image

Զելենսքի. «Մեծ հակայարձակումը մօտ է»

Զելենսքի. «Մեծ  հակայարձակումը մօտ է»

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին անգամ մը եւս յայտարարած է, որ հակայարձակման համար կը պահանջուի « քիչ մը աւելի ժամանակ»։ Ուքրանացի ղեկավարը ելոյթ ունեցած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքի հետ հանդիպումէն ետք, գրած է kommersant.ru-ն։

«Ուքրանիան շատ կարեւոր հակայարձակողական քայլեր կը նախապատրաստէ... Մեզի իսկապէս աւելի շատ ժամանակ պէտք է։ Շատ չէ»,- ըսած է Զելենսքին:

Բրիտանական կառավարութեան ղեկավարն իր հերթին ըսած է, որ ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը «շրջադարձային կէտի հասած է»։ Ան նաեւ խոստացած է ամուր աջակցութիւն Ուքրանիոյ։