«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումն անխուսափելի է. նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ բանակցութիւններէն ետք: Այս մասին գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Մենք քննարկած ենք «Զանգեզուրի միջանցք»ի շուտափոյթ բացումը: Այդ անխուսափելի է, եւ որքան շուտ, այնքան լաւ: Մենք պիտի աւելցնենք մեր ջանքերն այս հարցով: Այդ «միջանցք»ի բացումը հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ բոլոր երկիրներու համար»,-ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ միջազգային իրաւունքը «չի գործեր», այսօր աշխարհի մէջ առաջին գիծ կը մղուի «ուժի» գործօնը:
«Այսօր աշխարհի մէջ առաջին գիծ կը մղուի ուժի գործօնը։ Ցաւօք, միջազգային իրաւունքը չի գործեր։ Սա մենք տեսանք մեր տարածքներու 30-ամեայ բռնագրաւման ժամանակ։ Բանակցութիւններն ու քննարկումները արդիւնք չտուին: Մենք արդիւնքի հասանք մեր ուժերու շնորհիւ»,-ըսած է ան: