image

Զելենսքի քննադատած է Փութինը

Զելենսքի քննադատած է Փութինը

Ողջախոհ մարդը նման բան չէր ըսեր. այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին՝ մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ «արհեստագիտական մենամարտ» կայացնելու երէկուան առաջարկը:

«Դուք կը կարծէք, որ սա հաւասարակշի՞ռ մարդ է, պարզապէս տականքներ են», -ըսած է ան Պրիւքսէլի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին՝ արձագանգելով Ռուսիոյ Գերագոյն ընդհանուր հրամանատարի խօսքերուն։

Ռուսիոյ նախագահն Արեւմուտքին առաջարկած էր «արհեստագիտական մենամարտ» կայացնել՝ Քիեւի մէջ թիրախ ընտրել, այնտեղ կեդրոնացնել ՀՕՊ բոլոր ուժերը, որմէ ետք Ռուսիան թիրախը կը հարուածէ «Օրեշնիք» հրթիռով:

«Մենք պատրաստ ենք նման փորձի»,-ըսած էր Ռուսիոյ նախագահը։