Կառավարութեան այսօրուան նիստին որոշում կայացուած է, ըստ որու` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի` 2018 թուականի ընտրութիւններուն 3 եւ աւելի տոկոս ձայն հաւաքած կուսակցութիւններուն ու կուսակցութիւններու դաշինքներուն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի:
Կառավարութեան որոշման նախագիծին համաձայն՝ «Իմ Քայլը» դաշինքին պիտի յատկացուի 78 միլիոն դրամ, ԲՀԿ-ին՝ 9 միլիոն 150.7 հազար, «Լուսաւոր Հայաստան»-ին՝ 7 միլիոն 056.7 հազար, ՀՀԿ-ին՝ 5 միլիոն 208.5 հազար, ՀՅԴ-ին՝ 4 միլիոն 303.4 հազար դրամ:
Ընդհանուր առմամբ կուսակցութիւններուն պիւտճէէն կը նախատեսուի յատկացնել 103 միլիոն 725.6 հազար դրամ: