Յորդանանը ետ կանչած է յորդանանահայ վաւերագրող Սարին Հայրապետեանի «Տունս քաղցր ա» վաւերագրական ֆիլմը, որ այդ երկրի շարժանկարի յանձնաժողովն ընտրած էր «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» անուանակարգի մէջ ներկայացնելու համար:
Deadline-ին յայտնի դարձած է, որ Ատրպէյճանի ճնշման տակ Յորդանանը ետ կանչած է ֆիլմը։ Կայքի հաղորդմամբ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը գրած է Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ խնդրելով վերանայիլ ֆիլմի ընտրութիւնը։ Նախարարութիւնն ալ իր հերթին ճնշում գործադրած է Յորդանանի թագաւորական շարժանկարի յանձնաժողովի վրայ՝ ֆիլմը ետ կանչելու համար:
Բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանը եւ ֆիլարտադրող Ազզա Հուրանին Deadline-ին ըսած են. «Սա շատ կործանարար նորութիւն է մեր խումբի համար, որ արգիլեր, հետեւաբար լռեցուցեր են երեխային պատմելու իր պատմութիւնը իր տան եւ ընտանիքի հանդէպ սիրոյ մասին: Որպէս վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակներ, այս գրաքննութիւնը կը ստիպէ մեզի աւելի աշխուժ կիսուիլ «Տունս քաղցր ա» ֆիլմի գլխաւոր հերոս Վրէժի պատմութիւնով, որ կ՚արտացոլէ այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ անթիւ երեխաներու փորձութիւնները, որոնք արժանի են երազելու ազատօրէն՝ առանց պատերազմի եւ հակամարտութեան սպառնալիքի»:
Ակադեմիայէն ըսած են շարժանկարի գործիչներուն, որ անոնք կրնան ներկայացնել «Տունս քաղցր ա» ֆիլմը դիտարկման՝ որպէս լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ, եթէ անոնք հետեւին որակաւորման ընդունուած ընթացակարգերուն: Ֆիլմը ստեղծող խումբը պայքարած է ԱՄՆ-ի մէջ որակաւորման փուլ կազմակերպելու համար: