image

Ատրպէյճան կործանիչներու գնման խոշոր գործարք կնքած է Փաքիստանի հետ

Ատրպէյճան կործանիչներու գնման խոշոր գործարք կնքած է Փաքիստանի հետ

Ատրպէյճանը Փաքիստանէն պատուիրած է 40 միաւոր JF-17 կործանիչ՝ կնքելով Փաքիստանի պատմութեան խոշորագոյն պաշտպանական գործարքը, յայտնած է Forbes-ը։

Այս գործարքը Փաքիստանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան պատմութեան մէջ ամենամեծն է։ Պայմանագրի ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 4,6 միլիառ տոլար եւ կը ներառէ նաեւ 2 միլիառ տոլար ներդրումային փաթեթ։ Գործարքը պաշտօնապէս հաստատուած է Փաքիստանի կառավարութեան կողմէ։

Այս կործանիչը Փաքիստանը մշակած է Չինաստանի հետ համատեղ։

JF-17 Block III-ն առաջին թռիչքը կատարած է 2019-ին։ Պաշտպանական ոլորտի վերլուծաբանները կ՚ենթադրեն, որ Ատրպէյճանը կրնայ կործանիչի սպառազինութեան մէջ ներառել նաեւ թրքական արտադրութեան Gökdoğan եւ Bozdoğan հրթիռները, որ կը վկայէ Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամրապնդուող պաշտպանական համագործակցութեան մասին։

Կործանիչները պիտի համալրուին նաեւ ASELPOD նշանառութեան համակարգերով։ Այդ արհեստագիտութիւնը այժմ կ՚օգտագործեն միայն քանի մը երկրներ, այդ շարքին՝ Փաքիստանը եւ Նիժերիան։