image
Հրատապ լուրեր:

Սպիտակ տունը պիտի չեղարկէ Politico-ի The New York Times-ի եւ The Associated Press-ի ֆինանսաւորումը

Սպիտակ տունը պիտի չեղարկէ Politico-ի The New York Times-ի  եւ The Associated Press-ի ֆինանսաւորումը

Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնները պիտի դադրեցնեն ամերիկեան Politico, The New York Times թերթերու եւ The Associated Press լրատուական գործակալութեան ֆինանսաւորումը։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին X-ի էջին յայտնած է Իլոն Մասքը, որ կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան արդիւնաւէտութեան վարչութիւնը (Department of Government Efficiency, DOGE):

Խօսքը կը վերաբերի այդ զանգուածային լրատուամիջոցներու թանկ արժող բաժանորդագրութիւններու համար իրականացուող վճարումներուն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ։ Մասքի տուեալներով՝ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դադրեցուցած է վճարումները The Associated Press-ին, Ելեւմուտի նախարարութիւնը դադրեցուցած է The New York Times-ի բաժանորդագրութեան վճարումները, իսկ Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային վարչութիւնը (NASA) հրաժարած է Politico-ի ծառայութիւններէն։

Փետրուար 5-ին Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քերոլայն Լեւիթը յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի չեղարկէ Politico-ի բաժանորդագրութիւնը տարեկան մօտ 8 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ։ Ան նշած է, որ, ըստ էութեան, Politico-ն նիւթական յատկացում ստացած է ամերիկացի հարկատուներու հաշուոյն, եւ Կառավարութեան արդիւնաւէտութեան վարչութեան խումբն արդէն սկսած է թերթին վճարումները վերացնելու աշխատանքը։ Այժմ Մասքի գերատեսչութիւնը ձեռնամուխ եղած է այլ լրատուամիջոցներու բաժանորդագրութիւններու համար Միացեալ Նահանգներու դաշնային գործակալութիւններու ծախսերու վերստուգման: Աւելի վաղ ան կտրուկ դէմ արտայայտուած էր պետական միջոցներու հաշուոյն լրատուամիջոցներու ֆինանսաւորման գործելակերպին։