Ռուսիոյ Դաշնութեան Վոլկոկրատի օդակայանէն ժամանումներն ու մեկնումները սահմանափակուած են անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) գրոհէն յետոյ: «Ինթերֆաքս» գործակալութեան հաղորդմամբ, այդ մասին յայտնած են օդակայանի մամուլի ծառայութենէն:
«Օդային տարածութեան օգտագործման սահմանափակումներու պատճառով, որոնք մտցուած են տարածաշրջանին մէջ, Վոլկոկրատի օդակայանը ժամանակաւորապէս չ'ընդունիր կամ չ'ուղարկեր օդանաւներ»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։
Աւելի ուշ օդակայանը վերսկսած է աշխատանքը։