image

Զելենսքի խորհրդարան ներկայացուցած է Ուքրանիոյ մէջ ռազմական դրութիւնը եւ զօրահաւաքը երկարաձգելու մասին օրինագիծերը

Զելենսքի խորհրդարան ներկայացուցած է Ուքրանիոյ մէջ ռազմական դրութիւնը եւ զօրահաւաքը երկարաձգելու մասին օրինագիծերը

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Գերագոյն ռատա (խորհրդարան) ներկայացուցած է օրինագիծեր՝ մայիս 4-էն սկսեալ երկրին մէջ ռազմական դրութիւնը եւ զօրահաւաքը եւս 90 օրով երկարաձգելու մասին։ Համապատասխան փաստաթուղթերը տեղադրուած են Ուքրանիոյ խորհրդարանի կայքին վրայ։

Փաստաթուղթերը ներկայացուած են համապատասխան յանձնաժողովի քննարկման, որմէ ետք պէտք է դրուին պատգամաւորներու ընդհանուր քուէարկութեան։

Ռազմական դրութիւնը եւ ընդհանուր զօրահաւաքը Ուքրանիոյ մէջ սահմանուած են 2022 թուականի փետրուար 24-ին։ Ասիկա պիտի ըլլայ այդ դրութիւններուն արդէն 19-րդ երկարաձգումը։ Ռազմական դրութեան եւ զօրահաւաքի շարունակական երկարաձգման պատճառով Ուքրանիոյ մէջ չեն կատարուիր ոչ խորհրդարանական, ոչ նախագահական, ոչ ալ տեղական ընտրութիւններ։ Զելենսքիի նախագահական լիազօրութիւնները պաշտօնապէս լրացած են 2024 թուականի մայիս 20-ին։