image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Բանակցային եւ ռազմական ելեւէջներ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Բանակցային եւ ռազմական ելեւէջներ

Ռազմաքաղաքական գործընթացները կը շարունակեն փոխկապակցուած մնալ: Կազայի մէջ թէժացումը կը բռնկեցնէ հարաւային Լիբանանը, Կարմիր ծովն ու Իրաքը. իսկ նոյն վայրին մէջ ենթադրեալ համաձայնութիւնը հրդեհները կը հանգեցնէ յարակից կէտերուն մէջ եւս:

Այս ելեւէջներուն մէջ Քաթարը ազդարարեց անուղղակի, միջնորդաւորուած բանակցութիւններու մեկնարկը: Բանակցութիւնները որոշ ժամանակ կ՛ենթադրեն: Անոնց ալիքաւորումներուն հետ զուգահեռ պիտի ընթանան նաեւ ռազմական բախումներու վերիվայրումները:

Տոհայի բանակցութիւնները չեն աւարտած անշուշտ եւ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ այդ մասին: Իրատեսական ալ պիտի չըլլար շատ արագ արդիւնք ակնկալելը, մանաւանդ այսքան բարդ ու երկարատեւ պատերազմական ընթացող իրավիճակը նկատի ունենալով:

Քանի մը հանգամանք սակայն որոշակիօրէն կրնան լոյս սփռել արձանագրուող գործընթացներուն մասին:

Առաջինը այն, որ օդանաւային կարգ մը օտար ընկերութիւններ ծանուցեցին, որ վերստին պատրաստ են իրականացնելու դէպի Պէյրութ իրենց թռիչքները: Պարզ է, որ այդ ընկերութիւնները նման որոշումներ կը կայացնեն հետեւելով իրենց պետութեան ցուցմունքներուն: Այդ պետութիւնները ուրեմն համապատասխան տեղեկութիւններ ունին Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին կամ առնուազն սպառնալիքներու  անհամապատասխան իրավիճակին մասին:

Երկրորդը, որ ամէնէն ցուցանիշայինը կրնայ նկատուիլ, Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութիւնն է, որուն մէջ կ՛ընդգծուի, որ Իսրայէլը լուծած է իր առջեւ դրած ռազմական խնդիրները եւ պատերազմը յաղթած: Առաջին հայեացքով այս յայտարարութիւնը կ՛ընկալուի ռազմավարական գործընկերոջ հանդէպ ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցական կեցուածք: Քաղաքական ընթերցումը այլ բան կը յուշէ սակայն: Միացեալ Նահանգները այսպիսով ըսած կ՛ըլլան, որ պատերազմը աւարտած է: Մասնակի ուղերձը այս պարագային ուղղուած է Թել Աւիւին դրական մօտեցում դրսեւորելու Տոհայի մէջ եւ համաձայնելու զինադուլի կէտերուն:

Զինադուլի կէտերը բացայայտուած չեն: Այս փուլին առանցքը սակայն երկու բաղադրիչի վրայ կը կեդրոնանայ: Ռազմագերիներու ու պատանդներու ազատ արձակում եւ իսրայէլեան ուժերու հեռացում Կազայի հատուածէն: Առաջինով աւելի շահագրգռուած է Իսրայէլը, իսկ երկրորդը Համասը իբրեւ նախապայման կ՛արծարծէ:

Համասը պաշտօնապէս չի մասնակցիր բանակցութիւններուն, որոնք միջնորդաւորուած ձեւով կ՛ընթանան: Իսրայէլը ուղարկած է պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որ կը տեսնուի Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի կողմէ ճշդուած միջնորդ-դիւանագէտներու հետ: Համասը անուղղակի կը մասնակցի: Համասը Քաթարի մէջ է երկար ժամանակէ ի վեր` իբրեւ այնտեղ հաստատուած կեդրոնական գրասենեակ եւ ներկայացուցչութիւն, որոնց հետ երկար ատենէ ի վեր բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան արդէն:

Ոչ նոյնքան նշանակալից, այնուամենայնիւ  այս ընթացքին հետ քայլ պահող նախադրեալ է նաեւ քուէյթեան լրատուադաշտին հաղորդած նիւթերը, որոնց համաձայն Համասի նորընտիր նախագահը ճկունութիւն կը դրսեւորէ բանակցութիւններուն:

Լաւատեսական այս արշաւը կը շարունակուի Ուաշինկթընի կողմէ, որուն թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ տեղեկատուուական աղբիւրները  կը խօսին Տոհայի մէջ արձանագրուող կառուցողականութեան եւ դէպի հրադադար ուղղուող բանակցութիւններուն ընթացքին երեւցած յառաջդիմութեան մասին:

Թռիչքներու վերսկսման յայտարարութիւններուն կողքին նաեւ կան այլոց անվերջ թարմացուող թուականներով յետաձգումները: Այդ թուականները կարճատեւ են, եւ կը թուի, որ փորձ կը կատարեն քայլ պահելու բանակցութիւններուն եւ մանաւանդ անոնց արձանագրած արդիւնքներուն հետ:

Մինչ Լիբանանի մէջ Հըզպալլան ընկերային հարթակներու վրայ ցուցադրեց հեռահար  հրթիռախումբը: Այս ցուցադրութիւնը անպայման հարուածելու նախապատրաստութեամբ պէտք չէ ընկալել: Ռազմական գործողութիւնները նախապէս յայտարարելու պարագային, հակառակ տրամաբանութիւնը կը յուշեն: Եւ այս պարագային չի բացառուիր այն, որ ցուցադրող կողմը զգուշացումի հերթական քայլ կ՛առնէ եւ կը ճնշէ, որ հրադադարը կայանայ:

Ռազմաքաղաքական գործընթացները կը շարունակեն փոխկապակցուած մնալ: Կազայի մէջ թէժացումը կը բռնկեցնէ հարաւային Լիբանանը, Կարմիր ծովն ու Իրաքը. իսկ նոյն վայրին մէջ ենթադրեալ համաձայնութիւնը հրդեհները կը հանգեցնէ յարակից կէտերուն մէջ եւս:

Այս ելեւէջներուն մէջ Քաթարը ազդարարեց անուղղակի, միջնորդաւորուած բանակցութիւններու մեկնարկը: Բանակցութիւնները որոշ ժամանակ կ՛ենթադրեն: Անոնց ալիքաւորումներուն հետ զուգահեռ պիտի ընթանան նաեւ ռազմական բախումներու վերիվայրումները:

 

«Ա.»