Յայտնի են Սուրիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դամասկոսի հայ թեկնածուներուն անունները: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ 13 ապրիլի ընտրութիւններուն Դամասկոսէն պաշտօնապէս իրենց թեկնածութւնը առաջադրած են Տիար Վահէ Մահշիքեան, Օրդ. Երատօ Գրիգորեան եւ Դոկտ. Նորա Արիսեան: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Դամասկոսի համայնքն իրաւունք պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ առնուազն մէկ աթոռ ունենալու, բայց եւ այնպէս կարեւոր աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի համայնքը խորհրդարանական 3 աթոռներ ունենայ: Ըստ մեր աղբիւրին Դամասկոսի 3 հայկական համայնքներու պատասխանատուները տարբեր առիթներով յայտնած են, թէ իրենք միջամուխ պիտի չըլլան յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ ազատ ձգած են թեկնածուութեան խնդիրը: