image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (5). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (5). Գրեց՝  Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

ԸՆթերցումներս (15)

Աւելորդաբանութիւն (5)

Նախորդիւ տեսանք մեր ածականներն ու մակբայները եղանակաւորող բառով մը, ինչպէս՝ կերպով, ձեւով, եղանակով, առումով եւ այլնով օժտելու յոռի սովորութիւնը, որ մեղանչում մըն է հայերէնի ոճաբանութեան հանդէպ:

Այս մոլութիւնը  մեր մէջ հաստատուած է ազդեցութեամբը օտար լեզուներու, յատկապէս՝ ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, ենթադրաբար նաեւ՝ ռուսերէնի, որոնք կա՛մ ընդմիշտ զուրկ են   ածականը իբրեւ բայական լրացում կիրարկելու  յատկութենէն, կա՛մ շատ սահմանափակ ունին այդ յատկութիւնը:

Մերոնց ըրածը կոյր ընդօրինակութիւն մըն է: Կը բաւէ, որ զանոնք կիրարկելու փորձութեան  քիչ մը դիմադրենք եւ պիտի յաջողինք ձերբազատիլ այդ մոլութենէն, այլեւ պիտի անդրադառնանք ոճական այն անուրանալի ու ակնբախ գերակայութեան,  որով օժտուած է մեր լեզուն, որ անհամեմատ աւելի գեղեցիկ է  այդ մակաբոյծ բառերու եւ ածանցներու բացակայութեան:

         Աւելցնենք, որ ածականը իբրեւ բայական լրացում կիրարկելու մէջ արեւելահայերը լայնօրէն կը գերազանցեն մեզ, շատ յաճախ  իյնալով ծանծաղ բռնազբօսութեան ու տափակ չափազանցութեան մէջ. օրինակ՝ 

--«Թուրքիան ընդգծուած թշնամաբար է տրամադրուած մեր դէմ» («Ազգ»):

--«Էնքան ճշմարիտ ու էնքան գեղարուեստական ո՞նց են գրել» (անդ):

  --«Կարելի է պայմանական ասել» (անդ):

--«Նրանք շատ գրագէտ վերաբերուեցին կացութեան հանդէպ:

Արեւմտահայերէնը  պարագայական նման կառոյցներու պիտի չհանդուրժէր՝ հեռու մնալով  նման ծայրայեղութենէ, որ կ’ապաշնորհէ մեր ոսկեղենիկը:

                                                                   *   *   * Վերոնշեալներուն մօտաւորապէս համազօր է -օրէն, -աբար, -ապէս  ածանցներու չարաշահումը: Այս ածանցները բնութեամբ մակբայակերտ են, ըստ այնմ ալ կը կազմեն շատ ընթացիկ ու կենսունակ մակբայներ՝  դրուելով  գոյականներու ու  ածականներու ետին,  երբեմն մինչեւ իսկ մակբային վրայ. օրինակ՝ խստօրէն, հմտօրէն,  լայնօրէն, հայրաբար, եղբայրաբար, ընկերաբար, նմանապէս, իրապէս, էապէս եւ այլն:

Ասոնց գոյականին կցումը՝ եղբայրաբար, հայրօրէն, գրեթէ ոչ մէկ խորթութեան տեղիք կու տայ:

--Ան եղբայրաբար թելադրեց հրաժարիլ:

--Ես հայրօրէն լայնաբաց երկու թեւերս պարզէի... (Մեծարենց):

Ուրիշ է պարագան երբ ածականին կը կցենք ասոնք:

Այս պարագային կրնան տեղիք տալ   այլազան ճապաղութիւններու, եթէ ճիշդ ու տեղին չկիրարկուին: Խօսողէն ու  յատկապէս գրողէն կախեալ է ճիշդ տնտեսում մը, մանաւանդ որ նոյն  բառը տեղին համեմատ կարելի է գործածել թէ՛ ածանցով, թէ՛ ածանցազուրկ:   

Բաղդատենք՝

հանդարտ նստիլ     եւ      հանդարտօրէն պատմել

համարձակ պատասխանել      եւ      համարձակօրէն նախաձեռնել

               շռայլ  ապրիլ      եւ      շռայլօրէն վարձատրել

Եւ այսպէս շարունակ: 

Այս ածանցումը կրկնակի անտանելի կը դառնայ, երբ ան տեղի կ’ունենայ բնութեամբ մակբայի մը վրայ. օրինակ՝ ուղղակի+օրէն,   անպայման+օրէն, մասնակի+օրէն, յաճախակի+օրէն եւ այլն հոն, ուր ուղղակի-ն եւ անպայման-ը, մասնակի-ն եւ յաճախակի-ն  արդէն պատրաստի մակբայ են եւ լայնօրէն բաւարար են մեր միտքը  նոյն յստակութեամբ ու ուժգնութեամբ արտայայտելու:

Բաղդատենք՝ 

Ուղղակի տո՛ւն եկուր»    եւ    «Ուղղակիօրէն տո՛ւն եկուր

Որքան կիրթ, կոկիկ ու բարեհունչ է առաջինը, ակնյայտօրէն ծանր ու ծանծաղ է երկրորդը: 

             Նաեւ՝ 

             --Նիւթերու մէկ զգալի մասը ուղղակիօրէն կ’առնչուի  Հայաստանին:

      Նիւթերու մէկ զգալի մասը ուղղակի կ’առնչուի Հայաստանին:

   --Այս վնասը անպայմանօրէն  պիտի հատուցես:

                Այս վնասը անպայման պիտի հատուցես: 

             --Հակադարձութիւնը յանկարծակիօրէն կրնայ ի յայտ գալ:

                Հակադարձութիւնը  կրնայ յանկարծակի  ի յայտ գալ:

             --Անցողակիօրէն ըսած ըլլանք:

      Անցողակի ըսած ըլլանք:

*   *   *

            Այս բոլորով հանդերձ կրնան պատահիլ պարագաներ, ուր ածականի մը առանձին կիրարկութիւնը գոհացուցիչ կամ վայելուչ չըլլայ. օրինակ՝ 

            --Ամբողջ պարբերութիւնը  գունազարդուած է ճաշակաւոր կերպով:

            Կերպով-ին ջնջումը թերի պիտի դարձնէր մեր խօսքը, քանի որ ճաշակաւոր ածականը առանձին չի գոհացներ զայն:  Ուրեմն կա՛մ կը պահենք կերպով-ը, կա՛մ ճաշակաւոր-ը կը դարձնենք  ճաշակով

            Այլ օրինակ մըն ալ. 

            --Հեղինակին  լայն պաշարը ակնբախ կերպով կը ցոլանայ իր գրիչէն: 

           Անպատեհութիւնը նոյնն է. ակնբախ ածականը չի յաջողիր առանձինն լրացնել կը ցոլանայ  ստորոգիչը: Այս  ածականին մակբայի վերածումը՝ ակնբախօրէն,   գոհացուցիչ լուծում մըն է: 

           Իսկ ածական ալ կայ, օրինակ՝ բուռն, որ ո՛չ առանձին կը կիրրակուի, ո՛չ ալ կը մակբայանայ.  ուստի ստիպուած ենք անոր կցելու  կերպով-ը, որպէսզի բայական լրացում դառնայ. օրինակ՝

            --Թշնամի դիրքերը բուռն կերպով ռմբակոծուեցան:

            Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ փոխարէնը ըսենք.

            --Թշնամի դիրքերը բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցան:

            Նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի խստագոյն ածականը, որ բայական լրացում դառնալու համար կարիքը ունեցած է  ձեւով-ի օժանդակութեան:

             --Խստագոյն ձեւով կը դատապարտենք Հանիէի ահաբեկումը:

             Այսուհանդերձ կարելի էր խուսափել նման բառակապակցութեան մը բեռէն՝ գրելով խստագոյնս.

             --Խստագոյնս կը դատապարտենք Հանիէի ահաբեկումը:

Եզրակացնենք

--Փորձել բայը եղանակաւորել մի՛այն  ածականով:

--Եթէ ածականը գոհացուցիչ կամ ի վիճակի չէ, ապա մակբայացնել զայն:

--Իսկ եթէ մակբայացումն ալ  կարելի չէ, դիմել  կերպով, ձեւով... բառերէն մէկուն օժանդակութեան:

Առանց աչքաթող ընելու օժանդակ այլ միջոցներ, ինչպէս է պարագան վերջին օրինակին՝ խստագոյնս, նաեւ՝ լաւագոյնս եւ այլն: 

 

Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com