image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (6). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (6). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Վերջին տարիներս հայերէն խուժեցին  օտարոտի բառեր կամ աւելի  ճիշդը բառային  անկոչ, անհասցէ, անմիտ ու աննպատակ կիրարկութիւններ, որոնք մօտիկ անցեալին  չկային կամ այսքան չէին  աղարտեր մեր լեզուն, յատկապէս լրագրականը: Ներկայիս տեղի ունեցողը համավարակ մըն է, որ չէ խնայած ոչ մէկ լրատու աղբիւրի:

Այդպիսիներէն են՝

***Վերաբերեալ

Բառարաններու մէջ խելօք մը բազմած՝ անմեղ, աննշմար դերբայ մըն էր այս, գրաբարեան կառոյցով, որուն աշխարհաբարը պիտի տար վերաբերող,   սակայն չես գիտեր ինչո՛ւ մեր լեզուն վարժուած է հին ձեւին, ճիշդ ինչպէս կ’ըսենք անցեալ, մեռեալ՝ «անցած» եւ «մեռած» ըսելու փոխարէն:

Ահա այս անվնաս ու ըստ ամենայնի անտեսուած բառը յանկարծ անբացատրելի կենսունակութիւն մը ստացաւ եւ հիմա ան միշտ եւ ամէն տեղ է: Չկայ էջ մը, ուր ան  երբեմն մինչեւ տասը-տասնհինգ  կիրարկութիւն չունենայ: Բացէ՛ք «Ազդակ»-ի որեւէ թիւ եւ անոր յատկապէս քաղաքական  մռայլ էջերը  ու հեշտութեամբ պիտի հաստատէք ըսածս: Միւս բոլոր լրագրերը կը ջանան արժանապատուօրէն մրցիլ «Ազդակ»-ին հետ եւ այնքան ալ ետ չեն մնար: Վասնզի... սորվեցան, ըսել կ’ուզուի՝ վարակուեցան:

Ահաւասիկ օրինակներ.

--Դատարան ներկայացուած է  գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հայցադիմում  մը:

--Պատերազմի ծագման վերաբերեալ իսկական ցուցանիշեր չկան:  

Լեզուական եւ իմացաբանական բացարձակապէս ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին այստեղ երեւցող զոյգ վերաբերեալ-ները:

Բռնագանձման վերաբերեալ՝ կը նշանակէ բռնագանձման վերաբերող, աւելի պարզ ասած՝ բռնագանձումին պատկանող: Արդ,  «բռնագանձումին» սեռական հոլովը առանձինը այդ պատկանելիութիւնը ցոյց կու տայ արդէն. մեր լեզուն սեռական հոլովը ստեղծած է մասնաւորաբար պատկանելիութիւն ցոյց տալու. օրինակ՝

--ծառին ճիւղը, այսինքն՝ ճիւղը որ կը պատկանի ծառին:

--եղբօրս անունը, այսինքն՝ անունը, որ կը պատկանի եղբօրս:

--Թորոսին կօշիկներ, այսինքն՝ կօշիկները, որնք կը պատկանին Թորոսին:

Պատկերացուցէք պահ մը, որ ելլենք եւ ըսենք՝

-- ծառին վերաբերեալ ճիւղը,

--եղբօրս վերաբերեալ անունը,

--Թորոսին վերաբերեալ կօշիկները...

Խաշած հաւն իսկ պիտի ըմբոստանար այս  անմիտ կիրարկութեանց հանդէպ:

Եւ ահա ճիշդ ա՛յս կարգի այլանդակութիւնն մըն է, որ օրնիբուն, անարգել ու անսաստ կը կատարուի չտեսնուած փութաջանութեամբ մը: Ամէն սեռականի կը փակցնեն վերաբերեալ մը ու չեն կշտանար. ի սփիւռս եւ շատ աւելի... ի հայրենիս, անոնք պակասը չեն, կարելի է մինչեւ անգամ ըսել, թէ ոճաբանական այա գոհարը ներածուեցաւ արեւելահայերէն. բացէ՛ք  որ կայանը կամ կայքը, որ կը ցանկաք, ու պիտի հաստատէք ըսածս. այլ հարց թէ մերոնք շատ կանուխէն խլեցին մրցանիշը, ինչպէս  վայել է արեւմտահայուն, երբ հարցը կը վերաբերի  լեզուական աղաւաղումի: 

Եւ  երկուստեք հաշտ ու համեաշխ կը վայելեն իրենց դափնիները: 

Հրամեր էք.

-- Բանաձեւին մէջ` անդրադարձ  եղաւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւն-ներու կարգաւորման վերաբերեալ:

-- Կենտրոն նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Գերասիմ Վարդանեանի վերաբերեալ քրէական գործով դատական նիստը:

--Հաստատուեցաւ նաեւ վիզաները ազատականացնելու վերաբերեալ նախագիծը:

--Կազայի պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ լաւատեսութիւնը երէկ կը վերածուէր հիասթափութեան:

--Ան նաեւ նշեց. «Կառավարութեան մօտ վերակառուցման վերաբերեալ յստակ ծրագիրներ չկան»: 

Ահաւոր է մասնաւորաբար վերջինին հեղինակը, որ բոլորովին զուրկ է հայեցի  մտածողութենէ:  Այլապէս ան  պարզապէս  ու ինքնաբուխ պիտի գրէր.

--«Կառավարութիւնը վերակառուցման յստակ ծրագիր չունի»:

Ծանօթ.— Նոյնհետայն դուրս ձգեցինք նախ մօտ բառը. ծրագիր մը կառավարութեան մօտ չ’ըլլար,  կառավարութիւնը «կ’ունենա՛յ ծրագիրը»:  Միւս կողմէ՝ ծրագիրներ անորոշ յոգնակին դարձուցինք եզակի. ժխտական բային հետ իմաստ չունի յոգնակի կիրարկել:  Որեւէ առարկայի անորոշ եզակիին ժխտումը կը նշանակէ տուեալ առարկային ամբողջական ժխտումը. օրինակ՝ 

--դրամ չունիմ, --ան խելք չունի, --ծառին վրայ պտուղ չէ մնացած:

Ասոնք երեքն ալ ամբողջական ժխտումներ են, որոնցմէ ոչ մէկը յոգնակիի կը կարօտի, եւ իմաստով համահունչ են պետութեան ծրագիր չունենալուն:

Այս բոլորը չեն նշանակեր, թէ լեզուէն դուրս կը ձգենք վերաբերեալ բառը. քաւ լիցի:

Ան հայերէնի բառագանձին լիարժէք անդամ  է ու կը պահէ իր բառային բոլոր իրաւունքները. եւ անփոխարինելի է, երբ ճիշդ կը գործածենք զայն. օրինակ՝

--Նեթանիահուի Կազայի վերաբերեալ յայտարարութիւնները շինիչ չեն:

Եթէ այս օրինակէն ջնջենք վերաբերեալ-ը, նախադասութիւնը կը փոխէ իր իմաստը:

***Հարց

Յաջորդ նորարարութիւնը հարց բառն է, որ նոյն յաճախականութեամբ կ’աւերէ արդի հայ լրագրական լեզուն:

Ամէն գոյական  կամ առարկայ արդի գրողին համար  «հարց» մըն է.  օրինակ՝

--ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի յարգումը  չափազանց կարեւոր հարց է:

 Թէ արար աշխարհ համաձայն է, որ այդ որոշումը յարգուի՝  համամարդկային իրողութիւն մըն է այս,  սակայն ի՞նչ գործ ունի այստեղ հարց   բառը, ի՞նչ կ’աւելցնէ ան բացայատ իրողութեան վրայ,— պարզապէս ոչինչ:   Ան լեզուական ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի այստեղ:

Կարդանք բերուած օրինակը առանմց այդ չարաշուք հարց-ին ու պիտի անդրադառնանք, թէ  ոչինչ պակսեցաւ:

--«ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի յարգումը  չափազանց կարեւոր է»:

Այսպիսի բիւրեղեայ մաքրութիւն ու յստակութիւն ունեղող  նախաաադասութիւնս ինչո՞ւ  ծանրաբեռնեմ ու աղարտեմ  անիմաստ բառով մը,  որ հարց-ն է:

--ԻՒՆԷՍՔՕ-ն առանցքային գործօն է մշակութային արժէքներու ոչնչացումը կանխելու հարցին մէջ:

Նոյն անիմաստ, պոռոտ  ու անմիտ, ծեքծեքուն  ու անտեղի  կիրարկութիւնն է հոն, ուր կարելի էր վայելչօրէն  ու հայօրէն ըսել. «ԻՒՆԷՍՔՕ-ն  մշակութային  արժէքներու ոչնչացումը կանխող առանձքային գործօն է»:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com