image

Ուքրանիան Արեւմուտքին կոչ կ՚ընէ պոյքոթելու COP29-ը, եթէ այդ ժողովին մասնակցի Փութինը

Ուքրանիան Արեւմուտքին կոչ կ՚ընէ պոյքոթելու COP29-ը, եթէ այդ ժողովին  մասնակցի Փութինը

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է խուսափի Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP29 կլիմայական գագաթնաժողովէն, եթէ միջոցառման մասնակցի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, POLITICO-ին ըսած է Եւրոպական Միութեան մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վսեւոլոտ Չենցովը:

«Մենք պէտք է գործադրենք այդ ճնշումը, եւ մեր գործընկերները պէտք է հասկցնեն Ատրպէյճանին, որ եթէ Փութինը այնտեղ է, ապա անոնք չեն գար»,- հարցազրոյցին ըսած է դիւանագէտը:

Չենցովի կոչը հնչած է այն բանէ ետք, երբ Քրեմլը երեքշաբթի յայտարարած է, որ Փութինը կը դիտարկէ ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ կազմակերպուող ամենամեայ կլիմայական հաւաքին մասնակցելու հնարաւորութիւնը: Նաեւ հաղորդուած էր, որ Փութինի մասնակցութեան վերաբերեալ դեռ որոշում չէ կայացուած:

Փութինը, Արեւմուտքի հետ խիստ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ, վերջին տարիներուն կրճատած է միջազգային ճամբորդութիւնները, իսկ Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ ռազմական յանցագործութիւններու մեղադրանքներու համար արձակուած կալանաւորման հրամանագիրը աւելի կը սահմանափակէ Ռուսիոյ նախագահի՝ օտարերկրեայ ուղեւորութիւններու շրջանակը:

Ատրպէյճանը, սակայն, Միջազգային քրէական դատարանի անդամ չէ, այսինքն՝ պարտաւոր չէ կալանաւորել Ռուսիոյ ղեկավարը, երբ ան վայրէջք կատարէ իր տարածքին մէջ: 

Չենցովն ընդգծած է, որ կալանաւորման հրամանը պէտք է բաւարար ըլլայ մեծ միջոցառման Փութինի ներկայութիւնը խափանելու համար։