Կապանի մէջ ընթացող դեսպանաժողովի շրջածիրէն ներս կայացած է քննարկում արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանի հետ: Այս մասին յայտնած են Արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Քննարկուած են Եւրասիական տարածաշրջանի երկիրներու հետ համագործակցութեան հարցեր: Ի թիւս այլնի, անդրադարձ կատարուած է ՀՀ-Ռուսիոյ Դաշնութիւն օրակարգային հարցերու։
Ընդգծուած է ասիական եւ խաղաղ-ովկիանոսեան տարածաշրջանի երկիրներու հետ աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւնը, որու շնորհիւ յաջողուած է շօշափելի արդիւնքներ ունենալ այդ շարքին ռազմավարական բնոյթի գործընկերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Միտքեր փոխանակուած են առաջիկայ շփումներու օրակարգի շուրջ, մասնաւորապէս Չինաստանի, Ճափոնի եւ Հնդկաստանի հետ: Ի թիւս այլ հարթակներու, անդրադարձ կատարուած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) ՀՀ անդամակցութեան յայտին:
Տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ներուժի առաւել արդիւնաւէտ իրացման նպատակով քննարկուած են Կեդրոնական Ասիոյ եւ հեռաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ բացուող նոր հնարաւորութիւնները։ Այդ պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ղազախստանի հետ աշխուժ երկխօսութեան։
Նախարարի տեղակալ Սաֆարեանը կարեւորած է նաեւ տնտեսական դիւանագիտութեան բաղադրիչի աշխուժացումը յատկապէս հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ։
Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային առկայ միտումներու, փոխշահաւէտ եւ ռազմավարական գործընկերութիւններու զարգացման հեռանկարներու շուրջ։