Գերմանիոյ Թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան, որ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման բարեբաստիկ առիթներով Հայաստան կը գտնուի, օրերս այցելութիւն տուած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան`Տիկին Քլաուտիա Պուշին։
Այս մասին «Արեւելք» Գերմանիոյ հայոց թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած ՝
Թեմիս Առաջնորդ Սերովբէ Սրբազանը, որ այս օրերուն Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման բարեբաստիկ առիթներով Հայաստան կը գտնուի, այսօր այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ Դեսպան` Տիկին Քլաուտիա Պուշին։
Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց տիկին դեսպանին` մաղթելով յաջողութիւն իր դիւանագիտական առաքելութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին, Սրբազանն ու Դեսպանը, միտքեր փոխանակեցին զանազան հարցերու շուրջ։