image

Ժագ Յակոբեան. Պէյրութի Աղբահանութեան Եւ Հայկական Շրջաններուն Մասին

Ժագ Յակոբեան.  Պէյրութի Աղբահանութեան Եւ Հայկական  Շրջաններուն Մասին

Լաւ որ կայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, որ իր իրապէս սահմանափակ կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ կը փորձէ լուծում գտնել աղբահանութեան երեւոյթին, այլապէս «Սուքլին»-ի աշխատանքի դադրեցման պատճառով ով գիտէ աղբերը ինչքան պիտի կուտակուէին շրջանի փողոցներուն մէջ: Անգամ մը եւս ականատես կը դառնանք, թէ ինչքան անատակ է կեդրոնական պետութիւնը քաղաքացիներուն տարրական պէտքերը՝ այս պարագային աղբահանութեան հարցերը հոգալու առումով: Եւ կը մտածենք, որ կոնկրետ այս հարցով աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, որ շրջաններուն աւելի լայն իրաւասութիւններ տրուէին վարչական ապակեդրոնացումի ծիրին մէջ: Նորէն կը կրկնենք, վարձքը կատար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մէջ աղբահանութեան աշխատանքը իրենց ուսերուն վերցուցած մարդոց, այլապէս չեմ գիտեր ինչ վիճակի մէջ պիտի գտնուէինք Նաամէի աղբանոցին փակումին պատճառով: