Այսօր, Կիրակի 19 Յուլիս 2015-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ի յիշատակ երջնակայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսը ծնունդով քէսապցի եղած է: Քէսապի ամէնէն լուսաւոր դէմքերէն մին է: Ծնած է 1932-ին: Ուսանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան Դպրեվանքէն ներս, ու աւարտելէ ետք կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է: 1977-ին Աթոռակից Կաթողիկոս եղած է Խորէն Կաթողիկոսին: Խորէն Կաթողիկոսի վախճանումէն յետոյ՝ 1983-ին, եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս մինչեւ 1995 թուականը: 1995-ին, Վազգէն Կաթողիկոսի վախճանումէն յետոյ, ընտրուած է ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Անթիլիասէն անցած է Սուրբ Էջմիածին, ուր գահակալած է չորս տարի, մինչեւ իր վախճանումը 1999-ին: Այստեղ, կու տանք երջանակայիշատակ Վեհափառին, իր ծննդավայրին՝ Քէսապին տուած
անդրանիկ այցելութեան ընթացքին Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ Քէսապահայութեան ուղղած Իր խօսքը:
Ամէնասիրելի հարազատներ։
Եթէ մարդ կեանքին մէջ հազար անգամ խօսի, բայց մէկ անգամ դժուար գտնէ խօսիլը. այդ հազար անգամուան մէջ, մէկ անգամը ինծի համար այս պահն է։ Այս տաճարին մէջ, այս հայրենական գիւղին ծառաստաններուն ու կանաչութեանց մէջ, երբ աչքերս վերստին նայեցան մեր հայրենի, հոգեւոր, պատմական եւ ազգային ժառանգութեանց, սրտիս խորերէն անբարբառ, անձայն խօսք մը ուղղեցի Աստուծոյ եւ ըսի.
- Ո՜վ Տէր, արժանի ըրէ զիս այս գիւղին եւ այս եկեղեցիին։
Այս առաջին խօսքիս ընթացքին, չգիտեմ ինչո՞ւ, իմ նայուածքս եւ իմ ձայնս, ձեզմէ առաջ եւ ձեզմէ վեր, կ'երթայ դէպի երկինք ու կ'ըսեմ.
- Եա՜ Տէր Պուղուս, եա՜ Տէր Պըտրուս, գիւղի մեր հարազատ հոգեւորականները, որ այս գիւղի հոգին կերտեցիք եւ այդ հոգիէն ճառագայթ մը իմ հոգիիս մէջ իջաւ եւ իմ հոգիս հրդեհեց։ Եա՜ Պապայկըտ (Սերոբ Այանեան), եա՜ Քուրման (Նշան Սողմոնեան), որոնք այստեղ շարական երգեցին ամէն Կիրակի եւ ինծի շարական երգելու ձգտումը, փափաքը եւ մղումը տուին։ Ո՜վ հայրեր, որ այժմ հողի տակ էք, վեր ելլէք վայրկեան մը եւ դիտեցէք մեզ բոլորս. արժանի՞ ենք ձեզի. եթէ արժանի չենք, խնդրեցէք Աստուծմէ, որ մեզ արժանի ընէ այս գիւղին հոգեւոր եւ ազգային դարաւոր ժառանգութեանց։
Սիրելիներ, ամէն մարդ աշխարհի մէջ իր կեանքը տեղէ մը կը սկսի։ Բոլոր, այսպէս կոչուած աշխարհի մեծ դէմքերը, ղեկավարները, մէ՛կ անգամէն աթոռներու վրայ չե՛ն նստիր. մէ՛կ անգամէն պալատներու մէջ չե՛ն ապրիր. մէ՛կ անգամէն գաւազանի չե՛ն տիրանար. այլ կը սկսին տեղէ մը, ամէնէն խոնարհ կերպով, պարզ հոգիով, եւ կ'աճին, կ'աճին Աստուծոյ շնորհքին մէջ, կ'աճին իրենց ազգին մաքուր աւանդութեանց մէջ, կ'աճին հոգեկան, իմացական, բարոյական հասկացողութիւններուն կերպարանափոխող՝ մարդը մա՛րդ ընող եւ Աստուծոյ մօտեցնող ապրումներուն մէջէն եւ այնպէս կը հասնին հոն՝ ուր ազգը եւ Աստուած զիրենք կ'առաջնորդեն։
Ես այստեղ, ուր այժմ այս գաւազանն եմ գրկած, սիրելի փոքրիկներ, ձեր ճանին մատաղ, ես այստեղ մոմ կը բռնէի։ Այստեղ այսօր, աղօթքը կարդալէն առաջ, ես «Խոնարհեցոյ..., Ապրեցոյ» կը կարդայի, եւ հազար շնորհակալութիւն այն Տէր Մովսէսին, որ ասկէ պոկեց իմ ոտքերս եւ այստեղէն զիս հասցուց մինչեւ ամենածանր պատասխանատուութիւնը մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Փա՛ռք կու տամ Աստուծոյ, որ ես գիւղի՛ն մէջ ծնած եմ, գիւղի՛ն մէջ մեծցած եմ եւ գիւղացի կը մնա՛մ մինչեւ իմ կեանքիս վերջի՛ն վայրկեանը։ Եղած եմ օտար աշխարհի մէջ, եղած եմ աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ, եղած եմ պալատներու մէջ. նստած եմ ճաշի թագաւորներու հետ, պատրիարքներու հետ, պապերու հետ, եւ երբե՛ք օր մը չեմ մոռցած, որ այստեղէն գացած եմ եւ այստեղէն ես սկսած եմ մեծնալ եւ հոն հասնիլ։ Գիւղը, իմ հոգիիս մէջ ներկայութի՛ւն մը եղած է, եւ օրհնաբե՛ր ներկայութիւն, պատուաբեր ներկայութիւն։ Պատի՜ւ այս գիւղին, որուն զաւակ ըլլալը ինծի համար կը համարիմ իսկապէ՛ս շնորհք եւ մեծութիւն, որովհետեւ այս գիւղին մէջ ես մեծցայ այնպիսի ապրումներով, որոնք կը թրթռան իմ մէջս մինչեւ այսօր։ Ճիշդ է բարեկամներ, որ մարդիկ յաճախ կը կոչուին մեծ պատասխանատուութիւններու, ուրիշ աշխարհներու մէջ, ուրիշ երկիրներու մէջ, ուրիշ դիրքերու վրայ, բայց մարդիկ եթէ երբեք մոռնա՜ն, եթէ պահ մը այդ դաւաճանութի՛ւնը գործեն՝ մոռնալու իրենց ծագումը, իրենց արմատը, անոնք կը դադրին աւիշ ստանալէ այդ արմատներէն։ Այդ արմատը, որ Քէ՛սապն է իմ մէջ, մշտասնո՛ւնդ արմատ մըն է, չի չորացո՛ղ արմատ մըն է, պատի՛ւ այդ արմատին, որուն վրայ բուսած ծիլ մը եղայ, եւ եթէ այսօր թարմ մնացած եմ, այդ արմատին շնորհիւ է եղած այս ամբողջը։
Հետեւաբար ես այսօր, առաջնորդ սրբազանին՝ Բերիոյ Թեմին, պիտի ըսէի.
- Սրբազա՛ն, դուք զիս հրաւիրեցիք հովուապետական անդրանիկ այցելութեան։ Եկայ մինչեւ Հալէպ, եւ մինչեւ Լաթաքիա եկայ՝ այցելութեամբ։ Բայց այնտեղ դադրեցա՛յ այցելութենէն, եւ Քէսապ եկայ ուխտագնացութեան։ Ուխտ մը կատարելու, այն ուխտը, որ զիս կը կապէ հայրենի հողին, սուրբ հաւատքին. այս հողին վրայ ծաղկած եւ մեր հայ լեզուին ու հայ մշակոյթին, որոնց առաջին նախատարրերքը, սնունդը, այս գիւղին մէջ ստացայ, եւ ինչպէս ձիւնագնդակ մը, գլորուելով, թաւալելով կը մեծնայ, այդպէս ալ պատահեցաւ իմ կեանքիս մէջ։ Հետեւաբար, այսօր եկած եմ, ո՛չ այնպէս ինչպէս գացի Հալէպ, ո՛չ այնպէս ինչպէս գացի Դամասկոս, ո՛չ այնպէս ինչպէս գացի Լաթաքիա, կամ ո՛չ այնպէս ինչպէս կ'երթամ ուրիշ տեղ. այստեղ եկած եմ, այո՛, որպէս Հայրապետ, Կիլիկեան Աթոռի բոլոր Թեմերուն ներկայացուցիչներով. այս պատիւը, պատիւ է նաեւ ինծի։ Բայց, իմ այս Հայրապետական հանգամանքը -թոյլ տուէք ինծի ըսելու- այս Եկեղեցւոյ մէջ, ստուերի տակ կ'իյնայ, երբ գիւղացի Նշանը՝ Նուշիկը, իմ մէջս վերստին կեանք կ'առնէ, գիւղի զաւակն է, որ եկած է ձեզի հայրենակիցներ, գիւղացիի ձեր ձեռքերը՝ իմ տակաւին մի՛շտ գիւղացի մնացող ձեռքերով ձեռնելու։ Ձեր աչքերուն մէջ, իմ գիւղիս եւ այս հայրենիքին խորհրդանշած բոլոր արժէքներուն գիրքը՝ անգամ մը եւս ձեր աչքերուն մէջ կարդացի։
Հեւետեւաբար, կ'ուզեմ որ բոլորս ալ այս առիթով անդրադառնանք, որ մեր գիւղը, «Այն պատառ մը Հայաստա՛նն է», ինչպէս ըսած է բարեկամներէս մէկը Քէսապ այցելելէն ետք. Կիլիկեան դարաւոր աշխարհէն դեռ հայօրէն մնացող եւ բաբախո՛ղ, առո՛ղջ շնչող այն պատառը, որ աչքի բիբին պէս պահուած է։ Գիտեմ կեանքի պայմանները շատ փոխեցին։ Այն ատեն, երբ ես այստեղ Միացեալ Վարժարանի աշակերտ էի եւ այս եկեղեցւոյ մէջ դպիր էի, պայմանները տարբեր էին։ Եւ կեանքը կը փոխուի, պայմանները կը փոխուին, բայց մէկ բա՛ն տեսայ այս ուխտագնացութեանս ընթացքին, որ Սուրիական հայրենիքը եւ մեր Հա՛յ համայնքը՝ Սուրիական հայրենիքին մէջ, նո՛ր վերազարթօնք մը կ'ապրին։ Ժամանակին, որոշ չափով կարծես թէ ստուերի տակ եղաւ Սուրիահայութիւնը։ Բայց այսօր ինչ որ տեսայ, ինչ որ լսեցի, ինչ որ մտածեցի տեսածիս ու լսածիս մասին, յստա՛կ կերպով կը յայտարարեմ, որ իսկական վերածնո՛ւնդ մը կայ, վերազարթօ՛նք մը կայ, Սուրիոյ մէջ եւ Սուրիոյ Հայութեան մէջ։ Եւ երբ այդ բախատաւոր առիթը ունեցայ ասկէ մօտաւորապէս մէկ ամիս առաջ, այս երկրի հանրապետութեան Նախագահը՝ Նորին Վսեմութիւն Զօրավար Հաֆէզ Ալ Ասատը տեսնելու եւ անոր հետ խօսելու՝ յանուն Հա՛յ ժողովուրդին, եւ երբ իմացաւ որ ես Քէսապի զաւակ եմ, ըսաւ ինծի.
- Ո՞ւր որ եղար ուրիշ երկիրներու մէջ Կաթողիկոս Հայր, Քէսապէն աւելի լաւ տեղ կա՞յ։
Եւ ա՛յն համարումը, որ ինք արտայայտեց Հայութեան մասին՝ Սուրիոյ հայութեան, զիս լիովին քաջալերեց, որ այսպիսի պայծառամիտ նախագահ մը, երկրի մէջ իսկական խաղաղութիւն, ապահովութիւն բերած, եւ երկրի զարգացման այնքա՛ն թափ տուող անձի մը հովանիին ներքեւ, մենք հայերս ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ Սուրիոյ հայրենիքին մէջ, փաստենք թէ մենք վաւերականօրէն Հա՛յ ենք. այսինքն՝ պարկեշտ, ուղղամիտ, գործող, շինարար եւ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային հաւատարմութեան զգացումովը զօրաւոր։ Ա՛յս է հայութիւնը սիրելիներ։ Եթէ կրնաք, սիրելի գիւղացի իմ հարազատներս, այս վկայութիւնը այս ժամանակին, այս գիւղին մէջ ստանալ, վստահ եղէ՛ք, նախագահին սրտին մէջ տեղ կ'ունենաք եւ մեր հայութեան կեանքին մէջ կը բերէք գիւղի այդ անոյշ մեղեդին՝ սրինգը։ Քիչ մը ետ դառնամ բանաստեղծական աշխարհին։ Ես մարդկութեան պատմութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը կը նմանցնեմ համերգի մը, աւելի ճիշդ՝ համանուագի մը, սեմֆոնիի մը։ Ամէն ազգ եւ այդ ազգին մէջ թերեւս ամէն մէկ գաւառ, ամէն մէկ շրջան, իր նուագը կը բերէ եւ բոլորին նուագումովը համանուագ մը կը ստեղծուի։ Եթէ ուզեմ հայութեան մասնակցութիւնը՝ միջազգային, համաշխարհային համանուագին մէջ երեւակայել, ես այդ բաժինը կ'երեւակայեմ իբրեւ սրինգի բաժին՝ մեր գիւղի այն բարձունքէն եկող հովիւի սրինգի ձայնին, մելանոյշ, հոգեթով եւ ոգելից։ Իսկ հայութեա՛ն մշակոյթին մէջ, մեր գիւղի բաժինը, ես կ'ուզեմ որ ըլլայ, հողէն առնուած արժէքներու շեփորումը, հողէն զրկուած եւ քաղաքներո՛ւ մէջ, քաղաքներու փոշիէն ու կեղտէն վիրաւո՛ր մեր զանգուածներուն համար։ Երբե՛ք, կ'ըսեմ ձեզի, երբե՛ք նուաստութիւն մի՛ զգաք, որ դուք՝ այսպէս կոչուած, մեր ոստաններէն հեռու էք, մէկ անկիւնն էք բնութեան՝ Քէսապի լեռներուն մէջ։ Ո՛չ. ո՞վ ըսաւ, ո՞վ ըսաւ որ այդ մեծ ոստաններուն մէջն է իրական կեանքը կամ իրական արժէքը։ Եւ եթէ երբեք օր մը գիտնական մը վիճակագրական ուսումնասիրութիւն մը ընէ, ես գոնէ կը հաւատամ, որ ի յայտ պիտի գայ, որ աշխարհի ամէնէն կարեւոր ղեկավար դէմքերը, քաղաքներէն չե՛ն եկած, այլ՝ գիւղական շրջաններէ եկած են, ուր մարդու հոգին բնութեան հետ առանձնութեամբ, հաղորդութեամբ աստուածաստեղծ բնութեան հետ, կարծէք թէ աւելի պայծառ կ'ըլլայ, աւելի ինքզի՛նք կ'ըլլայ, աստուածային պատկերը մարդուն մէջ աւելի գեղեցիկ կ'ըլլայ։ Հետեւաբար, երբեք, երբե՛ք ձեր հողը մի՛ լքէք. եւ այս ամբողջական համագիւղացիութիւնը ապրեցէք նախանձախնդրութեամբ. մասնակի, տեղական պզտիկ վէճերէն եւ պզտիկ հաշիւներէն վեր մնալ գիտնանք։ Ես ալ գիտեմ, մեր պարտէզը պահպանելու համար, քար նետած եմ դրացիին տղուն վրան. մեր Տիւզաղաճի բարտին ջրելու համար, ուրիշին արուակը կտրած եմ. ասոնք մանր-մունր հեքիաթի խաղեր են. բայց ըլլա՛նք Քէսապցի, ըսել կ'ուզեմ՝ այս մայրաքաղաք Քեսապը, կամ Գալատուրանէն, կամ Տիւզաղաճէն, կամ Սեւ Աղբիւրէն, կամ Էքիզօլուղէն, կամ Պաղճաղազէն, կամ Գորգունայէն, կամ Չաքալճուղէն, կամ՝ գիտէք Սամասը ունէինք, Խայըթը կար, Պլէնկօյը կար, այս բոլորէն՝ ուրկէ ալ ըլլանք մենք. իսկ Գալատուրանի տասնչորս գիւղերն ալ յիշեմ դեռ տակաւին, կարծեմ դուք մոռցած էք, սակայն ես դեռ չեմ մոռցած։ Կ'ուզեմ ըսել ձեզի, որ համագիւղացիութիւնը իբրեւ մէ՛կ Քէսապցի ապրինք, մանր-մունր բաներէն վեր մնանք եւ ատով յարգանք կը շահինք ե՛ւ հայութեան մօտ ե՛ւ Սուրիոյ պետութեան կողմէ եւ նաեւ կը հաւատամ՝ Աստուծոյ մօտ։
Իմ սրտագին շնորհակալութիւնները կը յայտնեմ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, առա՛նց դաւանանքի, առա՛նց գաղափարի, առա՛նց դասակարգի, առա՛նց գիւղի խտրութեան։ Բոլորս մէկ ենք, մնա՛նք մէկ, միասի՛ն աղօթենք, միասի՛ն աշխատինք, միասի՛ն երգենք, միասին կարդանք, միասին ստեղծագործենք եւ այդ միասնութեան մէջ զգանք մեր ոյժը։
Կը փակեմ իմ խօսքս այսօր, յոյս ունիմ վաղը կ'երթամ դպրոց: Տակաւին չեմ գիտեր, արդեօք այդ կարելիութիւնը տրուած է ինծի համար թէ ոչ, բայց ես շատ պիտի փափաքէի դպրոց երթալ, այն դպրոցը ուր յաճախած եմ եւ այնտեղ աշակերտներուն հետ խօսիլ իրենց ծնողներուն բացակայութեան։ Համաձա՞յն էք աշակերտներ։ Շատ լա՛ւ։ Որովհետեւ անոնց ալ ըսելիքներ ունիմ յատուկ կերպով։
Բայց այստեղ խօսքս կը փակեմ հիմա, մէկ մտածումով. Երբ հողին կեանքը մեռնի եւ մարդ անհատը հողէն կտրուի, մարդը իր անկումի ճամբան կը բռնէ:
Մի՛ թողուք այս հողին մէջէն Աստուծոյ տուած ոյժը «Իմ լեռնե՜ր, լեռներ, լեռնե՜ր հայրենի», եւ բոյրը Մայր Հողին, որ իմ երակներուս մէջ է, եւ որ ոյժ տուաւ ինծի։ Կապուեցէ՛ք այս հողին, եւ վստահ եղէք, որ Աստուած հողին մէջ գանձեր դրած է, անտէր ու անտիրական։ Խառնեցէ՛ք ձեր ձեռքը հողին ու տեսէք ինչ կեանք կու տայ՝ ո՛չ միայն խնձոր, այլ ուրիշ տեսակ հազար ու մէկ բարիքներ։ Կ'իմանամ, որ մոռցած էք խաղողը եւ մասարան։ Ասիկա դիւրին բան չէ, վերստին խաղողին ոյժ տուէք, խաղողը աստուածային պտուղ է։ Եւ եթէ դուք այստեղ մասարային վերջ տաք, մենք գոնէ Պիքֆայայի մէջ, սկսած ենք արդէն՝ մեր սիրելի Արտաւազդ Սրբազան եղբօր հետ, մասարայի շարք մը կազմակերպել։ Ըսել կ'ուզեմ, եթէ դուք թողուք՝ մե՛նք պիտի շարունակենք։ Բայց մի՛ թողուք մեր գիւղի աւանդութիւնները մեռնին։ Հիմա կ'իմանամ, որ ուրիշ շատ մը գործողութիւնները կամաց-կամաց քաղաքացիներուն նման կ'ընէք. գործածեցէք թրաքդօրները խնդիր չէ, բուտէտօն միայն չըլլար ամէն բան, բայց մեր հո՛ղը արժէք է, հողին անմշակութիւնը մեզի համար ամօ՛թ համարեցէք, մի՛ թողուք կտոր մը հող անմշակ, որովհետեւ այս հողին մէջէն կրնաք դուրս բերել՝ իրակա՛ն կեանք եւ հողին հետ հաղորդութենէն՝ առողջութիւն, որ հոգեւոր եւ մարդկային ձիրքեր կու տայ ձեզի։ Ես այդ փորձառութիւնը ունեցած եմ, եւ մեր սրբազաններուն յաճախ կ'ըսեմ -բոլոր ո՛չ Քէսապցի սրբազաններուն- կ'ըսեմ. երբ շատ կը յոգնիմ գործունէութեանս մէջ, ինծի կ'ըսեն՝ «Շատ կը յոգնիք Վեհափառ». մի՛ վախնաք –կ'ըսեմ-, Քէսապէն խմած ջուրս, զով օդը եւ հողին ոյժը զիս առողջ պիտի պահեն։ Եւ տասնեօթը տարիներ, որ չէի կրցած գալ Քէսապ, այդ ոյժը, որ Քէսապէն առած էի, զիս ապրեցուց։ Չէ՛ք զգար դուք, որովհետեւ ամէն օր մէջն էք։ Ես այսօր այս լեռներուն հովը եթէ առնեմ, ամբողջ հովապետական այցելութեանս յոգնութիւնը կ'երթայ եւ իբրեւ նորոգուա՛ծ մարդ, կը վերադառնամ Սուրբ Աթոռ՝ Անթիլիաս, եւ այնտեղ կ'աղօթեմ ձեզի համար, կը մտածեմ ձեր մասին եւ ինչ որ իմ ձեռքէս կու գայ, ամբողջ պատասխանատուութեան ծիրին մէջ, բնականօրէն, երբե՛ք չեմ զլանար կատարելու իմ հայրենի գիւղիս նկատմամբ։
Շնորհք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամէնեսեանդ. Ամէն։
Ծանօթ. Քէսապցիներ, որ առիթ ունենաք կարդալու այս գրութիւնը մինչեւ վերջ, եթէ Ձեր մէջ ըլլայ մէկը, որ գիտէ յստակ թուականը Երջանկայիշատակ Գարեգին Կաթողիկոսին Քէսապ կատարած անդրանիկ այցելութեան, խնդրեմ այս ե-նամակին գրեցէք hagop1424@gmail.com: