image

Եահիա Սինուար. «Համաս»ի 4-րդ ղեկավարը՝ սպաննուեցաւ

Եահիա Սինուար. «Համաս»ի 4-րդ ղեկավարը՝ սպաննուեցաւ

Իրանահայ մեր հայրենակից (այժմ հայրենադարձած) Տիգրան Տաւուտեան կը գրէ՝

Րոպէներ առաջ յայտարարուած է որ, սպանուած է «Համաս»-ի հերթական ղեկավարը։

Իսրայէլը յայտարարած է, որ Կազայի ապաստարաններուն մէջ սպանած է «Համաս»-ի նոր ղեկավար Եահիա Սինուարը։ Ան կը համարուի հրէաներու սպանութեան եւ պատանդառման 7 հոկտեմբեր 2023-ի գործողութիւններու գլխաւոր կազմակերպիչ։

Պաղեստինցի այս ղեկավարը դեռ անցեալ տարուընէ թաքնուած էր Կազայի գօտիի ստորգետնեայ ապաստարաններու մէջ, կը շարունակէր Իսրայէլի դէմ պայքարը։ Ան «Համաս»-ի նախկին ղեկավար Հանիյէի Թեհրանի մէջ սպանուելէն ետք` 2,5 ամիս առաջ ընտրուած էր որպէս կազմակերպութեան նոր ղեկավար։

Սինուարը «Համաս»-ի չորրորդ ղեկավարն է, որ կը սպանուի Իսրայէլի միջոցով։ «Համաս»-ի հիմնադիր եւ առաջին ղեկավար Ահմատ Եասին, ապա անոր յաջորդ Ռանթիսին սպանուեցան 2004 թուականին, ապա Իսմայիլ Հանիյէն սպանուեցաւ 31/06/2024-ին` Թեհրանի մէջ։ Պաղեստինեան այս կազմակերպութեան երբեմնի ղեկավարներէն ողջ մնացած է միայն Խալետ Մաշաալը։

«Համաս»-ը «Իսլամական դիմադրութեան շարժում» արաբերէն անուան յապաւումն է. «Հարաքաթ ալ մուգաուամա ալ իսլամիէ»։ Հիմնադրուած է 1987-ի դեկտեմբերին. 2006-ին յաղթած է Կազայի գօտիի ներպաղեստինեան ինքնավարութեան ընտրութիւններուն եւ կ՚իշխէ մինչ օրս։ Անոր գլխաւոր ախոյեան Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) պարտուեցաւ Կազայի մէջ, բայց իշխանութիւն է Իսրայէլի պաղեստինաբնակ Արեւմտեան ափին մէջ։

Այսօր սպանուած Սինուարը 61 տարեկան էր. անոր ծնողները Աշքելոնէն տարհանուած էին Խան Եունէս ճամբար, ուր եւ ծնած էր Սինուարը։ Ան երիտասարդ տարիքէն միացած էր Ահմատ Եասինի շարժման, ձերբակալուած էր 1982, 1985 եւ 1988 թուականներուն։ Սինուարը վերջին անգամ իսրայէլեան բանտի մէջ մնաց 22 տարի, որմէ ետք 1026 պաղեստինցի բանտարկեալի հետ միասին, փոխանակուեցաւ ընդամէնը մէկ իսրայէլցի զինուորական պատանդի հետ (Կիլատ Շալիթ Gilad Shalit)։ Սինուարը ատկէ ետք ալ մինչեւ իր մահը շարունակեց Իսրայէլի դէմ պայքարը։ Իսրայէլի բանակը Սինուարի դիակը փոխադրեց Երուսաղէմ եւ DNA քննութենէն ետք հաստատեց անոր մահը։