image

Երուսաղէմի մէջ. Ոչ եւս է Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան

 Երուսաղէմի մէջ. Ոչ եւս է Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան

 Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Երուսաղէմի հայկական համայնքի յարգուած անդամներէն՝ Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեանը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։ 

 Նշենք, որ Պէյրութ ծնած, այնտեղ հասակ առած եւ կազմաւորուած հայուհին իր կեանքի կարեւոր մէկ բաժինը ապրած է Երուսաղէմ՝ Սուրբ Քաղաքին մէջ։ Ան ներկայութիւն եղած է գաղութային կեանքին ու իր մասնակցութիւնը բերած համայնքի գործունէութեան։

Ստորեւ հանգուցեալի մասին հակիրճ կենսագրականը։

Տօքթ.Ատրինէ Գարագաշեան ծնած է 1927-ին, Լիբանանի մէջ՝ Տէր Զօրի անապատէն ճողոպրած ընտանիքի մը ծոցին: Լեւոն Շանթի Տնօրէնութեան շրջանին, շրջանաւարտ դարձած է Նշան Փալանճեան ճեմարանէն, որմէ ետք՝ բժշկական համալսարանէն: 1951-էն մինչեւ 1976, իբրեւ բժիշկ աշխատած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ Պաղեստինի մէջ բացուած հիւանդանոցին մէջ: 1976-էն ետք բացած է իր անձնական դարմանատունը, յաճախ ձրիօրէն դարմանելով օգնութեան կարօտ ընտանիքներու զաւակները, անոնց համար դառնալով բարեխնամ մայր մը:

 Տօքթ. Գարագաշեան սատարած է նաեւ իր դպրոցին՝ Ճեմարանին, որուն մարզամշակութային սրահը իր անունը կը կրէ այսօր: Ան արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին՝ Համազգայինի կրթական հաստատութիւնները հետեւողական կերպով իր գուրգուրանքին առարկայ դարձուցած ըլլալուն համար:

 

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Երուսաղէմի մէջ Ոսկի Մետալով պարգեւատրած է Տօքթ.Ատրինէ Գարագաշեանը՝ մանուկներու պաշտպան բժշկուհին, որ միաժամանակ հայ լեզուի պաշտպանական բանակի զինուոր մըն է: