Ի հարկէ, ինծի համար անհնար է հանդիպիլ Փութինի հետ Մոսկուայի մէջ։ Այդ պարագային, կարելի է նաեւ Փութինի հետ հանդիպիլ Քիեւի մէջ։ Ես կրնամ անոր նոյնպէս հրաւիրել Քիեւ, թող գայ։ Ես հրապարակաւ կը հրաւիրեմ անոր, եթէ ան համարձակուի, ի հարկէ, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին`ուքրանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը յայտարարած էր, որ Մոսկուան կը հրաւիրէ Զելենսքին Մոսկուա Փութինի հետ բանակցութիւններու, եթէ ան պատրաստ է: Ան նշած է, որ Մոսկուան կ՚երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը: