image

Իսրայէլը 6-օրեայ դադարէ ետք վերսկսած է հարուածները. Ռմբակոծուած է Պէյրութն ու հարաւային շարք մը շրջաններ

Իսրայէլը 6-օրեայ դադարէ ետք վերսկսած է հարուածները. Ռմբակոծուած է Պէյրութն ու հարաւային շարք մը շրջաններ

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է Պէյրութի արուարձաններէն մէկուն մէջ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման ստորգետնեայ պահեստը հարուածելու մասին։ Վերջին անգամ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Պէյրութի վրայ յարձակումներու մասին յայտարարած էր հոկտեմբեր 10-ին։

«Որոշ ժամանակ առաջ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը յարձակած են «Հըզպալլա» ահաբեկչական կազմակերպութեան ռազմավարական զինատեսակներով պահեստի վրայ։ Այն կը գտնուի Տահիյէ թաղամասի՝ Պէյրութի մէջ «Հըզպալլա»-ի առանցքային յենակէտերէն մէկուն մէջ», -ըսուած է իսրայէլեան բանակի թելեկրամեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ծանր հարուածներ՝ Նապաթիէ  քաղաքին  

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը զանգուածային հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի հարաւը գտնուող Նապաթիէ քաղաքի թաղամասերուն։

«Կէս ժամուան ընթացքին մօտ 15 հարուած եղած է։ Անհաւանական ուժգնութեան պայթումներ... տուներն ամբողջութեամբ փլուզած են», -յայտնած է ականատեսներէն մէկը։

Անոր խօսքով՝ ռմբակոծութեան ենթարկուած է նաեւ այն շրջանը, ուր կը գտնուի հիւանդանոցը, որ կը շարունակէ ընդունիլ վիրաւորներ։

Նապաթիէն շուրջ 100 հազար բնակչութիւն (ներառեալ Իսրայէլին սահմանակից գիւղերէն եկած փախստականները) ունեցող քաղաք է։

Սեպտեմբեր 23-ին Իսրայէլը յայտարարած է Լիբանանի մէջ «Հիւսիսի նետեր» գործողութեան մեկնարկի մասին։ Հոկտեմբեր 1-ին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յարձակողական գործողութիւն սկսած է երկրի հարաւին մէջ։ Գործողութեան նպատակն է վերացնել «Հըզպալլա»-ի սպառնալիքը՝ 60,000 տարհանուած իսրայէլցիներ հիւսիսի սահմանային բնակավայրեր անվտանգ վերադարձնելու համար։