image

Յունական ազգայնականութիւնը այսօր

Յունական ազգայնականութիւնը այսօր

Վերջին ժամանակաշրջանին, բոլորս ալ ականատես եղանք թրքական իշխանութիւններու՝ ընդդէմ Յունաստանի որդեգրած թշնամական քաղաքականութեանց, որոնք կը սպառնան յունական գերիշխանութեան եւ հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութեան էականութեան:

Տարիներու ընթացքին, թուրք-յունական յարաբերութիւնները որոշ չափով «բնականոն» դարձած էին: Սակայն, Միջերկրականի ու անոր շուրջ գտնուող երկիրներուն մէջ Էրտողանի որդեգրած նոր-Օսմանականութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը խախտեց երկու դրացի երկիրներու յարաբերութիւնները:

Էրտողանի Նոր-Օսմանականութեան քաղաքականութիւնը կարելի է նշմարել զանազան ուղղութիւններով: Այդ ուղղութիւններն են «Ս. Սոֆիա»-ն մզկիթի վերածելու ջանքերը, յունական կղզիներու գերիշխանութեան խախտումը՝ քարտէզներ փոխելու սպառնալիքով, Միջերկրական Ծովուն ու տարածաշրջանին մէջ պատերազմական իրավիճակ մը ստեծելը, եւ, ի վերջոյ, հակամարտութեան մէջ, Յունաստանի գլխաւոր դաշնակից ու ազգային արմատակից՝ Կիպրոսի ներառումը, շարունակաբար խախտելով անոր ժողովրդային գերիշխանութիւնը՝ կազի փնտռտուքի պատրուակով:

Նոր-Օսմանական սուլթանը (Էրտողանը) բաց չթողեց որեւէ հանրային տօնակատարութեան առիթ, ըլլայ այն Սեւ ծովի մէջ կազի յայտնաբերումը կամ հիւանդանոցի մը բացման արարողութիւնը, սպառնալու Յունաստանի ազգային անվտանգութեան, սահմանային ամբողջականութեան ու ծովային, հողային եւ բնական հարստութիւններու գերիշխանութեան վտանգման:

Հարկ է անդրադառնալ Յունաստանի կեդրոն-աջ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կառավարութեան եւ գլխաւոր ընդդիմադիր ձախակողմեան «Սիրիզա»-ի («Ձախերու արմատական դաշինք») կատարած՝ թրքական սպառնալիքներուն հակադարձող յայտարարութիւններուն, իւրաքանչիւրը մեկնած իր քաղաքական-գաղափարական դիտանկիւնէն ու ներկապնակի ուղղութենէն:

Կեդրոն-աջ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին, Եւրոպական Միութեան ղեկավար անձնակազմին յղած «Թրքական սադրանքներ» թեմայով իր նամակին մէջ կ'առաջարկէ պատժամիջոցներ պարտադրել Թուրքիոյ պետութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կ'անդրադառնայ յունական-իտալական ու յունական-եգիպտական ծովային սահմաններու առնչութեամբ համաձայնագիրներու կարեւորութեան: Նշուած նամակին ընդմէջէն «Նոր ժողովրդավարութիւն» կառավարութիւնը ԵՄ ղեկավար անձնակազմէն կը պահանջէ խստիւ դատապարտել «Ս. Սոֆիա»-ն մզկիթի վերածելու քայլը:

Միւս կողմէ, «Սիրիզա»-ի դիրքորոշումները այնքան ալ տարբեր չէին կառավարութեան արծարծած հարցերուն շուրջ: «Սիրիզա», գլխաւորութեամբ Յունաստանի նախկին վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասին (վարչապետ՝ 2015-2019 տարիներուն), յունական կղզիներու գերիշխանութեան խախտումը նկատեց ապօրինի եւ անհրաժեշտ գտաւ քուէարկումը ի նպաստ՝ յունական-իտալական ծովային սահմանի համաձայնագրին: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք չէ ընդդիմանալ յունական-եգիպտական ծովային սահմանի շուրջ գոյացած համաձայնագրին դէմ եւ պէտք է անպայման դատապարտել «Ս. Սոֆիա»-ն մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ յաջողութիւնը արարքը:

Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է հասկնալ, երբ երկու գլխաւոր կուսակցութիւններ, որոնք կը գտնուին տարբեր քաղաքական ներկապնակներու մէջ (political spectrums), համակարծիք կ'ըլլան ազգային նիւթերու շուրջ, ինչպէս՝ ժողովրդային գերիշխանութեան խախտման, պատմամշակութային արժէքի սրբապղծման եւ ազգային-պետականութեան էութեան վտանգման: Հարկ է նշել, որ այսպիսի քաղաքական կուսակցութիւնները յաճախ կ'ունենան իրարմէ տարբեր ընկերային-տնտեսական ուղղութիւններ, փիլիսոփայական-տեսական աշխարահայեացքներ, քաղաքական գաղափարախօսութիւններ, քաղաքական միաւորումներու տարբեր անդամակցութիւններ («Սիրիզա»-ն անդամակցելով Եւրոպական ցամաքամասին մէջ արմատական ձախակողմեան կուսակցութիւններու հաւաքածոյ «Եւրոպայի ձախ կուսակցութեան», իսկ «Նոր ժողովրդավարութիւն»-ը՝ կեդրոն-աջ «Եւրոպայի ժողովուրդի կուսակցութեան») եւ քաղաքական դիրքորոշումներ, յատկապէս ընկերային հարցերու շուրջ (եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններ, սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ, հարկային համակարգ եւ այլն...):

Այս հարցումը կրնայ ունենալ մէկ պատասխան. Յունական ազգայնականութիւնը, հակառակ ազգայնամոլութեան, մոլեռանդ, օտարատեաց, ամբոխավար ու ծայրայեղ աջակողմեան տեսաբանութեան, հիմնուած է ազգային-գերիշխանութեան, ազատական-ժողովրդավար կարգերու հաստատման ու յունական պատմական արդարութեան վերականգնման վրայ: Յունական ազգայնականութիւնը իր խոր արմատները նետած է Յունաստանի կուսակցութիւններուն մէջ, ըլլան անոնք իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, աջակողմեան թէ ձախակողմեան: Անոնք բոլորն ալ կը միտին պաշտպանել յոյն ազգի բովանդակ շահերը, առաջնորդելով համամարդկային ժողովրդավարութեան, ինքնորոշման, գերիշխանութեան եւ ազգային-հաւաքական արժէքներով:

Յունական ազգային գաղափարախօսութիւնը, իր հովանիին տակ կը հաւաքէ տարբեր քաղաքական-տեսաբանական ներկապնակներու մէջ գտնուող՝ տարբեր տնտեսական համակարգերու ջատագովներ ու հասարակութեան ընկերային յարաբերութեանց տարբեր դիտանկիւններէ դիտող՝ քաղաքական կուսակցութիւններ: Աջակողմեան եւ ձախակողմեան հոսանքներու պատկանումը, ոչ թէ միայն առաւելութիւն մըն է յունական ազգային-քաղաքական մտքին, այլ նաեւ ազգային, պատմական ու հասարակական արժէք է, որ հնարաւորութիւն կու տայ դիտելու ապա վերլուծելո ներկայ քաղաքական, տարածաշրջանային, դիւանագիտական եւ ռազմական, զարգացումները, անոնց տալով՝ քաղաքական փիլիսոփայական հիմնաւորում:

Ներկայ կիսապատերազմական մթնոլորտին մէջ, Յունաստանի գլխաւոր ընդդիմադիր ձախակողմեան «Սիրիզա» կուսակցութիւնը ազգային գերիշխանութեան, ազգային-անվտանգութեան, ռազմավարութեան եւ դիւանագիտութեան շուրջ իր համաձայնութիւնը յայտնելով կեդրոն-աջ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կառավարութեան որդեգրած մօտեցումներուն, ընտրած կ'ըլլայ իրապաշտութեան եւ գործնապաշտութեան ուղին՝ հաշտեցնելով իր կրած քաղաքական-գաղափարաբանական հիմքերը՝ Յունաստանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական, դիւանագիտական, ռազմական մարտահրաւէրներուն հետ, վեր դասելով ազգային-անվտանգութեան, գերիշխանութեան, սահմաններու ամբողջականութեան եւ ազգային միասնականութեան հարցը՝ տեսաբանական վէճերէն, հեռու մնալով կոյր գաղափարապաշտութենէ, վարդապետութենէ, ուղղափառութենէ, ներկապնակային արմատականացումէ եւ քաղաքական ծայրայեղութենէ, զուտ քաղաքական-կուսակցական շահերու հետապնդումներէ:

Հետեւաբար, պէտք է հասկնալ, որ կիսապատերազմական մթնոլորտին մէջ, երբ ազգային սահմանները թիրախ կ'ըլլան գրաւման, երբ ժողովրդային գերիշխանութիւնը ենթակայ կ'ըլլայ ոտնակոխման, երբ պատմական ժառանգութիւնը կը գտնուի անհետացման վտանգի առջեւ, երբ ազգային-պետականութիւնը կը գտնուի՝ արտաքին գրաւման, իսկ ազգ մը ամբողջովին՝ ցեղասպանութեան վտանգին մէջ (նկատի առնելով առաջին աշխարհամարտի հետեւանքով կազմակերպուած Յունական ցեղասպանութիւնը), երբ պետութիւններու սահմաններ համաշխարհային քարտէզներու վրայ փոփոխման դէմ յանդիման կը գտնուին, երբ պատմութիւնը խեղաթիւրման կրնայ ենթարկուիլ գրաւող պետութեան կողմէ, երբ պատմական յուշարձաններ կործանման կրնան ենթարկուիլ եւ ամէնէն կարեւորը՝ երբ հազարաւոր տարիներու մշակոյթ մը, որ դարձաւ արեւմտեան աշխարհի քաղաքակրթութեան ծննդավայրը ու համամարդկային արժէքներու գլխաւոր աղբիւրը, ապա ազգային միասնականութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտութիւն, եւ այսպիսով՝ ազգային շահերը ամէն տեսակի քաղաքական դիրքորոշումներէն վեր կ'ըլլան:

Նաթան Պետրոսեան.

Նաթան Պետրոսեան.

Նաթան Պետրոսեան. Ծնած եմ Պաղտատ, Իրաք`24.8.19...