image

Ըստ ուքրանացի նախարարին ՝ Զելենսքի չի պատրաստուիր յանձնուելու

Ըստ ուքրանացի նախարարին ՝ Զելենսքի չի պատրաստուիր յանձնուելու

Եթէ Արեւմուտքի ջանքերը կեդրոնացած ըլլան երեք ուղղութիւններու վրայ` զէնք Ուքրանիոյ համար, պատժամիջոցներ Ռուսաստանի դէմ եւ ֆինանսական աջակցութիւն Ուքրանիոյ, ապա Ռուսաստանը ստիպուած պիտի ըլլայ դադրեցնելու այս պատերազմը:

 

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան անդրադարձած է ռազմական գործողութիւններու լոյին տակ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ բանակցութիւններուն, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է չէզոք կարգավիճակ Ուքրանիոյ համար, եւ ինչպէ՞ս Արեւմուտքը կը գնահատ Քիեւին` յաղթելու հնարաւորութիւնները:

Խօսելով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպման հաւանականութեան մասին, Քուլեպան նշած է, որ հանդիպման գաղափարը նորութիւն չէ:

«Վերջին մէկ տարուայ ընթացքին, կամ նոյնիսկ աւելի, մենք այս մասին կը խօսէինք միայն Տոնպասի մէջ իրավիճակի հանգուցալուծման, իսկ այժմ արդէն կը խօսինք պատերազմի փուլի աւարտի ծիրին մէջ: Նման հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները վաղուց կ'ընթանան: Տրամաբանութիւնը շատ պարզ է` եթէ Ռուսաստանի մէջ ամէն ինչ կ'որոշէ Փութինը, ապա այսպէս թէ այնպէս Փութինի հետ Է պէտք բանակցիլ: Միեւնոյն ժամանակ, ես չեմ կասկածիր, որ այդ սկզբունքային խօսակցութիւն պիտի ըլլայ: Դուք բոլորդ կը տեսնէք նախագահ Զելենսքիի գործողութիւնները, անոր խօսքերը, ուստի ոչ ոք պիտի չերթայ նման հանդիպման` յանձնուելու համար: Նախագահը այժմ շատ ուժեղ դիրքերու մէջ է, եւ նման հանդիպման ընթացքին ան պիտի խօսի ուժեղ դիրքերէ», ըսած է Քուլեպան:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ արդեօք Ուքրանիան իսկապէս կրնա՞յ չէզոք կարգավիճակի համաձայնիլ անվտանգութեան երաշխիքներու պարագային, արտաքին գործոց նախարարը նշած է. «Ռուսաստանը շարք մը պահանջներ ունի Ուքրանիոյ նկատմամբ: Անոնք ըստ էութեան կապիտուլեացիայի վերջնագիր են: Մենք կը մերժենք այս մօտեցումը, կը փափաքինք բանակցութիւններ, որոնց շրջանակներուն մէջ կը գտնուին հաւասարակշռուած լուծումներ:

Այժմ Ուքրանիան կեդրոնացած է բանակցային գործընթացի ընթացքին սահմանելու, թէ ինչ անվտանգութեան երաշխիքներ պատրաստ է Ռուսաստանի Դաշնութիւնը տրամադրելու Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններուն, առաջին հերթին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներուն: Երբ հասկնանք, թէ անվտանգութեան ինչ երաշխիքներու մասին է խօսքը, կրնանք որոշել, թէ ուր պիտի ըլլայ մեր կառուցողական քայլը: Ես հիմա չեմ խօսիր չէզոքութեան կամ որեւէ այլ ոլորտի մասին, այլ կը խօսէի այն մասին, թէ ինչպէս Ուքրանիան պիտի ստանայ անվտանգութեան երաշխիքներ: Չէզոքութիւնը ինքնին խնդիրի լուծում չէ: Լուծումը անվտանգութեան երաշխիքներն են»:

Քուլեպան նաեւ յաւելած է, որ եթէ Արեւմուտքի ջանքերը կեդրոնացած ըլլան երեք ուղղութիւններու վրայ` զէնք Ուքրանիոյ համար, պատժամիջոցներ Ռուսաստանի դէմ եւ ֆինանսական աջակցութիւն Ուքրանիոյ, ապա Ռուսաստանը ստիպուած պիտի ըլլայ դադրեցնելու այս պատերազմը: