«Հայաստան» խմբակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով աւելի վաղ ըրած յայտարարութեան, կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ ապահովել պակսող 28 պատգամաւորի ստորագրութիւնները ողջամիտ ժամկէտներու մէջ՝ ԱԺ-ի մէջ պաշտօնանկութեան գործընթաց նախաձեռնելու համար, Yerkir.am-ին յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը:
«Այս հարցերի շուրջ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան մեր գործընկերների հետ պատրաստ ենք յաւելեալ քննարկման»,- աւելցուցած է ան:
Նշենք, որ աւելի վաղ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը յայտարարած է Դաւիթ Համբարձումեանի թեկնածութեամբ պաշտօնանկութեան գործընթաց նախաձեռնելու մասին: