image

Գանատայի Հայ Աւետարանական Համայնքին նոր աւիւն. Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան շրջանի հովիւ նշանակուեցաւ

Գանատայի Հայ Աւետարանական Համայնքին նոր աւիւն. Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան շրջանի հովիւ նշանակուեցաւ
Օրերս Գանատայի մէջ եւ հանդսաւոր արարողութեան ընթացքին Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան ստանձնած է իր նոր պաշտօնը մէկ նոր անդամը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական միութեան (ԳՀԱԸ)։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց AMAA-ի պաշտօնական էջէն (Անգլերէնէ թարգմանելով)։
 Ստորեւ այդ մասին կատարուած լրատւութիւնը։

Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAC) ուրախութեամբ կը բաժնեկցի երկու կարեւոր նորութիւններ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Զօհրապ Սարգիսեանին մասին:

1 Սեպտեմբեր 2024-ին Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցին նուիրման պաշտամունք մը մատուցեց ողջունելու իր նոր հովիւը՝ Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանը։ Որպէս հովիւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական միութեան (ՀԵՄՀ) Պատուելի Սարգիսան մէկ տարուայ ժամանակաշրջանով իր ծառայութիւնը պիտի բերէ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն ներս եւ կատարէ հովուական իր բոլոր պարտականութիւնները։ 

Պաշտամունքին ներկայ էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ պատուելիին ընտանիքը, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամները եւ որոնք հաւաքուած էին զօրավիգ կանգնելու եւ նշելու այս նոր պաշտօնակոչութիւնը:

Ակադեմական գերազանցութիւն

10 սեպտեմբեր, 2024-ին պատուելի Սարգիսան՝ Թինտեյլի համալսարանի 2025 թուականի որպէս MD ծրագրի շրջանաւարտ թեկնածու, պարգեւատրուած է համալսարանի տարեկան մեկնարկի արարողութեան ընթացքին առաջնորդութեան ոլորտին մէջ հեղինակաւոր Պերնարտօ մրցանակով՝ եւ գնահատուած են անոր ակադեմական ակնառու հմտութիւնները եւ բացառիկ առաջնորդական կարողութիւնները:

Այս մէկը իր առաջին պարգեւատրումը չէր. 2022 թուականին ան ստացաւ Փօլ եւ Էլեոնոր Հենտըրսընի առաջնորդութեան մրցանակը իր ցուցաբերած առաջնորդական կարողութիւններուն, ազդեցութեան ներուժին եւ ձեռնարկատիրական կարողութիւններուն համար: Բացի այդ, 2021 թուականին ան արժանացած էր Դոկտոր Սթիուըրտ Պոյմերի կրթաթոշակին, որ կը տրուի հովուական ծառայութեան այն ուսանողին, որ զգալի ներուժ ցոյց կու տայ եկեղեցական ղեկավարութեան մէջ:

ԳՀԱԸ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդը եւ նախագահ Ռաֆֆի Շնորհօքեան ի սրտէ կը շնորհաւորեն պատուելի Սարգիսեանը։ Կ’աղօթենք, որ Աստուծմէ շնորհուած իր առաջնորդական հմտութիւններով ան կը շարունակէ հաւատարմօրէն ծառայել Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն ներս Աստուծոյ փառքին համար: