Թուրքիա, («Տէյլի Սապահ», Իսթանպուլ)- Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը որոշած է Տէքիլիթաշ թաղամասի հարեւանութեամբ գտնուող փողոցի անունը փոխել` անուանակոչելով զայն թուրքերէն «Barış» եւ քրտերէն «Aşiti» բառերով, որոնք երկուքն ալ կը նշանակեն «խաղաղութիւն», եւ սա ամենայն հաւանականութեամբ առաջին երկլեզու ցուցատախտակը պիտի ըլլայ Արեւմտեան Թուրքիոյ մէջ:
Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ, քաղաքապետ՝ Մուրատ Հազինէտարը Երկուշաբթի օր ելոյթ ունենալով «Barış-Aşiti» (Պարիշ-Աշիթի) նոր փողոցի ցուցատախտակի տեղադրման արարողութեան, ըսաւ, որ թաղամասի անուանափոխումը Թուրքիոյ համար նախադէպ է, որ կը ծառայէ որպէս փաստ, թէ մարդիկ կրնան ազատ ապրիլ իրենց համոզմունքներու եւ ապրելակերպի մէջ:
Հարաւարեւելեան Հաքքար նահանգի քաղաքապետարանի համանախագահներ Ֆաթիմա Եըլտըզ եւ Նազմի Չուշքոն, որոնք անդամ են նաեւ Քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP), նոյնպէս ներկայ եղած են նշեալ արարողութեան, որու ընթացքին սպիտակ աղաւնիներ արձակուած են, որպէս բաղձալի խաղաղութեան խորհրդանիշ: Ներկաներու շարքին եղած է նաեւ Ազգային Շարժում Կուսակցութեան (MHP) ներկայացուցիչ Թունճայ Պուրուշուքը:
Հազինէտարը յիշեց նաեւ, որ իրենք նախորդ տարի այցելած են իրենց քոյր քաղաքապետարանը եւ արժանացած են մեծ ընդունելութեան: Մատնանշելով, որ իրենք կը ձգտին համախմբել թուրք եւ քուրտ համայնքները Թուրքիոյ մէջ, ան աւելցուց, որ իրենք մտադրութիւն ունին յառաջիկային ծրագրեր իրականացնել Հաքքարի քաղաքապետարանի հետ: