Նորանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին օրէն յայտարարեցին որ իրենք ընտրած են երկրի պետական կառավարման ժողովրդավարական ուղղին, բազմակուսակցականութիւնը եւ տնտեսութեան ազատականացման ձեւը ` այսինքն ազատ եւ մրցակցային շուկայական յարաբերութիւնները:
Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ յետոյ: 1996-էն մինչեւ 2018-ի սկիզբը բոլոր համապետական, տեղական ինքնակառավարման, թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները խիստ կասկածելի եղած են, որոնց հետեւանքով պատահեցան բազմաթիւ քաղաքացիական բախումներ ընդհուպ զոհեր 2008 Մարտի 1-ին: Այս ցաւալի իրավիճակներու պատճառները պէտք է փնտռել քաղաքական այն մտածելակերպի մէջ որ անշեղօրէն իրականացուցին եւ պահպանեցին Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւնները` ժառանգելով սովետական քաղաքական վերնախաւին (նոմենգլաթուրան) համահունչ գործելաոճը: Այս գործելաոճին հետեւանքով ամայացաւ քաղաքական դաշտը, իշխանութիւններուն տալով գերազանցապէս մենաշնորեալի կարգավիճակ: Մենաշնորեալ կարգավիճակ ստացաւ նաեւ երկրին տնտեսութիւնը, երբ երկրի առեւտրա-տնտեսական շրջանառութիւնը կեդրոնացած էր մի քանի ընտանիքներու վերահսկողութեան տակ:
Հակառակ որ բազմակուսակցականութիւնը յայտարարուած էր որպէս երկրի ժողովրդավարացման եւ զարգացման ուղին խրախուսող սկզբունք, իշխող կուսակցութիւնները միշտ անհանդուրժող եղան այլընտրանքային ուղղութիւն որդեգրած քաղաքական կամ հասարակական ոյժերուն հանդէպ: Քաղաքական մշակոյթ հասկացողութիւնը այլեւս գոյութիւն չþունէր: Հասարակութիւնը մնաց անհաղորդ եւ անգիտակից տարածքաշրջանային, աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական կարեւոր իրադարձութիւններուն: Հասարակութեան կը մատուցուէր եւ կը պարտադրուէր բացառապէս միակողմանի տեղեկութիւն եւ քարոզչութիւն ` թելադրուած յայտնի ոյժային կեդրոնի կողմէ:
Իշխանութիւնները մնացին նոյն անտեսլական եւ իրենց պարտադրուած, ինքզինք իրեն մաշեցնող, փտած քաղաքական եւ տնտեսական անհեռանըկար գործընթացներու մէջ: Չունեցանք նախաձեռնող եւ իրավիճակներ փոխող յանդուգն պետական քաղաքական գործիչներ: Խօսինք օրինակներով: Հայաստանի երկրորդ նախագահի օրով երկրի ռազմավարական նշանակութեան հիմնարկները եւ ենթակառուցուածքները (երկաթգիծ, մետաղական ընդերքներ, կազի եւ քարիւղի խողովակաշարեր, ելեկտրական ցանցեր) նուիրաբերուեցան ռուսական ընկերութիւններու, իբր թէ ՙգոյք` պարտքի դիմաց՚ փոխհատուցման նպատակներով: Քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ, փտած համակարգը եւ փտածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր Հայաստանի նախորդ երեք նախագահներու օրով: Հիանալի հնարաւորութիւն ընձեռնուած էր Իրանական կազի խողովակաշարը Հայաստանով հասցնել Վրաստան եւ հասցնել Սեւ Ծով: Հայաստանի իշխանութիւնները դարձեալ անհեռատես եւ անյանդուգն գտնուեցան, որմէ օգտուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը եւ անմիջապէս նախաձեռնեց Պաքու-Ճեյհան խողովակաշարի կառուցման:
Նուազ կործանարար չէր նաեւ արտաքին քաղաքական բնագաւառին մէջ անհեռատես եւ ապաշնորհ գործելաոճը իշխանութիւններու կողմէ:
Նոյնիսկ երրորդ նախագահի օրով յայտարարուեցաւ որ ՙԱտրպէյճան երբեք չի համարձակիր յարձակիլ Արցախի վրայ՚... Իսկ այսօր ՙընդդիմադիր՚ պատմուճան հագած նախկին իշխանութիւնները Երեւանի փողոցներուն մէջ Արցախը ՙփրկելու՚ կարգախօսով երկիրը կþառաջնորդեն դէպի ապակայունացում: Այստեղ ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ ոչ մօտիկ անցեալի հայ պատմութեան հերոսական էջեր նուիրած, Հայկական Սփիւռքին մէջ հայապահպանման եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման առանցքային դերակատարութիւն ունեցած 130-ամեայ ՀՅԴ-ն հակադրուելով իր իսկ որդեգրած կոչումին եւ առաքելութեան, դժբախտաբար այսօր դաշինք կնքած է այն ոյժերուն հետ, զորս ժողովուրդը մերժած է, երեւոյթ մը որ իւրայատուկ է յետ-խորհրդային ՙանկախացած՚ երկիրներուն: Այդ ոյժերու վերադարձը խիստ անհաւանական կը թուի: Այսպիսով, ՀՅԴ-ն հեղինակազրկելով ինքզինք, նաեւ խորունկ վիհ առաջացուց իր եւ հասարակութեան միջեւ: Նոյնիսկ երկրորդ նախագահը վերջերս իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին երբ կþառաջարկէր ՙՀայաստանի միացումը Միութենական Պետութեան՚, ՀՅԴ-ն քար լռութիւն պահպանեց: Նախկին իշխանութիւնները 20 տարի իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած էին Հայաստանի թէ՛ գործադիր թէ՛ օրէնսդիր ե՛ւ դատաիրաւական համակարգերը, ինչու՞ ՉՃԱՆՉՑԱՆ Արցախի անկախութիւնը կամ խորհրդարանական մեծամասնութեամբ ՉԿԱՄԵՑԱՆ վերահաստատել 1989-ի Դեկտեմբեր 1-ի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերամիացման հռչակագիրը: Այս իմաստով իրաւացի է Վարչապետը որ վերջերս կատարած իր բացայայտումով, փաստացի տուեալներով դիմակազերծեց նախկին իշխանութիւններու անիմաստ, հիւծող եւ անհեռանկար գործելաոճը Մատրիտեան կամ Քազանի սկզբունքներով հասարակութեանը խաբելու եւ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու նկրտումները, օգտագործելով Արցախեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները ` երբ Արցախը 1991-ին Դեկտեմբեր 10-ին համաժողովրդական հանրաքուէով ինքնորոշուած եւ անկախացած էր: Հետեւաբար ո՞րն էր նպատակը Մատրիտեան սկզբունքներով դարձեալ ՙինքնորոշուելու՚: Իսկ ո՞վ եւ ինչու՞ Արցախը դուրս մնաց բանակցութիւններու սեղանէն: Այստեղ մեկնաբանութիւնները աւելորդ կը նկատենք:
Շարունակենք:
Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները սթափ ՉԳՆԱՀԱՏԵՑԻՆ այն իրողութիւնը որ Թուրքիա երբեք Հայաստանի հետ իր սահմանը պիտի չբանար եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէր այնքան ժամանակ որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը ատրպէյճանի համար նպաստաւոր լուծում չստանար: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ այսօրուայ իշխանութիւններուն որոնք պէտք չէ միամիտ գտնուին Թուրքիայէն եկող ՙդրական արձագանգներու՚ նկատմամբ:
Նախկին իշխանութիւնները 20 տարի, սթափ չգնահատեցին եւ նոյնիսկ անտեսեցին այն` որ Ատրպէյճան խախտած էր ռազմական հաւասարակըշռութիւնը, 5 անգամ աւելացնելով իր ռազմական պիւտճէն: Ատրպէյճան աւելի անկաշկանդ եւ համարձակ գտնուեցաւ իր գործընկերներու ծիրը ընդլայնելու, զէնք եւ զինամթերք ստանալով Իսրայելէն, Փաքիստանէն, Թուրքիայէն, Ուքրանիայէն, ընդհուպ Ռուսաստանէն ( 5 միլիարդ տոլարի): Այս իմաստով պատահական պէտք չէր նկատել այն հանգամանքը որ Ատրպէյճան միշտ մերժեց անդամակցիլ ՀԱՊԿ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին: Իսկ զաւեշտալին այն է, որ Հայաստան անդամակցած է եւ կը շարունակէ անդամակցիլ ռազմա-քաղաքական եւ տնտեսական այնպիսի կառոյցներու, որուն մէջ ընդգրկուած երկիրները ռազմավարականօրէն աւելի մօտիկ եւ սերտ յարաբերութիւններ ունին մեր թշնամիներու հետ: Նոյնիսկ այդ երկիրներէն շատեր շնորհաւորեցին Ատրպէյճանը իր ՙյաղթանակին՚ առթիւ, 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Նոյնիսկ այս օրերուն երբ Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ ՀԱՊԿ-ի խորհրդարանական ժողովը, որուն ընթացքին պաշտօնական Երեւանը հարց բարձրացուց թէ ինչու՞ ՀԱՊԿ-ը լուռ էր կամ ոչ մէկ քայլ չձեռնարկեց, երբ ոչ ՀԱՊԿ անդամ երկիր մը ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: Նոյն երկիմաստ եւ լղոզուած պատասխաններ` ՙՀարաւային Կովկասի կայունութիւն, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակում, Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ հրադադարի կէտերու գործադրում՚, եւայլն:
Իսկ այս օրերուն կը տեսնենք թէ ՙընդդիմութիւնը՚ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած է Հայաստանի Եւրո-Միութեան դեսպանատան դիմաց բողոքելով որ ՙու՞ր են եւրոպական արժէքները եւ ժողովրդավարութիւն դաւանող Եւրո-Միութիւնը երբ Երեւանի փողոցներուն մէջ ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ եւ բռնաճնշումներ կիրառած է ցուցարարներու հանդէպ՚: Անժխտելի իրողութիւն է, թէ իրատեսական թէ գործնապաշտ քաղաքագիտական տրամաբանութեամբ որ այսօր Արցախի հարցի լուծման (եթէ այդպիսին գոյութիւն ունի) եւ Ստեփանակերտի ՙբանալին՚ կը գտնուի Մոսկուայի ձեռքին մէջ այս մէկը շատ լաւ կը գիտակցին ե՛ւ իշխանութիւնը ե՛ւ ընդդիմութիւնը: Հետեւաբար, ո՞րն է դրդապատճառը այս աղմուկին: Եթէ ընդդիմութիւնը կը ցանկայ Արցախի հարցով որեւէ հայանպաստ լուծում պահանջել, պէտք է իր բողոքի ցոյցերը կազմակերպէ Ռուսաստանի դեսպանատան դիմաց: Ինչու՞ չէ նաեւ բողոքարկել 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները նոյն դեսպանատան դիմաց:
Որեւէ զարգացած եւ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ, ընդդիմութիւնը նոյնքան եւ աւելիով պատասխանատու եւ մասնակիցն է երկրի բարգաւաճման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ իր կարեւոր կառուցողական քննադատութիւններով զսպող եւ հակակշռող քաղաքական ոյժ է գործող իշխանութիւններուն, յաճախ մեր երկրի պետական ոչ արդիւնաւէտ կառավարման կամ պետականութեան համար վտանգաւոր արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իմաստով: Արտաքին գոյութենական սպառնալիքի պարագաներուն, ընդդիմութիւնը մէկդի դնելով իր քաղաքական-գաղափարական հակասութիւնները իշխանութեան նկատմամբ, պարտաւոր է իշխանութեան եւ հասարակութեան հետ միասին որդեգրել միասնական օրակարգ` ռազմական, ինքնապաշտպանական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ճակատներու վրայ:
Գէորգ Հալէպլեան
«Պայքար»