image

Յորդանանի Ապտալլա Թագաւորը Մեծ Վստահութիւն Ունի Հայերուն Հանդէպ. Գէորգ Մըսրլեան

Յորդանանի Ապտալլա Թագաւորը Մեծ Վստահութիւն Ունի Հայերուն Հանդէպ. Գէորգ Մըսրլեան

«Արեւելք»ի  Հարցազրոյցը  Ջրային Պաշարներուն  Մասնագէտ  Գէորգ Մըսրլեանին Հետ

 «Միջին Արեւելքի ընդհանուր  իրավիճակը  կրնայ  տագնապահար ընել ամբողջ  շրջանը»,- «Արեւելք»ին ըսաւ   ջրային պաշարներու  ճարտարագէտ Գէորգ Մըսրլեան:  Ան նաեւ նկատել  տուաւ, որ Իրաքէն ետք այսօր  Սուրիա  կը գտնուի ծանր հանգրուանի մը մէջ եւ եթէ դէպքերը այս ընթացքով   շարունակուին, ապա  ամբողջ շրջանը   կրնայ  աղէտահար դառնալ: «Ես աշխատանքիս բերումով ամէնօրեայ շփում ունիմ  Յորդանանի կառավարական խաւին հետ, որովհետեւ, իբրեւ ջրային   պաշարներու ճարատագէտ, անմիջական   կապ ունիմ Յորդանանի ջուրի նախարարութեան հետ եւ կրնամ ըսել, որ այսօր անոնց ամենամեծ մտահոգութիւնը ջուրի    ապահովման հետ  կապուած  շտապողական ծրագրերու իրականացնումն է  Յորդանան   ապրող    1.5 միլիոն սուրիացի փախստականներու համար»,-  ըսաւ ան յայտնելով, որ այսօր ամենամեծ տագնապներէն մէկը ջուրի հարցն է, յատկապէս Յորդանանի   եւ   տարածքաշրջանի «Ալ Զահթարի»  (որ   տարածքաշրջանին մէջ սուրիացիներու ամենամեծ  գաղթակայանը  կը   համարուի) գաղթակայանին մէջ: Մըսրլեան   նաեւ նկատել  տուաւ, որ  ամենամտահոգիչը այնտեղ ապաստանած 400-էն 500 հազար  մարդու օգտագործած  կեղտոտ   ջուրի կուտակումն է եւ  մտավախութիւն կայ, որ այդ ջուրը խառնուի  գաղթակայանին  տակը գտնուողմաքուր ջուրի խոշորաւազաններուն մէջ, ուստի ծրագրի առաջին քայլը այս օգտագործուած աղտօտ  ջուրի մաքրումն է (waist water treatment):  Մեր զրուցակիցը  նաեւ յայտնեց, որ հիմա սկսած է պզտիկ զտման կայաններու շինարարութիւնը եւ յետագային կամաց-կամաց աւելի մեծ կայաններ կառուցելու նպատակով, «գործը ընթացքի մէջ է, բայց ասի վերջանալիք խնդիր չէ, որովհետեւ հետզհետէ այլ մարտահրաւէրներ կ'առաջանան, հետեւաբար դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէս մենք պիտի կարենանք Յորդանանի մէջ բնականոն կեանքը  շարունակել , շատ մտահոգիչ է կացութիւնը»,- յարեց Մըսրլեան:

Անդրադառնալով Յորդանանի քաղաքական իրավիճակին, մեր զրուցակիցը նշեց, որ մինչեւ օրս երկիրը կայուն եւ խաղաղ վիճակ մը ունի, անկախ կատարուած կարգ մը խառնակչական փորձերէն, սակայն Յորդանանի շահեկան խաղաքարտը ժողովուրդի գիտակցութիւնն է նշելով, որ անոնք ականատես ըլլալով հարեւան երկիրներու մէջ պատահածներուն եւ անոնց արդիւնքներուն երկրի բոլոր  քաղաքական  խաւերը   դարձած են զգուշաւոր:Աննշեց  սակայն, թէ անկախ քաղաքական ապահովութենէ, տարածաշրջանի մէջ պատահածը այնուամենայնիւ իր վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ Յորդանանի վրայ, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ, ուր շատ արագ կերպով անոր միջոցները  կրնան  սպառիլ  «եթէ միջազգային հանրութիւնը շտապ օգնութիւն մը չընէ Յորդանանին,  մանաւանդ ջրային  պաշարներու   ապահովման առընթեր:

Մըսրլեան, խօսելով  Միջին Արեւելքի մէջ  սկիզբ  առած «արաբական Գարնան» մասին, նշեց, որ  անուանումը  սխալ անուանում մըն է, որ այս մէկը արաբական գարուն չէ, այլ, ինչպէս 4 տարիներ առաջ թագաւորը ըսած էր, թէ  այս մէկը «արաբական ձմեռ է», ինչի ապացոյցը եղան երկիրներու քայքայումն ու ժողովուրդներու աղէտը: Այս  առումով ներկայացնելով  իր համոզումը,  ան ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ արեւմտեան երկիրները կ'ուզեն Միջին Արեւելքը ներսէն քայքայուած ըլլայ, որպէսզի իրենք դիւրաւ ձեռք դնեն այնտեղ գտնուող նաւթին եւ կազին վրայ»,- աւելցնելով, որ արդէն բոլորին յստակ է, թէ մինչեւ 2045-47 թուականներ աշխարհի նաւթը պիտի   սպառի,  իսկ կազը, համեմատաբար քիչ մը աւելի երկար կեանք պիտի ունենայ, հետեւաբար արեւմտեան երկիրները խառնաշփոթ վիճակ կ'ուզեն ստեղծել, որպէսզի օգտուին «եւ ահաւասիկ այսօր կը տեսնենք ինչպէս Իրաքի եւ Սուրիոյ  նաւթը կը կողոպտուի, կը թալանուի եւ նոյնիսկ  դէպի Թուրքիա կը տարուի»,- ըսաւ ան, եզրակացնելով, որ այս ծրագիրներու դրդապատճառը տնտեսական է: Մըսրլեան, անդրադառնալ տուաւ այն փաստին, որ որոշ արեւմտեան ուժեր կ'օգտագործեն իսլամներու միջեւ կրօնական հակամարտութիւնները եւ ատելութիւն կը   սերմանեն ժողովուրդներուն  միջեւ, բան մը, որ նախապէս գոյութիւն չէր ունեցած: «Յորդանանի մէջ մենք արաբ, այլազգ, հայ, քրիստոնեայ, բոլորս միասին ապրած ենք, առանց ոչ մէկ տարբերութեան, նոյն սովորութիւնները, նոյն ճաշերը, նոյն հագուստի ձեւերը, մեր տօները իրար հետ տօնած ենք, հիմա դժբախտաբար այդպիսի կեանք չկայ, ամէն մէկը իր պատեանին մէջն է՝ որպէսզի պաշտպանուի»,-ըսաւ ան, նշելով որ այս ամէնը թաքուն ծրագիրներու հետեւանք է, որ կը միտի հասարակութիւն քայքայելով չարաշահել տնտեսական աղբիւրները:

Այնուհետեւ, անդրադառնալով Յորդանանի մէջ ապրող համայնքին, նշեց, որ այնտեղ կը գործեն քանի մը միութիւններ,  որոնցմէ  են Ամմանի Ազգային Միութիւնը (ԱՄՄ), որու ներքոյ կը գործեն ՀԲԸՄ-ը եւ ՀԵԸ-ը: Խօսելով  ԱՄՄ-ի իրականացուցած ծրագրերու մասին, յայտնեց, որ միութիւնը ունի իր պարախումբը, երգչախումբը, կ'իրականացնէ տարեկան ծրագիրներ, ինչպէս՝ դասախօսութիւններ, տօնակատարութիւններ, ձեռնարկներ, Ապրիլ 24-ի ոգեկոչում եւ այլն: «Հակառակ գաղութի նօսր թիւին, Ամմանի կամ Յորդանանի մէջ, մենք շատ աքթիւ գաղութ ենք»,- ըսաւ ան, աւելցնելով, որ վերջին 2-3 տարիներուն գաղութը իր թիւով եւ գործունէութեամբ աւելի զօրացած է, շնորհիւ Իրաքէն եւ Սուրիայէն ներգաղթած հայերուն: Այս ուղղութեամբ ան նշեց, որ Յորդանանի հայ գաղութը տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ մատուցած է օգնութեան կարիք ունեցող գաղթականներուն: «Ան որ անտուն մնացած էր, պզտիկ տուն մը ապահովեցինք, գոյքեր, սնունդ տրամադրեցինք, անվճար ուսում ապահովեցինք եւ այլն»,- ըսաւ ան, նշելով, որ անոնց թիւը չի գերազանցեր հազարը, անոնք հիմնականը հայկական թաղամասին մէջ կ'ապրին, պարազապէս որ եկեղեցիին եւ հայկական դպրոցին մօտ ըլլան, իսկ Յորդանանի մէջ ընդհանուր հայերու թիւը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Երուսաղէմը, որպէս հայկական գաղութ  կը  կազմէ 4–էն 5 հազար, որոնք մեծ մասամբ  մայրաքաղաք Ամմանին մէջ կը բնակին, շատ աշխոյժ եւ ներգրաւուած են հայկական կեանքին մէջ:

Անդրադառնալով Յորդանանի  Ապտալլա  Բ. Թագաւորին՝  հայերու հանդէպ ունեցած  ջերմ վերաբերմունքին, Մըսրլեան  նշեց, որ թագաւորը իր հօրը օրերէն ի վեր հայերուն հանդէպ յատուկ վերաբերմունք մը ունէր, որ աւելի շատ պայմանաւորուած էր հայ անհատներու հետ ունեցած կապերով, որովհետեւ հայերը որեւէ երկիր որ երթան վստահութիւն կը ներշնչեն եւ հաւատարիմ կը մնան այդ երկրին, «ոչ թէ միայն Հիւսէյն, այլ թագաւորի մեծ հօր՝ Ապտուլլահի, հէշիմական թագաւորութեան հիմնադրութեան ժամանակէն, անոնց բոլոր խոհարարները, վարորդները, նկարիչները հայ եղած են, եւ երբ Հիւսէյն թագաւոր իշխանութեան  հասաւ, ինքն ալ շարունակեց նոյն ձեւով, անոնց օդաչուները, ժամագործը, ակնոցավաճառը հայեր են եւ մինչ հիմա այս աւաւանդութիւնը կայ»,- ըսաւ ան, նշելով, որ թագաւորն ու կառավարութիւնը կը յարգեն հայերը  եւ այդ յարգանքի ու սիրոյ վերջին արտայայտութիւնը եղած էր  Քրիստոսի ծննդեան 2000 թուականին առիթիւ Յորդանանի գետի ափին, ուր Յիսուս մկրտուած էր, քրիստոնէական գաղութներուն հողատարածք յատկացնելը, որպէսզի ամէն մէկ գաղութ եկեղեցի կամ վանք կառուցէ  եւ այս նուիրատուութենէն մեծ հողակտոր մը բաժին հանեց նաեւ հայերուն: «Քանի մը տարի առաջ կառուցուեցաւ մեր երկրորդ հայոց եկեղեցին Յորդանանի մէջ, որ կոչուեցաւՍ. Կարապետ եկեղեցի, ի յիշատակ Երուսաղէմի մէջ ապրած հայ շատ յայտնի բժիշկի հօր՝ Կարապետին, որու Յորդանանի գետի ափին թաղուելու երազանքը հրեաներու արգելքի պատճառով չէր իրականացած, հետեւաբար անոր որդին հոգաց եկեղեցւոյ կառուցման ծախսերը եւ  իր հօր անունով մկրտուեցաւ եկեղեցին»,- ըսաւ Մըսրլեան նշելով, որ գաղութի միւս անդամներն ալ մասնակցած էին եկեղեցւոյ  պէտքերու ապահովման   գործին:

Այնուհետեւ խօսելով Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւններու մասին,  Գէորգ Մըսրլեան յայտնեց, որ միշտ լաւ յարաբերութիւններ եղած է երկու երկիրներու միջեւ, շնորհիւ Յորդանանի գաղութի ջանքերուն Հայաստանի նախագահը այցելած էր Ամման, Ս.Կարապետ եկեղեցւոյ բացումը կատարելու առթիւ, եւ նոյն այցի ժամանակ Յորդանանի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ստորագրուած էր համաձայութիւն մը, որ Հայաստանը ռուսերու կողմէ կառուցուած  կորիզային  կայանի հսկողութիւնը իրականացնէ, եւ այս համաձայնութեան հիմնական նպատակը Հայաստան- Յորդանան փորձառութեան փոխանակումն է,   կորիզային   կայաններու ոլորտին մէջ: Ան նշեց նաեւ, որ ամիսներ առաջ Ամման մայրաքաղաքի քաղաքապետը՝ Աքըլ Պըլթաճի Հայաստան այցելած էր եւ  Երեւանի քաղաքապետին հետ ուրիշ համաձայնութիւն մը ստորագրած, որու  հիմամբ Երեւանը եւ Ամմանը յայտարարուած էին քոյր քաղաքներ, ինչպէս նաեւ ան մասնակցած  էր Հանրապետութեան հրապարակի մէջ իրականցուած Երեւան-Էրէբունի  տօնակատարութեանց: