image

Իսրայէլ դադրեցուցած է Կազա քաղաքի գրաւման գործողութիւնը

Իսրայէլ դադրեցուցած է Կազա քաղաքի գրաւման գործողութիւնը

Իսրայէլի քաղաքական ղեկավարութիւնը հրահանգած է բանակին դադրեցնել Կազա քաղաքի գրաւման գործողութիւնը եւ նուազագոյնի հասցնել գործունէութիւնը Կազայի հատուածին մէջ՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրը կեանքի կոչելու հարցով պատերազմող կողմերու համաձայնութենէն ետք, կը հաղորդէ Իսրայէլի ռազմական ռատիոն։

«Իրավիճակի գիշերային գնահատականներէն եւ ամերիկացի ներկայացուցիչներու հետ բանակցութիւններէն ետք՝ քաղաքական ղեկավարութիւնը յանձնարարած է Իսրայէլի պաշտպանական ուժերուն նուազագոյնի հասցնել իրենց գործունէութիւնը Կազայի մէջ եւ իրականացնել միայն պաշտպանական գործողութիւններ»,– հաղորդած է ռատիոկայանը։

Նշուած է, որ այս որոշումը փաստացի կը նշանակէ Կազայի գրաւման գործողութեան դադրեցում։