image

Յորդանանի Ապտալլա Թագաւորը կտրականապէս դէմ է Կազայէն պաղեստինցիներու տարհանման

Յորդանանի Ապտալլա Թագաւորը կտրականապէս դէմ է Կազայէն պաղեստինցիներու տարհանման

Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Երկրորդը Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպման վերահաստատած է իր երկրի անսասան դիրքորոշումը Կազայէն եւ Յորդանան գետի արեւմտեան ափէն պաղեստինցիներու տեղահանման դէմ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Յորդանանի Petra լրատուական գործակալութիւնը։

Թագաւորը շեշտած է արդար ու համապարփակ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը, որ կ՚ապահովէ Պաղեստինի ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներն իր ազգային հողին վրայ եւ կ՚երաշխաւորէ բոլորի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Ան նաեւ վերահաստատած է Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի ամրապնդման, մարդասիրական արձագանգի աշխուժացման եւ Կազայի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը։

Ապտալլա Երկրորդը լրագրողներուն յայտնած է, որ Կազայի հատուածին մէջ քաղցկեղէ եւ այլ ծանր հիւանդութիւններէ տառապող մօտ 2000 երեխայ պիտի տեղափոխուի Յորդանան բուժում ստանալու նպատակով։

Յորդանանի թագաւորը բարձր գնահատած է նախագահ Թրամփի առանցքային դերը Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի համաձայնագրի ձեռքբերման գործին մէջ։ 

Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին եւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները։ Թագաւորն ընդգծած է իրավիճակի վատթարացումը կանխելու համար անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու կարեւորութիւնը։

Ապտալլա Երկրորդը շեշտած է Միացեալ Նահանգներու եւ նախագահ Թրամփի դերի կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան հասնելու ջանքերուն աջակցելու գործին մէջ՝ յայտնելով այդ հարցով օգնելու իր պատրաստակամութիւնը։

Իր հերթին նախագահ Թրամփն ընդգծած է Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ապտալլա Երկրորդին տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար թագաւորութեան գործադրած ջանքերու համար։