image
Հրատապ լուրեր:

Յայտնի Են Դամասկոսի Հայ Թեկնածուներուն Անունները

Յայտնի  Են Դամասկոսի  Հայ Թեկնածուներուն  Անունները

Յայտնի  են Սուրիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դամասկոսի հայ թեկնածուներուն անունները: Այս մասին  «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ  Դամասկոսի իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը   նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ 13 ապրիլի  ընտրութիւններուն Դամասկոսէն պաշտօնապէս իրենց թեկնածութւնը  առաջադրած են Տիար Վահէ Մահշիքեան, Օրդ. Երատօ Գրիգորեան եւ Դոկտ. Նորա Արիսեան:   Մեր աղբիւրը  նաեւ  յայտնեց, որ  Դամասկոսի համայնքն իրաւունք  պիտի ունենայ      խորհրդարանին մէջ  առնուազն  մէկ աթոռ   ունենալու, բայց եւ այնպէս   կարեւոր   աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի համայնքը     խորհրդարանական  3 աթոռներ  ունենայ:  Ըստ    մեր աղբիւրին  Դամասկոսի 3 հայկական  համայնքներու   պատասխանատուները   տարբեր առիթներով յայտնած են, թէ իրենք  միջամուխ պիտի չըլլան  յառաջիկայ ընտրութիւններուն     եւ  ազատ  ձգած են   թեկնածուութեան խնդիրը: