image

«Զանգեզուրի հարց»ով իրանցիք գիտակից են դաւադրութեան խորութեան. Վիլայաթի

«Զանգեզուրի հարց»ով իրանցիք  գիտակից են դաւադրութեան խորութեան. Վիլայաթի

«Իրանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ զօրավարժութիւնները ցոյց կու տան փոխադարձ վստահութեան աճը երկու երկիրներուն միջեւ, եւ եթէ Աստուած տայ, այդ կը դառնայ շրջադարձային պահ Իրանի եւ Ատրպէյճանի պատմութեան մէջ, այս զգայուն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման հարցով»։ Այս միտքերը յայտնած է Իրանի հոգեւոր առաջնորդի միջազգային գործերու գծով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայաթին: 

Վիլայաթի այս իրադարձութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն անուանած է, որ «կը վկայէ եղբայրական յարաբերութիւններու աճող ամրապնդման եւ բարիդրացիութեան մասին՝ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»։

Վիլայաթի աւելցուցած է, որ վերջին տարիներուն Ուքրանիոյ միջադէպէն յետոյ Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-ի քօղարկմամբ մտադրած է թափանցել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջան եւ ստեղծել այլընտրանք, որ շեղէ Ռուսիոյ ուշադրութիւնն Ուքրանիայէն դէպի Հարաւային Կովկաս։

«Իրանը վճռականօրէն դիմակայած է Ամերիկայի եւ անոր տարածաշրջանային դաշնակիցներու ազդեցութիւնը եւ կանխած այդ դաւադրութեան ձեւաւորումը իր հիւսիսարեւմտեան սահմաններու երկայնքով, որու հետեւանքով ՆԱԹՕ-ն պիտի ստեղծէր  Իրանի տարածքային ամբողջականութեան մշտական սպառնալիք»,- նշած է ան։

Վիլայաթին ընդգծած է, որ Արեւմուտքը ձեռնարկած է գործողութիւններու, որոնք ցոյց տուած են, որ Արեւմուտքը եւ ՆԱԹՕ-ն «ճիշդ մտադրութիւններ չունին Հարաւային Կովկասի հարցով»։

«Իրանի հակազդեցութիւնը Զանգեզուրի միջանցքի բացման պայմանաւորուած էր անով, որ Արեւմուտքը կը ցանկայ կազմակերպել հաղորդակցութիւն արեւելքէն արեւմուտք Ատրպէյճանով, Կասպից ծովով եւ Կեդրոնական Ասիայով։ Միայն Իրան գիտակցած է այս դաւադրութեան խորութիւնը։ Ի տարբերութիւն Արեւմուտքի՝ Իրան իսկապէս կը ցանկայ բարեկեցութիւն ատրպէյճանցի եղբայրներուն համար։

Ժամանակ պահանջուեցաւ այս հարցով փոխըմբռնման համար, եւ այժմ մենք հասած ենք ընդհանուր արդիւնքներու, եւ քանի մը ամիսներու ընթացքին իրականացուած են երեք համատեղ զօրավարժանքներ։ Այդ կը վկայէ փոխադարձ վստահութեան աճի մասին երկու երկիրներու միջեւ»,- նշած է Իրանի հոգեւոր առաջնորդի խորհրդականը։