image

Մոնթրէալի մէջ. Լիանա Տէմիրճեան ընդ Փաթրիք Պիանքոնի ամուսնացեալք

Մոնթրէալի մէջ. Լիանա Տէմիրճեան ընդ Փաթրիք Պիանքոնի ամուսնացեալք

   Այս առթիւ մեր խնդակցութիւնները կը յղենք նորապսակ զոյգին, անոնց հարազատներուն ու բարեկամներուն։ Այս առթիւ ալ մեր ուրախութիւնը կը բաժնեկցինք հարսնցուի զարմիկին՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանին, որ անձամբ այս առթիւ կը գտնուէր Գանատա եւ նախագահած էր պսակի արարողութեան։

 Բոլորիս համար յուսալի է անշուշտ, որ հայկական խորանին առջեւ տրուած այս ուխտը հիմքը պիտի դառնայ հայկական շունչով ու ոգիով հիմնուող ընտանիքի մը կազմութեան  ու  մեկնարկին։

Կիրակի 13  հոկտեմբերին Մոնթրէալի մէջ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խորանին առջեւ իրենց դեռատի կեանքը միասին շարունակել ուխտ կատարած են Լիանա Տէմիրճեանն ու Փաթրիք Պիանքոնին։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայէն։

 

Երիտասարդն ու երիտասարդուհին գանատածին են, մինչ Լիանան հայուհի է, անդին երիտասարդը կը սերի իտալական արմատներէ։

Երկուքն ալ յաջողակ եւ կեանքի ասպարէզի մէջ իրենց յարգուած տեղն ու դիրքը գտած անձնաւորութիւններ են։

 Ուշագրաւն այն է, որ իտալացի փեսան, որ այնքան մը տարուած եղած է հայկական արժէքներով ու իսկապէս սիրած իր կեանքի ընկերուհին համաձայնութիւն տուած է իր պսակադրութիւնը կնքել հայկական եկեղեցիի մը կամարներուն տակ, իսկ եկեղեցին Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցին է։

Այս առթիւ մեր խնդակցութիւնները կը յղենք նորապսակ զոյգին, անոնց հարազատներուն ու բարեկամներուն։ Այս առթիւ ալ մեր ուրախութիւնը կը բաժնեկցինք հարսնցուի զարմիկին՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանին, որ անձամբ այս առթիւ կը գտնուէր Գանատա եւ նախագահած էր պսակի արարողութեան։

 Բոլորիս համար յուսալի է անշուշտ, որ հայկական խորանին առջեւ տրուած այս ուխտը հիմքը պիտի դառնայ հայկական շունչով ու ոգիով հիմնուող ընտանիքի մը կազմութեան  ու  մեկնարկին։

Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները: