image

Լոնտոնը չեղարկած է Վրաստանի հետ բանակցութիւնները. դեսպան Կարեթ Ուորտ

Լոնտոնը չեղարկած է Վրաստանի հետ բանակցութիւնները. դեսպան Կարեթ Ուորտ

10 տարուան ընթացքին առաջին անգամ Մեծն Բրիտանիան որոշած է սառեցնել ռազմավարական Wardrop Dialogue-ը, որ ամէն տարի թագաւորութիւնը կ՚իրականացնէր Վրաստանի հետ նախարարներու մակարդակով։ Բացի այդ, բրիտանական կողմը չեղարկած է պաշտպանական ոլորտի մէջ պատրաստուող բարձր մակարդակի բանակցութիւնները եւ կասեցուցած «սայպըր» անվտանգութեան ծրագիրը:

Այս մասին InterpressNews առցանց պարբերականին տուած հարցազրոյցին ըսած է Վրաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Կարեթ Ուորտը։

«Մենք հիասթափուեցանք, երբ «Վրացական երազանք»ի առաջնորդները սկսան առաջ տանիլ դաւադրութեան տեսութիւնները եւ ենթադրութիւններ ընել, որ արեւմտեան գործընկերները կը խարխլեն Վրաստանը։ Մենք ցնցուեցանք, երբ «Վրացական երազանք»ը ընդդիմադիր կուսակցութիւններու արգելքն անուանեց իր նախընտրական ծրագրի խոստումներէն մէկը»,- շարունակած է InterpressNews-ի զրուցակիցը։

Միաժամանակ դեսպանը յոյս յայտնած է, որ հոկտեմբեր 26-ին Վրաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք երկրի կառավարութիւնը կը վերադառնայ արեւմտամէտ խումբին, եւ կը վերականգնուի վստահութիւնը Լոնտոնի եւ Թիֆլիսի միջեւ։