image

Չին նախագահը դրուատիքով խօսած է ռուս-չինական յարաբերութեանց մասին

Չին նախագահը դրուատիքով խօսած է ռուս-չինական յարաբերութեանց մասին

Փեքինը եւ Մոսկուան պէտք է շարունակեն աւանդական բարեկամութիւնը, խորացնեն ռազմավարական փոխվստահութիւնը եւ ամրապնդեն համագործակցութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

Փեքինի մէջ Սի Ծինփինը հանդիպած է Պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտինի հետ։

«Կողմերը պէտք է շարունակեն իրենց աւանդական բարեկամութիւնը, խորացնեն ռազմավարական փոխվստահութիւնը, ամրապնդեն փոխանակումները եւ համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ եւ համատեղ պաշտպանեն երկու երկիրներու անվտանգութեան ու զարգացման շահերը»,– Չինաստանի ղեկավարի խօսքը մէջբերած է Չինաստանի Կեդրոնական Հեռուստատեսութիւնը։