Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիլիկեան Աթոռի ԱՄՆ Արեւելեան թեմի ժրաջան քահանայ հայրերէն Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան օրերս կորսնցուցած է իր հարազատ հօրեղբայրը։
Մեզի սիրելի Տէր Հայրը այդ առթիւ ալ կատարած է կարճ գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
21 Սեպտեմբեր, 2024-ին Քալիֆորնիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց մեր մեծ հօրեղբայրը՝ Պօղոս Արմենակ Լագիսեանը: 100-ամեայ Պօղոս ամմօն վաստակաշատ գրող եւ հեղինակ էր բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու: Անխոնջ աշխատակից էր ամերիկահայ մամուլին:
Կ՛աղօթենք, որ Աստուած ընդունի հանգուցեալ Պօղոս Ա. Լագիսեանի հոգին Իր երանաւէտ խաղաղութեան մէջ եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը:
Այս տխուր առթիւ յանուն համայն Լագիսեան Ընտանիքին անունով կու գանք յայտնելու մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները զաւակներուն եւ թոռներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
******
Պօղոս Արմենակ Լագիսեան (Եօղունօլուք, Մուսալեռ, 27 Հոկտեմբեր, 1924 – Լոս Անճելըս, 21 Սեպտեմբեր, 2024)
Պօղոս Արմենակ Լագիսեան, ծնած է 27 Հոկտեմբեր 1924-ին, Մուսալեռան Եօղունօլուք գիւղը: 1938 թուականին ուսումնառութեան մեկնած է Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւն, որուն լրիւ դասըթացքը աւարտելով շրջանաւարտ եղած է 1945 թուականին: Նոյն թուականին վերադարձած է Լիբանան՝ Այնճար բնակավայր գաղթած ծնողներուն քով:
1947-ին Պօղոս Ա. Լագիսեան իր ծնողներուն հետ ներգաղթած է Հայաստան: Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Երեւանի գիտութեան համալսարանէն ներս, ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական (M.A.): Միաժամանակ դասախօսած է նոյն համալսարանէն ներս:
1949 թուականին ան կ՛ամուսնանայ Մելգոնեանցի իր դասընկերուհիին՝ Անժելա Արշամի Դաւիթեանին (Ժամկոչեան) հետ, բախտաւորուելով մէկ մանչ զաւակով եւ երկու դուստրերով:
1990 թուականին ընտանիքով բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներ, շարունակելով իր աշխատանքային եւ գրական գործունէութիւնը: Իր բազմաթիւ ձեռքբերումներուն արդիւնքն են հրատարակած վեց հատորները, որոնք սերտօրէն առնչուած են անոր ծննդավայրին հետ: Պօղոս Արմենակ Լագիսեան մնայուն աշխատակիցը հանդիսացաւ ամերիկահայ մամուլին, մասնաւորաբար ստորագրելով «Մասիս», «Նոր Օր», «Նոր Կեանք», «Ասպարէզ»,«Մոլորակ»շ եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերուն մէջ:
«Մասիս» շաբաթաթերթ