image

Յունական Քիոս եւ Քոս կղզիներուն մէջ անտառային հրդեհներ են. զբօսաշրջիկները կը տարհանուին (լուսանկարներ)

Յունական Քիոս եւ Քոս կղզիներուն մէջ անտառային հրդեհներ են. զբօսաշրջիկները կը տարհանուին (լուսանկարներ)

Յունական Քիոս եւ Քոս կղզիներուն մէջ կը մոլեգնին անտառային հրդեհները, որու հետեւանքով զբօսաշրջիկները տարհանած են հիւրանոցներէն, յայտնած է Daily Mail-ը:

Նշուած է, որ աշխուժ զբօսաշրջային ուղղութիւններ հանդիսացող այս կղզիներուն մէջ երկինքն ամբողջովին պատուած է ծուխով, մինչդեռ զօրաւոր քամին կ՚արագցնէ կրակի տարածումը: Որպէս հրդեհներու բռնկման պատճառ նշուած է չափազանց երկար տեւած տաք եւ չոր եղանակը:

Կրակի դէմ պայքարող շուրջ 120 հրշէջի շարքերուն կան վիրաւորներ:

Երկրի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը կղզիներուն մէջ հանգստացողները նախազգուշացուցած է, որ հրդեհները կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ:

«Այս տարուան ամառը յատկապէս վտանգաւոր կրնայ ըլլալ անտառային հրդեհներու առումով», -ըսած է վարչապետը:

Ուղղաթիռներն ու օդանաւերը անընդհատ վերէն ջուր կը լեցնեն մոլեգնող անտառային հրդեհներու դէմ պայքարելու համար: