Կլենտէյլի մէջ, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ուսուցիչներու տարեկան վերապատրաստման իր ծրագիրներու շարքին, օրերս, իրականացուցած է առաջինէն մինչեւ տասներկրորդ կարգերու հայերէն առարկաներ դասաւանդող հայ ուսուցիչներու մասնագիտական սեմինարը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ուսուցիչներու տարեկան վերապատրաստման իր ծրագիրներու շարքին, 28 Փետրուարին իրականացուց առաջինէն մինչեւ տասներկրորդ կարգերու հայերէն առարկաներ դասաւանդող հայ ուսուցիչներու մասնագիտական սեմինարը, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Սեմինարը կը միտէր ուսուցիչները մարզել եւ անոնց փորձառութիւնները թարմացնել աշխատանոցներու միջոցաւ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին նոր միջոցներով կարենան աշակերտները անուղղակի կերպով մղել՝ անոնց առօրեայ հաղորդակցութեան լեզուն հայերէնը դարձնելու:
Սեմինարին ներկայ էր Խնամակալ մարմինի երկար տարիներու ժրաջան անդամ, դաստիարակ եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Յասմիկ Պարան, որ խորունկ հաւատքով ջատագովը եղած է հայկական ծրագիրները նորարարական մեթոտներով կիրարկելուն եւ հայերէնի զարգացման ու գործածութեան համար ամէն ջանք թափած է մեր գաղութին մէջ:
Սեմինարին կը մասնակցէին Ազգային վարժարաններէն՝ «Շամլեան»ի, «Գապայեան»ի, «Ֆերահեան»ի, «Փիլիպոս»ի, «Մեսրոպեան»ի, իսկ հայկական վարժարաններէն՝ Մարի Մանուկեանի, Հայ Քոյրերու վարժարանի եւ «Մերտինեան»ի հայերէն դասաւանդող ուսուցիչները:
Վարդանանց տօնին աւանդած հայեցի բարձր ոգիով եւ շունչով՝ հայ ուսուցիչները հաւաքուեցան Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9ին: Նախքան պաշտօնական բաժինին սկսիլը, ուսուցիչները թեթեւ նախաճաշի եւ սուրճի շուրջ մտերմիկ զրոյցներով խանդավառ ու աշխոյժ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ժամը ճիշդ 9:30ին: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Խնամակալ մարմինի գործավար Թամար Թիւֆէնկճեան: Ան յիշեց, թէ Խնամակալ մարմինը մօտաւորապէս հինգ տարիներէ ի վեր կեդրոնացած է նոր սերունդին մօտ հայերէնի գործածութիւնը աշխուժացնելու էական գործին վրայ: Այդ իմաստով, բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է եւ անոնց արդիւնքները արդէն գաղութը եւ վարժարանները սկսած են քաղել:
Այդ ծիրին մէջ ահաւասիկ կազմակերպուած վերապատրաստման սեմինարը ուսուցիչին գիտելիքները թարմացնող եւ նորութիւններով հարստացնող աշխատանքային եւ գործնական հանդիպում մը էր: Կրթական եւ արհեստագիտական նորութիւններու եւ ուսուցիչներու փորձառութիւններուն վրայ հիմնուած՝ սեմինարը չորս աշխատանոցներ հրամցուց մասնակցող ուսուցիչներուն:
Գործընկերներէն սորվելու համար կազմակերպուած էր սեմինարը: Կրթական մարզին մէջ ընդունուած մեթոտ մըն է այս՝ իբրեւ վերապատրաստուելու ազդեցիկ միջոց:
Թիւֆէնկճեան հաստատեց, թէ նախ շատ անհրաժեշտ է, որ մեր աշակերտները «լեզու ելլեն…» հայերէնով: Բոլորս գիտենք, թէ Սփիւռքի տարածքին հայախօսութիւնը երթալով կը նուազի, որովհետեւ անոր գործածութիւնը մնացած է չափազանց սահմանափակ եւ ոչ-մասնագիտական: Իրապաշտօրէն հասկնալով այս իրականութիւնը եւ գիտակցելով, թէ այսօրուան աշակերտին աշխարհը լեցուն է հմայիչ զբաղումներով եւ կլանող պաստառներով՝ մենք հայերէնը պէտք է հրամցնենք իր աշխարհին ընդմէջէն եւ ո՛չ թէ իբրեւ առանձին կղզիացած աշխարհ: Հետեւաբար, լեզուն փոխանցելու միջոցները թէ՛ որակաւոր պէտք է ըլլան եւ թէ պէտք է մրցին մանուկին ու պատանիին աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող հնարաւորութիւններուն հետ:
Առաջին աշխատանոցին ընդմէջէն, դոկտ. Մարի Տաքէսեան ներկայացուց PBLL ձեւաչափով դասաւանդելու հնարաւորութիւններուն մասին: Այս աշխատաձեւը գործնական բան մը, արտադրութիւն մը մէջտեղ բերելով՝ ուսուցանելն է, նոյն ատեն աշակերտին լեզուական, ընկերային եւ ղեկավարելու կարողութիւնները զարգացնելով: Դոկտ. Տաքէսեան «Ինալքօ» համալսարանին մէջ կ՛աշակերտէ հայերէնի մագիստրոսական ծրագիրին եւ այս ուղղութեան հիման վրայ գործնական դասապահեր կ՛իրագործէ ներկայիս Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ:
Ան աշխատանոցին ընթացքին ներկայացուց աշակերտներուն հետ իր փորձառութենէն բխած փոխանցումներ եւ միջոցներ, որոնք բոլորն ալ գնահատուեցան ուսուցիչներուն կողմէ:
Շահեկան ներկայութիւն մըն է դոկտ. Տաքէսեան մեր վարժարաններուն մէջ թէ՛ իր ներկայացումներով եւ թէ ուսուցչական իր վերջին փորձառութեամբ: Այս առիթին համար ան բազմիցս շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին եւ Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին:
Նշենք, թէ դոկտ. Տաքէսեան հպարտութեամբ յիշեց, թէ ինք Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է եւ երախտապարտ է հայերէնի իր բոլոր ուսուցիչներուն:
Ապա Գէորգ Սարգիսեան ներկայացուց հայերէնի դասաւանդման մէջ արհեստական բանականութեան գործածութեան մասին իր նիւթը: Ան բացատրեց այսօրուան արդիականացած աշխարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որոնք տարիներու ընթացքին պիտի դառնան աւելի մտահոգիչ, եթէ մենք պատրաստուած չըլլանք եւ համապատասխան ծրագրաւորում չկարենանք կիրարկել մեր կրթական համակարգին մէջ: Սարգիսեան դասարանային իր փորձառութիւնները կիսեց ուսուցիչներուն հետ եւ շեշտեց, թէ աշակերտները շատ խանդավառ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն դասարանին մէջ, իր կիրարկած սոքրատեան մեթոտին շնորհիւ: Ան երկար տարիներէ ի վեր կը հաւատայ այն իրականութեան, թէ երիտասարդին եւ պատանիին միտքերը բանաւոր խօսքով փոխանցելու հմտութիւնը պէտք է փոխանցել: Ան ջատագովն է նորարարական մեթոտներուն եւ աւանդականի համերաշխ միացումով մէջտեղ եկած գործնական դասապահի ընթացքին: Եզրափակելով իր միտքերը՝ ան հաստատեց, թէ պատրաստ պէտք է ըլլանք նորութիւններուն եւ իրապաշտօրէն ու անկեղծութեամբ պէտք է դաստիարակել սերունդները:
Երրորդ բաժինով ուսուցիչները երկու աշխատանոցներու բաժնուեցան: Նախակրթարան եւ միջնակարգ կարգերու համար գործնական դասապահի մը ներկայացումը կատարեց Մարալ Արնէլեան: Ան տարիներէ ի վեր միջնակարգի հայերէն առարկաներ դասաւանդող ուսուցիչ է, որ միշտ կը հետեւի արհեստագիտական նորութիւններուն եւ անոնց գործնական փորձերը կը կատարէ աշակերտներուն հետ: Արնէլեան դասարանին մէջ իր կատարած աշխատանքներէն օրինակներ բերած էր եւ ուսուցիչներուն ներկայացուց հետաքրքրական հարթակներ, որոնց շնորհիւ դասաւանդման ընթացքը կը դառնայ աւելի ազդեցիկ եւ շօշափելի արդիւնքներ կը նկատուի աշակերտներու յառաջացման ընթացքին մէջ:
Իսկ երկրորդական բաժինի հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն համար Սոնա Մատարեան աշխատանոց մը պատրաստած էր: Ան երկար տարիներ է կը դասաւանդէ երկրորդականի աշակերտներուն եւ գրականութեան իր դասապահէն նմոյշ մը ներկայացուց ուսուցիչներուն: Մատարեան ստեղծեց գրական-վերլուծական դասապահի մը պատկերը, որուն մասնակցող ուսուցիչները կրցան իրենց փորձառութիւնը կիսել եւ շօշափելի կերպով տեսնել այն դասապահը, երբ աշակերտները կրնան իրենց գրականութեան դասերուն ընդմէջէն կեանքի փորձառութիւն ձեռք ձգել:
Աւարտին, Խնամակալ մարմինը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն՝ իրենց պատրաստակամութեան համար, որուն շնորհիւ անոնք գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ հարստացած՝ կը վերադառնան իրենց աշակերտներուն եւ թարմութիւն կը պարգեւեն հայկական ծրագիրներուն: