցաւ եկեղեցական միութեան եւ ազգային ինքնուրոյնութեան խնդիրներով եւ դրաւ իր անհատականութեան դրոշմը հոն: Կիլիկիոյ մէջ էր որ քաղաքականութիւն եւ կրօնական մշակոյթ յաճախ գտնուեցան նոյն մակարդակին վրայ եւ հոսկէ անհրաժեշտութիւնը անոր աւանդին սերտողութիւնը՝ քաղաքակա՛ն տեսանկիւնէ:
Հետեւեալը բովանդակութիւնն է այս հատորին.-
ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ. ՇՆՈՐՀԱԼԻՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ
ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
I. «Հայկական Միջնարարը» եւ Կիլիկիոյ կազմաւորումը
II. Հայկական Կիլիկիան իր շրջանին եւ պայմաններուն մէջ
III. Շնորհալին անկախ պետութեան մը ի խնդիր երկու հակադիր ծրագիրներու միջեւ
IV. Մլեհ եւ Զանգի – Հայկական Կիլիկիոյ ծրագիրը
ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍ. ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ԱՒԱՆԴԸ ՏԱՐԲԵՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
I. Շնորհալիի նախորդները եւ իրենց աւանդը
II. Գրիգոր Գ. եւ Ներսէս Դ. – Միացեալ գահակալութիւն
III. «Ողբ Եդեսիոյ» իբրեւ մուտք Շնորհալիի աւանդին
IV. Շնորհալիի աւանդը իբրեւ աստուածաբան, բարեկարգիչ, դաստիարակ, դիւանագէտ
V. Եկեղեցական միութեան գործընթացը համառօտ կերպով